Մանուշեանի խմբակին գնդակահարումը 1944-ին
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշումով, Բ. Աշխարհամարտի Ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման հերոսներէն Միսաք Մանուշեանի աճիւնը 21 Փետրուար 2024-ին dþIvry-sur-Seine-ի գերեզմանատունէն կը տեղափոխուի ու կը վերամփոփուի Փարիզի պանթէոնին մէջ: Ֆրանսացիք այս արարքը կը կոչեն «պանթէոնականացում», որուն կþարժանանան ֆրանսացի մեծերը: Փարիզի պանթէոնին մէջ արդէն կը հանգչին Պոտլէրի, Վիքթոր Հիւկոյի, Ժան-Ժաք Ռուսոյի, Էմիլ Զոլայի եւ Մարի Քիւրիի նման մեծեր: «Պանթէոնականացում» շնորհելու իրաւունք ունին միայն Ֆրանսայի նախագահները:
Միսաք Մանուշեան առաջին գաղթական, առաջին հայ եւ առաջին համայնավար ֆրանսացին է, որ կþարժանանայ նման պատիւի:
Նոյն պանթէոնին մէջ կը վերամփոփուին նաեւ աճիւնները Մանուշեանի կնոջ` Մելինէի (առանց «պանթէոնականացուելու» սակայն), որ նոյնպէս մաս կազմած է գերմանացիներու դէմ ֆրանսական ընդյատակեայ դիմադրութեան: Նախագահ Մաքրոնի այս որոշումը պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 18 Յունիս 2023-ին: Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21 Փետրուար 2024-ին` Մանուշեանի եւ ընկերներուն գնդակահարութենէն 80 տարի ետք, ճիշդ նոյն օրը:
Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան
Հայ բանաստեղծ, ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ, համայնավար կուսակցութեան անդամ եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Գէորգ Մանուշեան ծնած է 1 Սեպտեմբեր 1906-ին, Ատիաման, արեւմտեան Հայաստան: Մանուշեանի հայրը կը սպաննուի 1915-ի ցեղասպանութեան ժամանակ, իսկ մայրը կը մահանայ գաղթի ճաբուն վրայ: Միսաք եւ երկու եղբայրները կը վերապրին: Միսաքը նախ կը գտնուի Ճիպէյլի որբանոցը (Լիբանան), ապա կը միանայ եղբօրը` Կարապետին, Ժիւնիի Հայ Ազգային որբանոցը (Լիբանան), որ կþըլլայ երկու եղբայրներուն կրթութեան առաջին օթեւանը: 1925-ին կը տեղափոխուի Ֆրանսա, սկիզբը Մարսէյ, ապա` Փարիզ: 1930-ին Սեմայի հետ կը հրատարակէ «Ջանք» գրական ամսագիրը: Կþաշխատի Սիթրոէն գործարանին մէջ: 1937-ին կը հրապարակէ «Զանգու» շաբաթաթերթը, ուր կը գրէ բանաստեղծութիւններ: Կնոջը` Մելինէ Մանուշեանի հետ կը մասնակցի գերմանացիներու դէմ ֆրանսական ընդյատակեայ դիմադրութեան շարժումին: 1943-ին Մանուշեանի գլխաւորած խումբը յարձակումներ կը գործէ գերմանական բռնագրաւող ուժերուն դէմ: 1943 Նոյեմբերին, Մանուշեան կը ձերբակալուի եւ տանջանքներու կþենթարկուի, ապա իր խումբի 21 անդամներուն հետ մահապատիժի կþենթարկուի: Յետմահու, Մանուշեան կը պարգեւատրուի Պատուոյ Լեգէոն շքանշանով: Մանուշեանի եւ իր խումբին անունով անուանուած են փողոցներ եւ հրապարակներ Փարիզի, Մարսէյի, Վալանսի եւ Երեւանի մէջ:
Այս օրերուն Փարիզէն յատուկ այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուի Միսաք Մանուշեանի կնոջ Մելինէի քրոջ` Արմէնուհիին թոռը` Քաթիա Կիրակոսեան: Ան Լիբանան կը գտնուի Մանուշեանի մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութեան ծիրէն ներս, նկատի ունենալով, որ Միսաք ու եղբայրները` Հայկ ու Կարապետ, երեքը` ցեղասպանութենէն ճողոպրած մանուկներ, ջարդէն ետք որոշ ատեն գտնուած են Ճիպէյլի եւ Ժիւնիի որբանոցները:
Քաթիա Կիրակոսեան
Քաթիա Կիրակոսեանի հետ մեր հանդիպումը «ԳՈՀԱՐ» գրադարանին մէջ հանդիսացաւ առիթ մը, որ պահ մը փոխադրուինք Մանուշեանի ընտանեկան հարազատ աշխարհը: «Ես մանկութիւնս ապրած եմ Միսաքի պատմութիւններուն մթնոլորտին մէջ, մանաւանդ որ մեծ մայրս` Արմէնուհին եւ քոյրը` Մելինէն՝ Միսաքին կինը մնայուն կը խօսէին իր մասին: Մելինէն մահացաւ 1989-ին: Մեծ մօրս բարեկամներէն կը յիշեմ Տիրան Ոսկերիչեանը եւ Ռուբէն Մելիքը: Կը հանդիպէի անոնց երբեմն. կը խօսէին Միսաքին մասին: Կամաց-կամաց այս պատմութիւնները դարձան կեանքիս առանցքը եւ ընտանիքս դարձաւ իմ դիցաբանական աշխարհը, իսկ Միսաքն ու Մելինէն իմ կուռքերս», հպարտութեամբ սկսաւ պատմել Քաթիան:
Մանուշեան ամոլին մասին իր ապրումները Քաթիա կը փորձէ շօշափելի իրականութեան վերածել նախ երբ սինեմայի ուսանող իբրեւ զեկոյց կը պատրաստէ վաւերագրական իր առաջին ֆիլմը Միսաքին մասին, ապա 2006-ի Փարիզի մէջ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս մը, որ մեծ ընդունելութեան կþարժանանայ, մանաւանդ որ հոն ներկայացուած կþըլլան Մանուշեանի ընտանեկան արխիւներն ու անտիպ նամակները: «Missak» գիրքին հեղինակ Didier Daeninckx երբ մեր տունը այցելեց եւ հոն տեսաւ Միսաքի անտիպ արխիւները, ըսաւ. «Ալի պապայի քարա՞յրն է այս արդեօք», նշեց Քաթիա:
2014-ին, Բ. Աշխարհամարտին գերամանացիներու կողմէ գնդակահարուած Մանուշեան խումբի նահատակութեան 70-ամեակին առիթով, երբ օրուան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ կը յայտարարէր իր կողմէ «պանթէոնականացուած» ցանկին անունները, ի զարմանս բոլորին, ցանկէն կը բացակայէր Միսաք Մանուշեանի անունը: «Այս առիթով է որ խնդրագրերու արշաւ մը սկսաւ Էլիզէ պալատին ուղղութեամբ», դիտել տուաւ Քաթիա Կիրակոսեան եւ շարունակեց պատմել. «երկու-երեք տարի առաջ ինծի կապուեցաւ Unite Laտque կազմակերպութեան նախագահ Ճան-Փիեռ Սաքունը եւ առաջարկեց` նկատի ունենալով, որ ես ուղղակի առնչակից եմ արշաւին, մաս կազմել այն յանձնախումբին, որ խնդրագիր պիտի ներկայացնէ Էլիզէ պալատ: Սիրով ընդունեցի: Ասկէ քանի մը ամիս առաջ, մեզի կապուեցան Էլիզէ պալատէն եւ հանդիպումի մը հրաւիրեցին նախագահ Մաքրոնի յիշատակումներու խորհրդական Պրունօ Րոժէ-Փէթիի հետ: Սոյն հանդիպումին մանրամասն խօսեցանք Միսաքի խորհրդանշած արժէքներուն, անոր ազատատենչութեան, մարդկայնութեան եւ համայնականութեան մասին եւ շեշտեցինք թէ ինչու կարեւոր է անոր պանթէոնականացումը: Բնականօրէն, անոնք ընդունեցին: Մեզ հրաւիրեցին երկրորդ հանդիպումի մը` այս անգամ նախագահ Մաքրոնի հետ: Մէկ ժամ տեւած տեսակցութեան ընթացքին խօսեցանք Միսաքի եւ Մելինէի մասին: Այս տեսակցութեան յաջորդեց 18 Յունիսի նախագահական յայտարարութիւնը եւ Միսաքի պանթէոնականացման որոշումը` 21 Փետրուար 2024-ին»:
«Մեծ եղաւ մեր ուրախութիւնը Միսաքին եւ Մելինէին համար, Ֆրանսայի համար եւ հայութեան համար: Առաջին անգամ ըլլալով գաղթական ֆրանսացի մը, հայ մը կը պանթէոնականացուէր: Բոլոր ֆրանսացիները, բոլոր հայերը, աշխարհի բոլոր ազատատենչերը պէտք է հպարտ զգան Միսաքով եւ Մելինէով: Ազգային խորհրդանիշեր են անոնք», ընդգծեց Քաթիա Կիրակոսեան:
Ինչ կը վերաբերի վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան, Քաթիա Կիրակոսեան նշեց, որ շատոնց այդ ծրագիրը ունէր իր մտքին մէջ, բայց կը սպասէր յարմար ու պատեհ առիթին: Ան բացատրեց, թէ ուրիշներ ալ ձեռնամուխ են նման ժապաւէնի պատրաստութեան, բայց «իմս ուրիշ պիտի ըլլայ, անձնականացուած պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան նաեւ իմ ընտանիքիս պատմութիւնն է: Ես անոնց հետ հասակ առի: Անոնց նուիրումն ու նահատակութեան կամքը կը հոսին երակներուս մէջ», ըսաւ ան:
«Ես շատ հպարտ եմ Միսաքով եւ Մելինէով: Անոնք հաւատքով ընտրեցին իրենց ճամբան եւ երբեք չդաւաճանեցին իրենց սկզբունքներուն: Անոնք նոյնիսկ իրենց զաւակը զոհեցին ազատութեան բագինին, որովհետեւ Մելինէն յղի էր դիմադրութեան կռիւներուն ատեն եւ դժբախտաբար կորսնցուց իր զաւակը, բայց իրենց օրինակով, անոնք կտակ մը, աւանդ մը թողուցին բազմաթիւ զաւակներու` սիրելու ազատութիւնը եւ կռուելու անոր սիրոյն», եզրափակեց Քաթիա Կիրակոսեան:
ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ