Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ՍՏԱՑԱԾ Է

February 24, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ՍՏԱՑԱԾ Է

 

Հնդկաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործերու նախարարութեան հովանիին ներքոյ գործող «Observer Research Foundation»-ի (ORF) հրաւէրով՝ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանը Նիւ Տելիի մէջ մասնակցած է «Ռաիսինա երկխօսութիւն» (Raisina Dialogue) միջազգային համաժողովին, որուն ներկայ եղած են տարբեր երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ վարչապետեր, նախարարներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ այլք։

Միջոցառումը մէկ հարկի տակ միաւորած է համաշխարհային եւ տարածաշրջանային պետական եւ ոչ-պետական դերակատարներ՝ հնարաւորութիւն տալով ծաւալել բազմակողմանի երկխօսութիւն եւ համագործակցութիւն։

Համաժողովը մեկնարկած է «Հայ-հնդկական երկխօսութիւն» միջոցառմամբ, որուն շրջանակին մէջ բացման ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ նախարար Նարեկ Մկրտչեանը։  Ընդգծելով Հնդկաստանի հետ գործընկերային արդիւնաւէտ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը՝ նախարարը խօսած է երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան խթանման ուղղութեամբ երկուստեք իրականացուող քայլերու մասին: Շեշտուած է, որ վերջին շրջանին Հնդկաստանի հետ յարաբերութիւնները աշխուժօրէն կը զարգանան, ինչ որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է։

«Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ համագործակցութիւնը նոր թափ ստացած է շարք մը ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ առեւտուրի եւ տնտեսութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու, կրթութեան ու մշակոյթի։ Երկու ժողովուրդներուն միջեւ հնուց ի վեր առկայ փոխադարձ յարգանքը եւ փոխվստահութիւնը կը նպաստեն միջմարդկային փոխանակումներու աշխուժացման տարբեր բնագաւառներու մէջ», նշած է նախարարը։

Անդրադառնալով աշխատանքային գաղթի ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ առկայ խնդիրներու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն՝ Նարեկ Մկրտչեան նշած է, որ իր ղեկավարուող նախարարութեան կողմէ անհրաժեշտ մօտեցումներ կը մշակուին՝ ապահովելու ոլորտի համապատասխան կանոնակարգումը: Նախարարը նաեւ խօսած է նախարարութեան կողմէ 2022 թուականին ստորագրուած Skill India-ի հետ փոխըմբռնման յուշագրի մասին, որ վերապատրաստման եւ հմտութիւններու զարգացման հնարաւորութիւն կը նախատեսէ:

Նախարարը իր խօսքին մէջ կարեւորած է նաեւ արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ներուժը եւ առաջարկած է դիտարկել համաշխարհային AI նորարարական հարթակի ստեղծման գաղափարը՝ լուծումներու եւ հետազօտութիւններու փոխանակումը հեշտացնելու, միջազգային համագործակցութեան միջոցով ընկերային օգուտները խթանելու նպատակով։ Ազգերու միջեւ խաղաղութեան, համագործակցութեան ու փոխադարձ յարգանքի դրսեւորման կարեւորութեան ծիրին մէջ խօսուած է նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի հայեցակարգի մասին եւ նշուած, որ անվտանգութիւնը, տնտեսական կայունութիւնը եւ երկիրներու զարգացումը պէտք է դիտարկուին որպէս հաւաքական համաշխարհային պատասխանատուութիւն։

Համաժողովի ընթացքինմ կազմակերպուած են նաեւ քննարկումներ, որոնց շրջանակին մէջ մասնակիցները քննարկած են Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան առնչուող  շարք մը հարցեր։

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԷՄԱՆՈՒԷԼ ԵՒ ՊՐԻԺԻԹ ՄԱՔՐՈՆՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՈՎ Ի ՊԱՏԻՒ ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՏԻԿՆՈՋ՝ ՏՐՈՒԱԾ Է ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Next Post

«ԵՒՐՈՊԱՑԻՆԵՐԸ ՅԱՆՈՒՆ ԱՐՑԱԽԻ» ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՄՈԿ-ԻՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ՀԱՆԴԷՍ ԳԱԼՈՒ ՓԱՐԻԶԻ 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Next Post
«ԵՒՐՈՊԱՑԻՆԵՐԸ ՅԱՆՈՒՆ ԱՐՑԱԽԻ» ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՄՈԿ-ԻՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ՀԱՆԴԷՍ ԳԱԼՈՒ ՓԱՐԻԶԻ 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

«ԵՒՐՈՊԱՑԻՆԵՐԸ ՅԱՆՈՒՆ ԱՐՑԱԽԻ» ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՄՈԿ-ԻՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ՀԱՆԴԷՍ ԳԱԼՈՒ ՓԱՐԻԶԻ 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.