Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ այցելած է «Քաղաքական երկխօսութեան էլիտար ակումբ», ուր հանդիպում ունեցած է տարբեր ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող ֆրանսական խումբ մը խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ:
Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման կշռոյթներուն, տնտեսական աշխուժութեան հեռանկարներուն, տնտեսութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագրերուն, առեւտրային միջավայրի բարելաւման քայլերուն, ներդրումային ծրագրերու հնարաւորութիւններուն:
Իր խօսքին մէջ վարչապետը նշած է, որ 2023 թուականի արդիւնքներով Հայաստանի պետական պիւտճէին եկամուտները 2018 թուականին համեմատ գրեթէ կրկնապատկուած են. աճը 90 տոկոսէն աւելի է:
«Սա կը նշանակէ, որ երկրին մէջ ստուերի կրճատման եւ մրցակցութեան իրավիճակի բարելաւման շատ էական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են: 2023 թուականին տնտեսական աճը Հայաստանի մէջ կազմած է 8,7 տոկոս, ինչ որ ակնյայտօրէն բարձր ցուցանիշ է: 2022-ին մեր տնտեսական աճը եղած է 12,6 տոկոս, 2021-ին՝ 5,6 տոկոս», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետը արձանագրած է, որ աշխատատեղերու էական բարելաւում տեղի ունեցած է:
«2018 թուականէն ի վեր Հայաստանի մէջ ստեղծուած է 180.000 նոր աշխատատեղի: Եւ սա ընդհանուր աշխատատեղերու թիւին մէջ մօտաւորապէս 30 տոկոս աճ ունի: 2023 թուականը էական էր նաեւ անով, որ մենք՝ մէկ մարդու հաշուով, ՀՆԱ ցուցանիշով էական յառաջընթաց ունեցանք, եւ Հարաւային Կովկասի մէջ, ըստ էութեան, այս ցուցանիշով այժմ առաջին տեղն ենք:
Ի հարկէ, մեզի համար շատ էական եւ կարեւոր են այն ներդրումները եւ տնտեսական համագործակցութիւնը, որ ունինք Ֆրանսայի հետ: Ի հարկէ, արդէն նշուեցաւ «Փեռնօ Ռիքար»-ի բաւականին երկարատեւ եւ նկատելի ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, եւ նաեւ շարք մը այլ ընկերութիւններ կը գործեն Հայաստանի դրամատնային համակարգին մէջ, կենսաթոշակային ֆոնտերու կառավարման գործին մէջ: Կ՛ուզեմ նշել «Վեոլիա» ընկերութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ: Եւ մենք վերջերս կը քննարկէինք, որ ջրային ոլորտին մէջ մեր համագործակցութիւնը պէտք է աշխուժացնենք եւ խորացնենք: 2021 թուականի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքներով խնդիր դրուած է տարեկան միջինը 7 տոկոս տնտեսական աճ ապահովել, եւ մենք յոյս ունինք, որ նաեւ Ֆրանսայէն նոր ընկերութիւններ գան Հայաստան, գործունէութիւն ծաւալեն ամենատարբեր ոլորտներու մէջ, որովհետեւ 7 տոկոս տնտեսական աճի ձգտող ծրագիրը իրականացնելու համար մեզի համար նաեւ աջակցութիւն պէտք է», նշած է վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ տնտեսութեան արդիականացման ոլորտին մէջ էական ծրագրեր կ՛իրականացուին:
«Ներդրումային ծրագրերու առումով կ’ուզէի ուշադրութիւն հրաւիրել Հայաստանի մէջ 300 դպրոց եւ 500 մանկապարտէզ կառուցելու ծրագրին վրայ: Շինարարական ընկերութիւնները, որոնք կրնան հետաքրքրուած ըլլալ նման մրցոյթներու մասնակցելու համար, մենք նոյնպէս հետաքրքրուած ենք: Հիւսիս-հարաւ ծրագիրը կայ, որ 1 միլիառ եւ աւելի տոլարանոց ծրագիր է», ըսած է վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան ֆրանսական ընկերութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է «Ակադեմական քաղաք» ծրագրին վրայ:
«Մենք կ՛ուզենք բարձրագոյն կրթութեան ոլորտին մէջ նոր քաղաք ստեղծել, հիմնադրել: Մենք արդէն աշխատանքները սկսած ենք այդ ուղղութեամբ:
«Պիտի արձանագրեմ, որ մշակուող արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ կը փափաքինք լուրջ ներդրումային ծրագրերով հետաքրքրուիլ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտը կը շարունակէ մեր տնտեսութեան առաջատար ճիւղերէն մէկը մնալ: Եւ հիմա Ելեւմուտքի նախարարութիւնը եւ Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը ոլորտին հետ քննարկումներու մէջ են, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչով կրնանք աւելի լաւարկել արհեստագիտական արդիւնաբերութեան ոլորտի օրէնսդրական կարգաւորումները, որպէսզի աւելի գրաւիչ դարձնենք մեր երկիրը այդ իմաստով:
«2023 թուականին Հայաստանի Հանրապետութիւնը զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ շատ տեսանելի յառաջընթաց արձանագրած է՝ այն առումով, որ զբօսաշրջիկներու ներհոսքը արդէն իսկ գերազանցած է 2019 թուականի ցուցանիշը: Հիմա Հայաստանի մէջ նաեւ գինեգործութիւնը շատ լաւ կշռոյթներով կը զարգանայ, եւ այստեղ նոյնպէս, կը կարծեմ, ներդրումային ներուժ կայ: Ջրամբարաշինութեան լայն ծրագիր ունինք: Մասնաւորապէս, այս պահին ընթացքի մէջ է 15 միջին եւ փոքր չափերու ջրամբարներու կառուցման ծրագիրը: Սա մենք ընտրած ենք որպէս ռազմավարութիւն», նշած է վարչապետը:
Յաջորդիւ քննարկուած են շինարարութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու, արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ու ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր: Վարչապետը պատասխանած է հանդիպման մասնակից ընկերութիւններու հարցումներուն:
Նիկոլ Փաշինեան առանձին հանդիպումներ ունեցած է նորագոյն արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ գործող Thales , IDEMIA ընկերութիւններու, «Փեռնօ Ռիքար», զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ գործող Societe des Troia-Valles ընկերութեան ղեկավարներուն հետ: