Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲՈՂՈՔ ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ԴԷՄ

February 26, 2024
in Միջազգային
0
ԲՈՂՈՔ ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ԴԷՄ

Մինչ մարտերը կը շարունակուին Կազայի հիւսիսային հատուածին մէջ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ զինուոր մը մահացած է այդ շրջանին մէջ տեղի ունեցած խուզարկումներուն ընթացքին: Համաս իր կարգին շեշտեց, որ դէմ դրած է Կազայի հիւսիսը գործողութիւններ իրականացնող իսրայէլեան ուժերուն եւ հրթիռային միջոցներով կործանած է անոնց մեքենաները՝ պատճառելով կորուստներ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց, որ տակաւին յստակ չէ Համասի հետ գերիներու փոխանակումի համաձայնութիւն մը կնքելու հնարաւորութիւնը: Նախապէս, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշած էին, որ ապահովական սեղմ կառավարութիւնը կը քննարկէ զինադադարի առաջարկները, որոնք բխած էին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ժողովներէն:

Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Պարաք Նեթանիահուն ամբաստանեց Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներուն կեանքը վտանգելու մէջ՝ ուժեղ ձեւանալու եւ իշխանութիւնը պահելու նպատակով: Պարաք իսրայէլացիներուն կոչ ուղղեց կազմակերպելու հակակառավարական հաւաքներ եւ պաշարելու Քնէյսէթը՝ բողոքելու կառավարութեան քաղաքականութիւններուն դէմ: «Մենք կարիք ունինք 300 հազար ցուցարարի, որպէսզի երեք շաբաթ պաշարենք Քնէյսէթը եւ կառավարութիւնը իմանայ, թէ չի վայելեր ժողովուրդին վստահութիւնը», ըսաւ Պարաք: Նշենք, որ ոստիկանութիւնը շաբաթ օր ձերբակալեց Թել Աւիւի կեդրոնական շրջանին մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպող 18 հոգի, որոնք կը պահանջէին Համասի հետ կնքել գերիներու փոխանակումի համաձայնութիւն մը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Next Post

ՄԻՋՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Next Post
ՄԻՋՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

ՄԻՋՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.