Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԺԱՄԱՆԵՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԱՌԱՋԱՏԱՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ

February 24, 2024
in Մշակութային
0
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԺԱՄԱՆԵՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԱՌԱՋԱՏԱՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ

 

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լեքորնիուն Հայաստան կը ժամանէ պաշտպանութեան ոլորտի շարք մը առաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։

Կը նշուի, որ Հայաստան կը ժամանեն MBDA, Nexter, Safran, Thales, Arquus եւ Lecornu ընկերութեան ներկայացուցիչները։

MBDA-ը հրթիռներ մշակող եւ արտադրող ընկերութիւն է։ Հրթիռներ եւ հրթիռային համակարգեր կը մատակարարէ զինուած ուժերու իւրաքանչիւր տեսակի համար (օդային, ծովային, ցամաքային): Կ՛արտադրէ 48 տիպի հրթիռ, եւս 15-ը մշակման փուլին մէջ է (AIM-132, Meteor, MICA, Aspide, Apache, Exocet եւ այլն)։

Ֆրանսական Nexter Systems ընկերութիւնը մասնագիտացած է զրահատեխնիկայի, հրետանային համակարգերու, զինամթերքի եւ յարակից սարքաւորումներու նախագծման, մշակման եւ արտադրութեան մէջ: Nexter Systems կ՛արտադրէ զրահասայլեր, զրահատեխնիկայ, հրետանային համակարգեր, հեռահար մարտական կայաններ, զենիթային համալիրներ եւ հակատանկային կառավարուող հրթիռներ։

Safran ընկերութիւնը հիմնականին մէջ կը գործէ օդատիեզերական, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ: Safran-ը կ՛արտադրէ օդագնացութեան շարժիչներ եւ սարքաւորումներ, տեսողական-ելեկտրոնային համակարգեր, նաւարկութեան եւ հսկողութեան համակարգեր։

Thales ընկերութիւնը կը գործէ հիմնականին մէջ օդատիեզերական, պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ փոխադրութեան ոլորտներու մէջ: Thales-ը կ՛արտադրէ օդատիեզերական համակարգեր, ռատարներ, ելեկտրոնային մարտական համակարգեր, հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր։ Ընկերութիւնը նաեւ կ՛առաջարկէ լուծումներ կիպեռանտվնագութեան ոլորտին մէջ։

Arquus ընկերութիւնը մասնագիտացած է անուաւոր եւ թրթուրաւոր ռազմական տեխնիկայի նախագծման, մշակման եւ արտադրութեան, ինչպէս նաեւ յարակից ծառայութիւններու մէջ: Arquus-ը կը նախագծէ եւ կ՛արտադրէ շարք մը զրահապատ փոխադրամիջոցներ, ներառեալ հետեւակային մարտական մեքենաներ, զրահափոխադրիչներ, հետախուզական մեքենաներ եւ ընդհանուր նշանակութեան զրահապատ փոխադրամիջոցներ:

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Ֆրանսան 22 Փետրուարին Հայաստան պիտի առաքէ պաշտպանական սպառազինութեան խմբաքանակ։ Սպառազինութիւնը կը ներառէ Thales ընկերութեան Ground Master (GM 200) երեք ռատար, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան 250 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ յայտնաբերել հակառակորդի ինքնաթիռները, ինչպէս նաեւ գիշերային տեսողութեան սարքեր, հեռադիտակներ։

Share61Tweet38
Previous Post

«ԵՒՐՈՊԱՑԻՆԵՐԸ ՅԱՆՈՒՆ ԱՐՑԱԽԻ» ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՄՈԿ-ԻՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ՀԱՆԴԷՍ ԳԱԼՈՒ ՓԱՐԻԶԻ 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Next Post

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ՏԱՐԲԵՐ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԾԱՒԱԼՈՂ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԽՈՇՈՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Next Post
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ՏԱՐԲԵՐ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԾԱՒԱԼՈՂ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԽՈՇՈՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ՏԱՐԲԵՐ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԾԱՒԱԼՈՂ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԽՈՇՈՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.