ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱԶԳԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՀԱՅՐ՝
ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆ (1820-1907) – Դ.ՄԱՍ
Մկրտիչ Խրիմեան կը համարուի ԺԹ. դարու հայ իրականութեան ամենապայծառ դէմքերէն մէկը: Ժողովուրդին ուղղութիւն տուող հայրիկն էր ան: Հայ ժողովուրդը այնքան սիրեց եւ յարգեց զինք, որ իրեն տուաւ Հայրիկ տիտղոսը: Տիտղոս մը, որ քիչ մարդոց տրուած է մեր երախտագէտ ժողովուրդին կողմէ: Ան որպէս Վանի առաջնորդ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս, հասարակական-քաղաքական եւ հոգեւոր-մշակութային գործիչ, մտաւորական ու գրող մեծ դեր ունեցաւ Հայ ժողովուրդի զարթօնքին մէջ:
Ծնած է Վանի մէջ եւ ուսումը ստացած է Վանայ լիճին վրայ գտնուող Լիմ եւ Կտուց կղզիներու վանքերուն մէջ:
Խրիմեան տարած է եռանդուն գործունէութիւն հայ գիւղացիին ծանր վիճակը թեթեւցնելու, թուրք եւ քիւրտ աղաներու, պետական պաշտօնեաներու հարստահարութիւնները սահմանափակելու ուղղութեամբ։ Ժողովուրդը Մկրտիչ Խրիմեանը մեծարած է «Հայրիկ» պատուանունով։ Ժողովրդանուէր գործունէութեան համար թրքական կառավարութիւնը զինք համարած է քաղաքականապէս անբարեյոյս հոգեւորական եւ փակած է դպրոցն ու տպարանը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Մկրտիչ Խրիմեանը Համագումար ժողովին անունով բողոքագիր կը ներկայացնէ Բարձր Դռան։ 1890 թուականի Կ. Պոլսոյ Գում Գափուի ցոյցէն ետք թրքական կառավարութիւնը զայն կ’աքսորէ Երուսաղէմ։
1892-ի Մայիսին կ’ընտրուի Ամենայն հայոց կաթողիկոս, սակայն սուլթանը չի համաձայնիր զինք թրքահպատակութենէն ազատ կացուցանել, եւ միայն 13 ամիս ետք Ռուսիոյ ցարին միջնորդութեամբ անոր կը թոյլատրուի գալ Էջմիածին։
26 Սեպտեմբեր 1893-ին օծուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս։ Հայկական հարցը ռուսական արքունիքին մէջ ներկայացնելու նպատակով Մկրտիչ Ա. Վանեցին 1895 թուականին կը մեկնի Սան Փեթերպուրկ։ Կը բողոքէ 1894-1896 թուականներու համիտեան ջարդերուն դէմ, ցարական արքունիքին յղած տարբեր խնդրագրերով կ’ապահովէ հանգանակութիւններու իրականացումը ռուսական կայսրութեան հայաբնակ տարածքներու մէջ։
Ան մեծ ջանք կը թափէ կոտորածներէն մազապուրծ գաղթականութեան ֆիզիքական գոյութիւնը ապահովելու եւ դարձեալ երկիր վերադարձնելու համար։ Եռանդուն պայքար մղած է հայ եկեղեցապատկան կալուածները բռնագրաւելու մասին ցարական կառավարութեան 12 Յունիս 1903 թուականի օրէնքի գործադրութեան դէմ, հրամայած է հոգեւոր թեմակալ առաջնորդներուն՝ չենթարկուիլ այդ որոշումին եւ խոչընդոտել անոր գործադրութիւնը:
Մկրտիչ Ա. Վանեցին ի պաշտօնէ կը կազմակերպէ հայ հոգեւորականութեան դաստիարակութիւնը, կրթուած հոգեւորականներու նոր սերունդ ստեղծելու համար։ Իր օրով Էջմիածինի մէջ կը կառուցուի նոր հիւրանոց, Սինոդի նոր շէնք, թանգարան, նոր մատենադարան։ Կը նորոգէ եւ կը զարդարէ Սուրբ Հռիփսիմէ եւ Գայիանէ եկեղեցիները։
Հայ ժողովուրդը միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ իր պայծառամիտ ու գործնական ազգային գործիչ Հայրիկը: Ան է որ պաշտպանեց հայ գիւղացին օտարի կեղեքումէն, պէտք եղած ատեն ձայն բարձրացուց խուլ մարդոց ականջին մէջ լսելի դառնալու համար: Փորձեց հայ գիւղացին պահել հողին վրայ: Պերլինի ժողովէն ետք ինքն է որ հայ մարդը մղեց արթննալու եւ իր արդար իրաւունքը պահանջելու զէնքի դիմելով:
ԱՍՏՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ՓՈՔՐ ԼՈՒՍԻՆՆԵՐ
2006 թուականին, ԱՄՆ-ի «ՆԱՍԱ» կազմակերպութեան խումբ մը աստղագէտներ տիեզերքին մէջ լողացող արբանեակներուն մէջ նկատեցին «փոքր լուսին» մը: Այս փոքր երկնային մարմինները տարբեր ժամանակներու ընթացքին միջակ չափի մարմիններ են, որոնք բռնուած են Երկիր մոլորակի ձգողական դաշտին մէջ: Ժամանակի ընթացքին, թաւալումի պատճառով առած են գունդի ձեւ:
Առաջին փոքր լուսինը «RH120» կը կոչուի գիտնականներուն կողմէ: Դժբախտաբար այս մարմինները փոքր ըլլալով շուտ կը բռնուին ուրիշ, աւելի մեծ մոլորակներու ձգողական դաշտին մէջ ու կը հեռանան Երկիր մոլորակէն: Գիտնականներ այս լուսիններով հետաքրքրուած են, որովհետեւ կը մտածեն զանոնք օգտագործել ապագային տիեզերակայաններ հաստատելու համար անոնց վրայ, որպէս առաջին քայլ Երկիր մոլորակէն դուրս: Տիեզերքի պեղումը այս քայլով պիտի սկսին:
Աղբիւր՝ https://www.livescience.com
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԻՍԼԱՄԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ – Է.ՄԱՍ
Այս թիւով պիտի շարունակենք սերտողութիւնը ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Ան-Քլեմանթին Լարոքի երկին, որուն մէջ մասնագէտը կը ներկայացնէ իսլամը որպէս կրօնք եւ քաղաքական իշխանութեան հասնելու ձեւ: Պիտի սերտենք նաեւ թէ ինչպէ՞ս կարգ մը երկիրներ իսլամը կը շահագործեն որպէս քաղաքացիական պատերազմի զէնք ու իշխանութեան հասնելու ձեւ:
Առաջին իսլամական դպրոցը հիմնուեցաւ խալիֆա Ալ Մամունի իշխանութեան օրերուն՝ իսլամական օրէնքի մասնագէտ Ահմատ Իպն Հանպալի (780-855) կողմէ: Այս դպրոցի հետեւորդները կոչուեցան «Ալ Հանպալիա»:
Այս դպրոցը դէմ դրաւ աւելի ազատական դրպրոցի մը՝ «մուհթազիլա»ի: «Հանպալի» դպրոցը շատ խիստ էր ու քանի մը առիթներով Իպն Հանպալ խալիֆային կողմէ ձերբակալուեցաւ ու պատիժի ենթարկուեցաւ իր կարծր կեցուածքներուն համար:
Ուրեմն «Ալ Հանպալիա» եւ «Ալ Մուհթազիլա» առաջին երկու կրօնական դպրոցներն են սիւննի իսլամին:
Շիի ուղղութիւնը բաժնուեցաւ սիւննի իսլամէն Է. դարուն Օմայեատ իշխանութեան շրջանին: Շիիները ընդունուեցան որպէս աղանդ մը առանց օրինականութեան: Ըլլալով փոքրամասնութիւն մը Իսլամի մէջ, շիիները պահեցին իրենց միասնականութիւնը: Հակառակը՝ սիւննիներն են որ ապագային ունեցան շատ մը բաժանումներ: «Նահատակ» ի գաղափարը միացուց զանոնք: Երկրորդ գօրծօնը որ միազուց շիիները, իրենց կրօնականներու ունեցած կիսանկախ վիճակն էր, որ անոնց խօսք կու տար կարգ մը ընկերային հարցերու մէջ: Հակառակը՝ սիւննիները ըլլալով պետութեան հետեւողներ, չէին կրնար դուրս ելլել Խալիֆի ցուցմունքէն:
(Շարունակելի)
«Geopolitique Des Islamismes», Anne-Clementine Larroque, Point Delta 2014
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
ՄԵՐ ՅԱՋՈՐԴ ՔԱՅԼԸ – ՔՆՆԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ – Բ.ՄԱՍ
Այս բաժինին մէջ պիտի շարունակենք քննական ակնարկ մը նետել մեր գոյութեան ու ընելիքին վրայ որպէս հին ժողովուրդի մը զաւակներ: Ո՞ւր ենք այսօր եւ ո՞ւր կ’երթանք: Ճիշդ ձեւով քննութիւն կատարելու համար առաջին քայլը պաղարիւն առանց կողմնակալութեան աշխատիլն է: Միակ ձեւը գիտական-վերլուծական աշխատանք կատարելն է: Տուփէն դուրս մտածելն է որ պիտի առաջնորդէ մեզ գտնելու ամենայարմար լուծումը մեր հարցերուն, որպէս տարագրուած, սակայն հզօր կամք ունեցող ժողովուրդի մը զաւակներ: Անցած է ժամանակը ըլլալու խեղճ ու հացի կարօտ, ըլլալու խնդրարկու օտար դեսպանատուներու առջեւ:
Առաջին սերտողութիւնը պիտի սկսինք քննելով թուրքին գործածած լծակները շրջանին մէջ, հզօր ներկայութիւն ըլլալու համար: Առաջին կէտը Իսլամի օգտագործումն է որպէս քօղ ինքզինք սիրցնելու համար շրջանին մէջ: Իսլամական թեքում ունեցող արաբական երկիրներ, որոնց մօտ Իսլամը աւելի կարեւոր է արաբական ազգայնականութենէն, կը նկատուին Թուրքիոյ մօտիկ: Ուրեմն, մեր գործը պէտք է ըլլայ քաջալերել բոլոր այն արաբ ազգայնական լրագրողները, գրողները, որոնք շատ լաւ գիտեն թուրքին էութիւնը ու ներկայիս անոնցմէ շատեր կը քօղազերծեն թուրքին երկդիմի դէմքը: Ան մէկ կողմէ կը պոռայ, թէ Իսրայէլի կատարածը անընդունելի է, իսկ միւս կողմէ թարմ բանաջարեղէն ու զէնք կը հասնցէ եբրայական պետութեան:
(Շարունակելի)
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ – Է. ՄԱՍ
Այս շարքով պիտի շարունակենք ներկայացնել Լիբանանի մէջ հայերու գոյութեան մասին: Շատ հին ժամանակներէ հայ ժողովուրդի զաւակներ կայք հաստատած են Միջերկրական ծովու արեւելեան ծովափի շրջանին, Անտիոքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ:
Ակնարկ մըն ալ նետենք Մեմլուքներու օրով Կիլիկիոյ Հարստութեան կործանումին, որ պատճառ դարձաւ բազմաթիւ հայերու Սուրիա եւ Լիբանան հաստատուելուն:
Երբ նորադարձ քրիստոնեաներէ կազմուած Մեմլուք զօրքեր, որոնք Էյուպեան Եգիպտոսի անձնական բանակը կը ներկայացնէին, տեսակ մը Ենիչերիք, գրաւեցին Եգիպտոսի գահը 1250 թուականին, մտան Սուրիա, եւ վերջ տալով՝ նախ Դամասկոսի (1250) եւ ապա Հալէպի (1260) սուլթանութեանց, Կիլիկիոյ սահմանները հասան, եւ երբ լսեցին որ Հուլաղու՝ հայոց թաթար դաշնակիցը մեռած է, առաջին անգամ մտան Կիլիկիա 1265 թուականին եւ մինչեւ Սիս մայրաքաղաքը յառաջացան: Կոստանդինի որդին Լեւոն գերի ինկաւ եգիպտացիներուն, որոնք զանազան տեղեր ասպատակներ սփռելով բազմաթիւ գերիներ հաւաքեցին – հայ պատմագիրներ 40 հազարի կը հանեն անոնց թիւը – եւ մեկնեցան երկրէն:
(Շարունակելի)
Աղբիւր՝ «Հայերը Լիբանանի Մէջ», Ս. Վարժապետեան, 1951
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
ՇԱՔԱՐԱԽՏԻ ՅԱՐՄԱՐ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆ
«Nutrition» պարբերաթերթին մէջ տոքթոր Տեպորա Լի կը թուէ ցանկը այն բանջարեղէններուն, որոնք յարմար են շաքարախտէ տառապող մարդոց համար: Շաքարախտաւորներու համար յարմար եւ ցած շաքարի պահեստ ունեցող բանջարեղէնները: Բանջարեղէններ որոնք կ’աճին հողին վրայ՝ ընդհանրապէս ցած շաքարի պահեստ կ’ունենան: Իսկ հողին տակը աճող բանջարեղէնները բարձր շաքարի պահեստ կ’ունենան:
Այդ ցանկը կ’ընդգրկէ. կանաչ տերեւով բանջարեղէններ, կաղամբ, պրոքոլի, Պրիւքսէլի կաղամբ, սպանախ, ասփարակիւս, լուբիա, սմբուկ, պղպեղ, սունկ, սիսեռ, ոսպ, լոլիկ, վարունգ եւ սոխ:
Աղբիւր՝ https://www.livescience.com
ՄՇԱԿՈՅԹ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԸ – Է. ՄԱՍ
Հայկական պարին սկիզբը կ’երթայ մինչեւ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, երբ պատմական Հայաստանի կրօնքն էր հեթանոսութիւնը եւ հանդիսացած է հայ ժողովուրդի բնաւորութիւնը նկարագրող գեղագիտական վառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը։ Պարին միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդին մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքին հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը։
Հայկական պարը կրնանք դասաւորել ըստ կատարումի ձեւի, ձեռքերը բռնելու ձեւի եւ բովանդակութեան:
Կարինէ Հայրապետեան գեղեցիկ ձեւով կը բացատրէ հայկական պարին ծիսական էութիւնը: Արեւապաշտ մեր նախնիներէն մեզի մնացած ամենաուժեղ կապը հայկական առասպելական պարն է, որովհետեւ ան կը կրէ ծիսական պաշտամունքի ոգին ու ձեւը:
Հայոց «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի Ծովինար թագուհին, ապրելով Մըսրի մէջ, խալիֆին չի յանձնուիր, կը խաբէ, ուղղակի կը «պարեցնէ», մինչեւ Սանասարի եւ Պաղտասարի հասուն տղամարդ դառնալը եւ գերութենէն ազատիլը:
«Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպին մէջ Սիպտակ դեւը առեւանգած է Արմաղանը եւ եօթը տարի Արմաղանը կ’ապրի Սիպտակ դեւին քով, դեւը խաբած, խորամանկօրէն համոզած է, պարեցուցած, սակայն չի յաջողիր, մինչեւ որ Մհերը կռիւով կը յաղթէ դեւին եւ կ’ազատէ Արմաղանը:
Այդպէս կը վարուի, խորագէտ, իմաստուն եւ քաջ Տիգրանուհին՝ «Տիգրան եւ Աժդահակ» առասպելին մէջ: Ան չի յանձնուիր Աժդահակին եւ անոր համար երեխաներ չի ծնիր, խաբելով վիշապը, միաժամանակ գաղտնի նամակ կ’ուղարկէ եղբօրը՝ Տիգրանին, որուն մէջ կը յայտնէ Աժդահակի նենգ մտադրութեան մասին: Տիգրան կը սպաննէ Աժդահակի իրանի մեդական Աժը, այսինքն՝ Օձ, Դահակա ստորերկրեայ վիշապը եւ կ’ազատէ Տիգրանուհին:
Հայ ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ օձի գաղափարի, խորհուրդի հետ առնչուած պահպանուած են առած-ասացուածքներ, ասոյթներ, բառեր: Արեւի երթուղիի ըմբռնումը մերթ սարերու ետեւը, մերթ ջուրերու մէջ ընկղմիլը գոյութիւն ունի «Օձեմանուկ, «Օց-Մանուկ» բառակապակցութեան մէջ, շարք մը բառեր՝ մօլօրակ, երկնօլօրտ, հայօց, վզնօց, թեւնօց եւ այլն:
«Օձի լեզու ունենալ» կը նշանակէ սուր, նենգ, թուացեալ քաղցր խօսք,
«Լեզուն օձը բոյնէն կը հանէ»՝ խօսքով, այնպէս կը համոզէ, որ օձը կը խաբէ:
(Շարունակելի)
Աղբիւր՝ «Ուիքիփետիա»
ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ – Բ. ՄԱՍ
Բջիջային հեռախօսը կրնայ վերածուիլ արուեստի պաստառներ արտադրելու գործիքի մը: Ութ ծրագիրներ կան որոնք ձեր լուսանկարները կը վերածեն արուեստի գործերու:
Երկրորդ ծրագիրն է «Picsart»ը, որ ձեր լուսանկարները կը վերածէ արուեստի գործերու: Այս ծրագիրիրն մէջ կան «Ֆիլթըր»ներ, որոնք ձեր լուսանկարը կը վերածեն գեղեցիկ արուեստի գործի մը: Ապա, կրնաք ձեր մատը օգտագործելով փոխել որեւէ յատկանիշ այդ արուեստի գործին մէջ: «Ֆիլթըր»-ը կրնաք օգտագործել միայն խորքին (background) վրայ: Կրնաք փոխել նաեւ գործին exposure-ը, contrast-ը, saturation-ը եւ այլ յատկանիշներ:
Աղբիւր՝ «www.makeuseof.com»
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ