20-24 Փետրուարին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ ատենապետութեամբ Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողովը:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքէն յետոյ ժողովը վարելու հրաւիրուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը:
Հայաստանի ու Արցախի շուրջ ընթացող զարգացումներուն, երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, անոնց ուղղուած ընկերային աջակցութեան եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ իրականացուած նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկան Մայր Աթոռի Ընկերային Ծառայութեան վարչական խորհուրդի ատենապետ Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը, Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանը, Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն տիար Արման Թաթոյեանը։
Քննարկման ընթացքին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դատապարտելի նկատեց զինադադարի պայմաններու մէջ Ատրպէյճանի անթաքոյց ծաւալապաշտական նկրտումները, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն նկատմամբ շարունակուող ատրպէյճանական զինուած ուժերու ոտնձգութիւնները եւ թշնամանքի ու հայատեացութեան քարոզչութիւնը։ Հայրենիքին առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներու յաղթահարման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կենսական եւ կարեւոր համարեց համազգային միաբանութիւնը, ազգային կառոյցներու ներուժի արդիւնաւէտ կեդրոնացումը, Հայաստան եւ Սփիւռք յարաբերութիւններու առողջացումն ու գործակցութեան պատշաճ կազմակերպումը։ Ժողովականները նաեւ աղօթք բարձրացուցին օրեր առաջ Սիւնիքի Ներքին Հանդ գիւղի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ ատրպէյճանական յարձակման պատճառով զոհուած զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան եւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար։
Անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրուած Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան թիրախաւորման ու իւրացման քաղաքականութեան, պատմամշակութային արժէքներու, պատմական սրբատեղիներու եւ շիրիմներու պղծման ու ոչնչացման դէպքերուն։ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կարեւորեց Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի հետեւողական ջանքերը միջազգային հանրութիւնը իրազեկելու Արցախի յուշարձաններուն սպառնացող վտանգներու մասին։
Տեղեկացուեցաւ նաեւ, որ իրականացուող ընկերային ծրագրերու շրջանակներուն մէջ անցնող ամիսներուն Եկեղեցին կեցութեան պայմաններով ապահոված եւ նիւթական աջակցութիւն տրամադրած է բռնի տեղահանուած բազում արցախահայերու, մասնաւորաբար ուշադրութեան կեդրոնին եղած են զոհուածներու եւ չորս ու աւելի անչափահաս երեխաներ ունեցող ընտանիքները: Ընդգծուեցաւ ընկերային ծրագրերու շարունակականութիւնը ապահովելու համար նոր միջոցներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։
Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն եւ հանրակրթութեան ոլորտին մէջ իրականացուող փոփոխութիւններու մասին զեկոյցներ ներկայացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը եւ ՔԴԿ տնօրէն Տ. Զաքարիա ծայրագոյն վարդապետ Բաղումեանը։
Արձանագրուեցաւ, որ Եկեղեցի-պետութիւն ոչ-բնականոն յարաբերութիւններու պատճառով լուծման կարօտ մնացած են ազգային-հոգեւոր նշանակութեան շարք մը առանցքային հիմնախնդիրներ՝ առնչուած օրէնսդրական, կրթական, մշակութային, սրբավայրերու պահպանութեան կարեւորագոյն ոլորտներուն։
Ժողովականները մտահոգութիւն արտայայտեցին, որ հանրակրթութեան ոլորտին մէջ իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան հետեւանքով հարուածի տակ յայտնուած են հայագիտական առարկաները, մասնաւորաբար կոպտագոյն սխալներով, բացթողումներով եւ կամայական մօտեցումներով աղճատուած եւ ձեւախեղուած է Հայոց պատմութեան բովանդակութիւնը։ Վերահաստատելով իր դիրքորոշումը ԳՀԽ եզրահանգեց, որ օրինական բոլոր ճանապարհներով պէտք է հանրակրթութիւնը զերծ պահել ինչպէս հակագիտական, այնպէս ալ հակազգային հոսանքներու եւ գաղափարներու ազդեցութենէն:
Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու վերաբերեալ ՀՀ իշխանութիւններու մտադրութեան։ Ընդգծելով, որ ՀՀ Սահմանադրութեան հիմքն կը կազմեն ազգային-հոգեւոր կեանքի խորհրդանիշերը, մեր ժողովրդի նուիրական անցեալի յիշատակներն ու իրադարձութիւնները եւ ազգային մեր իղձերն ու ձգտումները՝ ժողովականները անթոյլատրելի համարեցին այդ արժէքներու որեւէ նսեմացում կամ անտեսում հանրային քննարկումներու, առաւել եւս նոր Սահմանադրութեան ընդունման լոյսին տակ։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը խիստ տարակուսելի համարեց նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու նախաձեռնութիւնը յատկապէս, երբ հանրային ստուար շրջանակներու մէջ այն կ՛ընկալուի նաեւ որպէս հետեւանք արտաքին հարկադրանքի։ Արձանագրուեցաւ, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունման վերաբերեալ Հայաստանի բարձրաստիճան տարբեր պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին խօսոյթը միայն կը խորացնէ առկայ կասկածները։
Քննութեան առնելով «Ընտանիքին մէջ բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքին մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքին մէջ համերաշխութեան վերականգնման մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւնները ԳՀԽ խիստ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ օրէնքին մէջ առաջարկուող յաւելումները պէտք չէ հակասեն մեր ժողովուրդի՝ ընտանիքի նուիրական պատկերացումներուն ու քրիստոնէական ընկալումներուն եւ պէտք չէ տեղիք տան մերժելի տարընկալումներու։
Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան ընթացքի եւ վերաօծման, ինչպէս նաեւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւններու կազմակերպական աշխատանքներու վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկան Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը եւ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը:
Ժողովականները նաեւ այցելեցին Մայր Տաճար եւ ծանօթացան հիմնանորոգութեան ընթացքին։ Ողջունելով կատարուած աշխատանքները՝ ԳՀԽ անդամները արձանագրեցին, որ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան աշխատանքները աւարտական փուլին են։ Որոշուեցաւ Մայր Տաճարի վերաօծման եւ Միւռոնօրհնությեան արարողութիւնները կազմակերպել սոյն թուականի 28-29 Սեպտեմբերին՝ Ս. Գէորգ զօրավարի եւ Վարագայ Ս. Խաչի տօներուն։ ԳՀԽ թելադրեց Մայր Տաճարի վերաօծման, Միւռոնօրհնութեան եւ յարակից միջոցառումներու համակարգող յանձնախումբին իրականացնել Տաճարի վերաօծման ու Միւռոնօրհնութեան արարողութիւններու կազմակերպչական աշխատանքները։
Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2023 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը, ֆինանսական տարեկան հաշուետուութիւնը եւ Վերստուգիչ յանձնախումբին զեկոյցը։ Ներկայացուեցան նախորդ տարի Հայաստանի եւ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ իրականացուած հոգեւոր-քարոզչական, մշակութային, կրթական եւ սոցիալական բնոյթի ծրագրերը։
Քննարկման առարկայ դարձան նաեւ Նուիրապետական Աթոռներու, թեմերու գործունէութեան, եկեղեցավարչական, կանոնական, իրաւական, կրթադաստիարակչական ոլորտներուն առնչուող տարաբնոյթ այլ հարցեր։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը աւարտեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով: