Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ «Հ.Մ.Մ. ԱՆԹԻԼԻԱՍ»Ի «ԿԱԼԱ» ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸ 

February 21, 2024
in Գաղութային
0
ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ «Հ.Մ.Մ. ԱՆԹԻԼԻԱՍ»Ի «ԿԱԼԱ» ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸ 

Թապարժայի Plaza Palace շքեղ ճաշասրահը, 10 Փետրուարի երեկոյեան, հաւաքավայր դարձած էր ՀՄՄ-եան մեծ ընտանիքին, ուր շուրջ 300 ՀՄՄ-ականներ, համակիրներ ու բարեկամներ ներկայ էին ըմբոշխնելու Սիրահարներու տօնին նուիրուած «Հ.Մ.Մ.-Անթիլիաս» մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսին ընձեռնած ուրախ մթնոլորտը: Նշենք, որ սոյն աննախադէպ «Կալա» ճաշկերոյթին հովանաւորութիւնը ստանցնած էր Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը:

Երեկոյթը սկսաւ լիբանանահայ արուեստագիտուհի տիկին Ծովակ Պաղտասարեանի «սաքսոֆոնի» նուագարանով հրամցուած մեղմ մեղեդիներու վայելումով:

Պարանցիկ երեկոն բարձր մակարդակով հանդիսավարելու պատասխանատու պարտականութիւնը յանձնուած էր լրագրութեան եւ ռատիոյի ասպարէզին մէջ վաստակ ունեցող, Հ.Մ.Մ.-ի նուիրեալ` տիկին Սիլվա Եփրեմեանին, որ ողջունելով հիւրերն ու Հ.Մ.Մ.-ականները, ըսաւ. «Ձեր ներկայութիւնը յաւելեալ ապացոյց մըն է 103-ամեայ Միութեան ուժեղացման եւ յարատեւման»: Տիկին Եփրեմեան անդրադարձաւ նաեւ օրուան տօնին, երբ «սիրահարները միմեանց հետ ապրումները կը կիսեն, սիրահարուածները կը միանան, իսկ ամուսնացած զոյգերն ալ կը յիշեն անցեալի իրենց յիշատակելի պահերը»: Այնուհետեւ սրտի խօսքը ներկաներուն փոխանցելու համար հրաւիրեց Հ.Մ.Մ.-ի Կերդրոնական վարչութեան ատենապետ` ընկեր Միսաք Նաճարեանը:

Ընկեր Նաճարեան արաբերէնով եւ հայերէնով ողջունեց հիւրերն ու բոլոր ներկաները: Գնահատանքով անդրադարձաւ «Հ.Մ.Մ.-Անթիլիաս»ի վարչութեան անդամներուն միասնական աշխատանքին, ինչով պայմանաւորուած էր այս երեկոյին յաջողութիւնը: Ապա խորին շնորհակալութիւն յայտնեց «Հ.Մ.Մ.-Անթիլիաս»ի ակումբի գնման համար սատար հանդիսացող նուիրեալ ՀՄՄ-ական ընկերներուն, ինչպիսիք են` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ընկեր Վազգէն Գալթաքճաեանն ու Լիբանանէն ընկեր Ալեքսան Տումանեանը, որոնք նաեւ այս պարանցիկ երեկոյի յաջողութեանն ալ նպաստեցին իրենց իշխանական նուիրատուութիւններով: Առ ի գնահատանք անոնց, ընկեր Նաճարեան յայտարարեց «Բարձր Գնահատանքի Վահան»ի պարգեւատրում` ի բացակայութիւն անձնուէր ընկերներուն: Այնուհետեւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ «յետմահու» պարգեւատրումներ 50 տարիէ աւելի Հ.Մ.Մ.-ի մէջ ծառայած ղեկավարներու` ընկերներ Հայկարամ Գալինճեան, Սարգիս Սարգիսեան եւ Յովհաննէս Փայասլեան , «100-ամեայ Արժանեաց» շքանշանով:

«Բարձր Գնահատանքի Վահան»ով պարգեւատրուեցան նաեւ ընկերուհի Ալին Պաղտոյեանը իր նիւթաբարոյական ներդրումներուն համար եւ ընկերուհի Սիլվա Սարաֆեան-Եփրեմեանը, որ աւելի քան 30 տարիէ իր ձայնով եւ գործնական աջակցութեամբ մեծապէս նպաստած է Միութեան վերելքին, երկար տարիներ ստանձնելով նաեւ «ՀՄՄ-Վանիկ» խումբին պատասխանատուութիւնը:

Պաշտօնական բաժինը աւարտած ըլլալով, բեմահարթակ բարձրացաւ լիբանանահայ երիտասարդութեան քով հռչակ վայելող երգիչ Ռազմիկ Խանճեանը, որ տարբեր լեզուներու հարուստ երգացանկով բոլոր ներկաները եւ յատկապէս պարահարթակին վրայ գտնուող բազմութիւնը փոխադրեց օրուան պատշաճող մթնոլորտին:

Հասած էր արդէն իսկ խանդավառ ներկաներուն ամենասպասուած պահը: Ցոլարձակներու բոցավառող համազարկին ներքոյ բեմ բարձրացաւ Միացեալ Նահանգներէն սոյն «Կալա» պարահանդէսին համար յատուկ հրաւիրուած՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն շրջանաւարտ, աշխարհի չորս ծայրամասերը համերգներով հայ երգը տարածած եւ այժմ մեծ համբաւ վայելող երգչուհի` Անուշ Պետրոսեանը: Անուանի արուեստագիտուհին, հակիրճ սրտի խօսք մը փոխանցելէ ետք, յաջորդաբար ներկայացուց հայկական ժողովրդային երգերու շարան մը` պարող զոյգերն ու բջջիջային նկարահանումներով համակիրներու խճողում մը ստեղծելով իր շուրջ: Շնորհալի արուեստագիտուհին, կարճ դադարէ մը ետք, հագուածքի տարբեր պերճանքով վերադարձաւ բեմահարթակ, ներկաներուն աշխուժութիւնը գագաթնակետին հասցնելու համար: Օգտուելով օրուան երգիչներուն հանգիստի դադարէն, Յարութ Փամպուքճեանի յայտնի երգերէն մեկնաբանեց հիւր երգչուհիին կողակից` Ալֆրետ Գալստեանը:

Խանդավառուելով զուտ հայկական մթնոլորտէն եւ քաջալեր հանդիսանալու համար Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ Անթիլիասի մասնաճիւղի ժրաջան ընկերներուն աշխատանքին, ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նիւիրատուութիւններ: Այնուհետեւ, բոլոր տոմսերը սպառուած ըլլալով, կատարուեցաւ «Սիրահարներու Օր»ուան վիճակահանութեան «Կրան Լօ»ն, որ տրամադրած էր մեծահոգի Հ.Մ.Մ.-ական` Եփրեմ Շխրտըմեանը:

Երգն ու երաժշտութիւնը դադար չունէին այդ երեկոյ: Արուեստագէտները յաջորդաբար դարձեալ ելոյթ ունեցան, ապա «Հ.Մ.Մ.-Անթիլիաս»ի վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ` ընկեր Գաբրիէլ Փաթափութեանին ու տիկնանց յանձնախումբին, Անուշ Պետրոսեանին նուիրեց «Վալանթայնը» յատկանշող վարդերու փունջ մը:

Ճոխ ու խանդավառ «Կալա» երեկոն շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:

 

ՀՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան

Լրատուական Բաժին

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՉՈՐՍ ՅՈՒՇ ԿԱՐԱՊԵՏ ՀԱՆՆԷՍԵԱՆԷՆ

Next Post

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

Next Post
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.