Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՎՐԱՅ ՃՆՇԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿՈՉ

February 26, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՎՐԱՅ ՃՆՇԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿՈՉ

Լիբանանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ողջունեց իսրայէլեան ապօրինի բնակավայրերու կառուցումը քննադատող ամերիկեան Արտաքին գործերու նախարարութեան յայտարարութիւնը: Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց յաւելեալ ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ եւ վճռորոշ քայլերու ձեռնարկել՝ հասնելու համար արդար եւ տեւական խաղաղութեան, հիմնուելով միջազգային օրինականութեան եւ ՊԷյրութի 2002 թուականի Արաբական գագաթաժողովի նախաձեռնութեան վրայ, որուն նպատակն է ունենալ պաղեստինեան անկախ պետութիւն մը՝ արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով: «Միայն արդար լուծումը կրնայ վերականգնել Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնը, վերջ տալով պատերազմներուն եւ 76 տարի շարունակուող լարուածութեան», յայտարարեց Լիբանանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը:

Յոյն ուղղափառներու ՊԷյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտի եպիսկոպոսը դիտել տուաւ, որ եթէ իշխանութեւան դիրքին վրայ գտնուողները աշխատին յանուն Լիբանանին, ապա պետութիւնն ու երկիրը պիտի չմատնուէին ներկայի քայքայուած վիճակին: «Թող տեղի ունեցածը դաս ըլլայ իւրաքանչիւր պատասխանատուի՝ համեստ ըլլալու եւ ժողովուրդին բարօրութիւնը ապահովելու, որովհետեւ անոնք են իշխանութեան տէրը», ըսաւ Աուտի:

Իսկ մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալը իր կիրակնօրեայ քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ նոր նախագահի ընտրութեան ձգձգումը առաջնորդած է քաոսի, պատասխանատուներուն հնարաւորութիւն տալով պահպանել իշխանութիւնը եւ տապալել ընդունուած բոլոր կարգերը՝ վտանգելով ազգային համագոյակցութեան հիմքերը: «Լիբանան վտանգուած է եւ առաստաղը պիտի փլուզուի բոլորին գլխուն», ահազանգեց Ռահի:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԳԻՏԱԿԱՆ

Next Post

ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Next Post
ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.