(Մահուան 5-րդ տարելիցին առիթով)
Ներկայիս, ե՛րբ որ փափաքիս, ո՛ւր որ ալ ըլլաս, կրնաս «Կուկըլ»ին դիմել ու երկվայրկեանի մը մէջ որեւէ երգի մը բառերը հասանելի դարձնել քեզի:
1800-ականներուն, հայ մեծ երգահան, երաժշտագէտ, բանահաւաք, խմբավար Կոմիտաս վարդապետի ապրած շրջանին, այսօրուան հնարամիտ միջոցները չկային: Ականաւոր բանահաւաքը շրջելով բազմաթիւ բնակավայրեր, հաւաքեց, ձայնագրեց եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցեց ժողովրդական երգարուեստի քանի մը հազար երգ:
Անցեալ դարուն ալ սփիւռքահայ կեանքին մէջ, Կարապետ եւ Յովհաննէս Հաննէսեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ, մասնաւորաբար «Շիրակ երգարան»-ի 31 հետեւողական թիւերու լոյս ընծայումով, կարելի կը դառնար հայկական ժողովրդական երգերու տարածման օգտաշատ ու փրկարար աշխատանքը:
Առաջին յուշ: Պէյրութի Հ.Մ.Մ.-ի վարչութիւնը ողբացեալ Մարտիկ Չափարեանի առաջարկով կազմակերպած էր 350 հոգի նախատեսող պարահանդէս մը, 19 Սեպտեմբեր 1987-ի երեկոյեան, Տըպպայէ շրջանի «Ժազիրէթ Ալսուլթան» ճաշարանին մէջ: Այդ ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը յանձնուած էր հայրենիքէն նորաւարտ եւ անփորձ համեստիս: 8 օր ետք, «Արարատ» օրաթերթին մէջ, Կարապետ Հաննէսեան հանդէս կու գար նշմարով մը՝ «Այսպէս աւելի լաւ է» խորագրով, ուր ի միջէ այլոց կ’ըսէր.-
– «Արդեօք որո՞ւն տղան էր օրուան հանդիսավար երիտասարդ խօսնակը: Հարցումիս պատասխանը ստանալէ ետք կ’ըսեմ. Պրաւօ Մաթէոս, որ քեզմէ ետք՝ տղադ ալ լծած ես Հ.Մ.Մ.եան կառքին, որուն անիւները հեզասահ չեն ընթանար, քանի որ քարքարուտ է ճանապարհը…»: Սոյն վկայութիւնը ընդմիշտ քաջալերանք մը եղաւ ինծի ե՛ւ կրթական ասպարեզիս ե՛ւ միութենական գործունէութիւններուս քարքարուտ ընթացքին վրայ:
Երկրորդ յուշ: 1995-96 տարեշրջանն էր: Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի պակասորդ գրենական պիտոյքները ամբողջացնելու համար կը մտնեմ «Նահր»-ի պողոտային անկիւնը գտնուող «Շիրակ» գրախանութը: Կարապետ Հաննէսեան զիս կը դիմաւորէ՝ անմիջապէս նոր հրատարակուած երգարան մը նուիրելով թէ՛ Գոլէճին եւ թէ՛ անոր տնօրէնին, եւ կը հարցնէ.- «Ինչո՞ւ փողկապ չես դրած»: Կը բացատրեմ արդարանալով, որ օրը Շաբաթ ըլլալով, յարմարագոյն առիթն էր արտադպրոցական վազվռտուքները կատարելու, ուստի «քրավաթ»ով քիչ մը հանգիստ չպիտի շարժէի եւ այլն: «Ինչ ալ ըլլայ պատճառները,- ըսաւ,- տնօրէն ես, պիտի կապես: Մեր Ժամկոչեանին օր մը առանց փողկապի չէիր տեսներ»:
Երրորդ յուշ: Առանց վարչական պաշտօններ ստանձնելու՝ չափազանց գործունեայ միութենական մը էր ընկեր Հաննէսեանը: Գրեթէ բոլոր ընդհանուր կամ մասնաճիւղային անդամական ժողովներուն բերած է իր աշխոյժ մասնակցութիւնը եւ ստանձնած զանազան պարտականութիւններ: Հ.Մ.Մ.-ական Կարապետ Հաննէսեան եղած է ընդհանուր անդամական ժողովներու անփոխարինելի քարտուղարը եւ բծախնդրութեամբ արձանագրած է ատենագրութիւնները: Այդ ընդլայնուած խորհրդակցական նիստերէն մէկուն՝ 12 Յունուար 1988-ին, «մեծերուն» հետ հաւասար, ներկայ էի որպէս Պէյրութի Հ.Մ.Մ.-ի վարչական: Հոն էին ընկերներ Մելքոն Սէֆէրեանը, Տիգրան Սարաֆեանը, Տոքթ. Ժիրայր Գարաւերտեանը, Տոքթ. Կարօ Մահսերեճեանը, Կարօ Եփրեմեանը, Յարութիւն Կերկէրեանը, Նազարէթ Գուտուզեանը, Ժիրայր Գապաքեանը, Յովհաննէս Փայասլեանը, Յովհաննէս Մելքիսէթեանը, Սարգիս Ռըզեանը եւ անշուշտ Կարապետ Հաննէսեանը: Օրակարգը մէկն էր՝ Միութեան դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման միջոցները: Ներկաները կարգով խօսք առին: Ընկեր Հաննէսեան ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ մը, ուր իր ամբողջ փորձառութիւնը կշիռին վրայ դրած եւ հաւատալով հաւաքական աշխատանքի յաջողութեան՝ կ’առաջարկէր անյապաղ կազմակերպել ընդհանուր անդամական ժողով մը:
Չորրորդ յուշ: Անցեալ Մարտ ամսուն, ամպամած Կիրակի առաւօտ, աւարտելով Պէյրութի «մարաթոն» վազքի 10 քիլոմեթր մրցումը, յոգնած ու ծարաւ, շիշ մը ջուրի փնտռտուքիս մէջ յանկարծ դէմս տեսայ Լիբանանի հայոց թեմի ազգային երեսփոխան, «Շիրակ» հրատարակչատան տէր, ողբացեալ Կարապետի անդրանիկ զաւակը՝ Վիգէն Հաննէսեանը: Զարմանքս ակնյայտ էր: Վիգէ՞նն ալ մասնակցած էր այդ օրուան մրցավազքին, եւ 42 քիլոմե՞թր բաժինով: Եւ այն ալ վաթսունի մերձակայ տարիքի՞ն: Կեցցե՛ս, Վիգէն: Զիրար շնորհաւորելէ եւ օրուան հետաքրքրաշարժ դրուագները ամփոփելէ ետք առաջարկեցի միասին նկարուիլ՝ կոչելով. «Պրաւօ, ընկեր Կարապետ Հաննէսեան, որ քեզմէ ետք տղադ ալ լծած ես Հ.Մ.Մ.եան լոզունգով՝ «Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ» ազգային կառքին…»:
Այսօր նոր սերունդէն ոեւէ մէկը չի ճանչնար, իսկ հիներն ալ չեն յիշեր, թէ անցեալին ինչպիսի կարկառուն Հ.Մ.Մ.-ական ընկեր մը եղած է Կարապետ Հաննէսեանը: Մարդ մը, որ ապագային համար լուռ ու մունջ աշխատեցաւ, իր հետքը թողուց ու հեռացաւ: Հ.Մ.Մ.-ական մը, որ տասնամեակներ ամբողջ երաժշտասէր սփիւռքը խմբավարեց քուլիսներու ետեւէն:
ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ
1994-ին տպարանը կը փոխադրուի մօտակայ Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանը, ուր կը բանի ան՝ տպագրական ամբողջական եւ կազմարարական մասնակի համակարգով: Այդ տարին տպարանին տնօրինութիւնը կը ստանձնէ Կարապետ Հաննէսեանի անդրանիկ զաւակը՝ Վիգէնը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ տպարանը, անոր ապահովելով թէ՛ հայ եւ թէ՛ ոչ-հայ մեծաթիւ յաճախորդներ:
Այդ երգարաններուն թիւը հասաւ 31-ի, աւելի քան 31.000 ընդհանուր տպաքանակով:
Ձայնագրեալ «Շիրակ երգարան»ներու վեց հատոր