Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՋՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

February 26, 2024
in Գաղութային
0
ՄԻՋՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

 

Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումը փոխանցեց իրեն այցելած միջքրիստոնէական գործակցութիւն ստեղծելու կոչուած համախմբումին: Այս վերջինը եկած էր ունենալու Նորին Սրբութեան տեսակէտը քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ զանազան մարզերէն ներս միացեալ աշխատանքի նախաձեռնելու հարցով: Հիւրերը նախ ներկայացուցին ցարդ կատարած իրենց աշխատանքին արդիւնքը՝ կրթական, ընկերային, երիտասարդական, երկրագործական ու տեղեկատուական մարզերէն ներս:

Լսելէ ետք ներկաներուն կատարուած աշխատանքը եւ իմանալէ ետք անոնց մօտեցումները, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հրամայական անհրաժեշտութիւնը ներքին գործակցութեան ճամբով քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու: Ան ըսաւ, որ միութիւնը տեսութիւն չէ, այլ կեանքի իրականութիւն է, որ ինքզինք պէտք է արտայայտէ գործնական միջոցներով: Ընդհանուր գիծերով անդրադառնալէ ետք եկեղեցւոյ միութեան եւ այս ուղղութեամբ կատարուած նախաձեռնութիւններուն, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական միութիւնը գործնապէս թարգմանելու կարեւորութիւնը եւ կարելիութիւնը: Հայրապետը այս ուղղութեամբ կարգ մը շօշափելի պարագաներ պարզեց՝ յիշելով յատկապէս երիտասարդական բնագաւառէն ներս միջքրիստոնէական գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով ան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն եւ յայտնեց, որ մեր եկեղեցին ու եկեղեցւոյ առնչուած կառոյցները պատրաստ են միջքրիստոնէական գործակցութեան, որ պէտք է դառնայ հիմքը քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան:

Share61Tweet38
Previous Post

ԲՈՂՈՔ ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ԴԷՄ

Next Post

ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

Next Post
ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.