Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԵՒՐՈՊԱՑԻՆԵՐԸ ՅԱՆՈՒՆ ԱՐՑԱԽԻ» ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՄՈԿ-ԻՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ՀԱՆԴԷՍ ԳԱԼՈՒ ՓԱՐԻԶԻ 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

February 24, 2024
in Միջազգային
0
«ԵՒՐՈՊԱՑԻՆԵՐԸ ՅԱՆՈՒՆ ԱՐՑԱԽԻ» ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՄՈԿ-ԻՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ՀԱՆԴԷՍ ԳԱԼՈՒ ՓԱՐԻԶԻ 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

 

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը նամակ յղած է Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի (ՄՈԿ) նախագահին՝ 2024 թուականին Փարիզի մէջ կայանալիք ամառնային ողիմպիական խաղերուն Ատրպէյճանին մասնակցութենէն զրկելու վերաբերեալ եւ կոչ ըրած է ՄՈԿ-ին յստակ միջոցներ ձեռնարկելու այդ երկրի մասնակցութեան դէմ։

Նամակը ուղարկուած է նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին, Ֆրանսայի ազգային ողիմպիական կոմիտէին, Ֆրանսայի ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ կոմիտեին, Փարիզի քաղաքապետարանին, ինչպէս նաեւ մարմնամարզի, ողիմպիական ու փարօլիմփիք խաղերու նախարարին։

Ելլելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղային զտման փաստէն` «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը ՄՈԿ-ին կոչ ըրած է արգիլելու Ատրպէյճանին որպէս պետութիւն ներկայացուած ըլլալ գալիք Ողիմպիական խաղերուն եւ թոյլ տալու ատրպէյճանցի մարզիկներուն հանդէս գալու միայն չէզոք դրօշի ներքոյ։ Այս կոչը հնչած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2023 թուականի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան եւ ցեղային զտումներու հետեւանքով իրենց պապենական հողերէն 120.000 հայերու բռնի տեղահանման պայմաններու մէջ։

Նամակին պատասխանած է միայն Ֆրանսայի ազգային ողիմպիական կոմիտէն՝ ընդունելով իրավիճակը եւ նկատած է, որ իր դիրքորոշումը համահունչ է Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշման եւ անոր դիւանագիտական ջանքերուն՝ նշելով.

«Մենք չենք կրնար անհաղորդ մնալ նման աղէտի հանդէպ»։

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը կ՛ակնկալէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի յստակ դիրքորոշումը, քանի որ որեւէ քայլ չձեռնարկելը պիտի խաթարէ Ողիմպիական խաղերու ամբողջական նշանակութիւնը եւ ճանապարհ պիտի հարթէ ռազմատենչ պետութիւններու համար։

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ՍՏԱՑԱԾ Է

Next Post

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԺԱՄԱՆԵՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԱՌԱՋԱՏԱՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ

Next Post
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԺԱՄԱՆԵՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԱՌԱՋԱՏԱՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԺԱՄԱՆԵՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԱՌԱՋԱՏԱՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.