19 Փետրուարին, օրացոյցը կը յիշեցնէ, թէ ծննդեան տարեդարձն է Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին: 1869-ին էր այդ բախտաբեր գալուստը. վայրը՝ Դսեղ գիւղ՝ Լոռի գաւառ: Ինչպէս բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ կը բնութագրէ՝
Սակայն այդ թուին Մայր Հայաստանի
Արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն:
Մի մանուկ ծնուեց Լոռուայ Դսեղում…
Նա յետոյ պիտի դառնայ պատանի,
Եւ երիտասարդ, եւ այր իմաստուն:
Միաժամանակ, այս առթիւ, օրացոյցը կը յիշեցնէ, թէ այսօր նաեւ գիրք նուիրելու օր է: Արդէն ամէնամեայ դարձած այս սովորոյթը մտայղացաւ եւ գաղափարը սերմանեց Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախկին նախագահ, գրող ու թարգմանիչ, ցաւ ի սիրտ շատոնց լուսաբնակ՝ Լեւոն Անանեան: Լո՛յս անոր անմեռ յիշատակին:
Սերմանուած գաղափարը, բարեբախտաբար, գտաւ լայն ժողովրդականութիւն եւ սիրալիր ընդունելութիւն: Իրօք, դարձաւ գրքասէրներու սիրելի օրերէն մին. իւրայատուկ պարագայ մը՝ Հայաստանին բնորոշ:
Հետաքրքրական է գիրք գոյականին ստուգաբանութիւնը՝ գիր-ք, այսինքն՝ շատ գիրեր, հարիւրաւոր, հազարաւոր կամ բիւրաւոր գիրերու մէկտեղում: Այլապէս՝ մատեանն ալ գիրք է: Մի գուցէ, մատեանով չբաւարարուելով, մեր նախնիք որպէս համիմաստ, ստեղծած են գիրք բառը, որ ի հարկէ, աւելի ընդհանրացած է այսօր:
Գիրքի կարեւորութեան եւ օգտակարութեան մասին շատ է գրուած ու խօսուած: Ընթերցանութեան շահեկանութիւնը շատ է գովաբանուած: Ինչ խօսք, խոր գիտելիքներ, լայն ծանօթութիւններ եւ մշակուած միտք ունենալու նախապայմաններէն առաջինը՝ անյագ ընթերցանութիւնն է վստահաբար: Օ՜, ինչպէ՜ս պիտի սարսռանք, երբ պահ մը կեանքը պատկերացնենք առանց գիրքի: Զարհուրելի դող մը կրնանք ապրիլ, եթէ երեւակայենք թէ գիրքը ստեղծուած չըլլար, տպագրութեան եւ տիպ ու տառին յայտնութիւնները չպատահէին: Իսկապէս, դարակազմիկ գիւտ մը պէտք է համարենք Կիւթէնպէրկի հանճարեղ ստեղծագործութիւնը՝ երբ սկսաւ տպագրութեան ու գիրքի դարաշրջանը: Մի գուցէ՝ յեղաշրջիչ ու լուսաւոր դարաշրջանը:
Այն թիւրըմբռնումը կայ, որ գիրքը կը վերաբերի գրոց-բրոցներու, մտաւորականներու կամ վարժապետներու միայն: Սակայն, ծանօթանալով նշանաւոր մարդոց կեանքին եւ գործունէութեան, անմիջապէս կարելի է նշմարել, որ պետական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ նոյնիսկ զինուորական ասպարէզներու մէջ փայլած դէմքեր, յատուկ պաշտամունք ունեցած են գիրքի հանդէպ: Մինչդեռ, ընթացիկ երեւոյթ է, որ երբ վայրագ զաւթիչներ որպէս ապուռ ձեռք բերեն ձեռագիր մատեաններ, տպագիր հատորներ եւ արձանագրուած տետրեր, կ՛ոչնչացնեն զանոնք, որովհետեւ գիրքը մարդոց համար յիշողութիւն է, սերունդներու պորտալարը, անգնահատելի գանձ մը: Փճացնել գիրն ու գիրքը, համազօր է յանցագործութեան, այսինքն՝ մշակութասպանութեան:
Շատ դիւրին է անծանօթի մը ճանչնալը՝ հետեւեալ հարցումներով.- բնակարանիդ մէջ գրադարան ունի՞ս, գիրք կ՛ընթերցե՞ս, ինչպիսի՞ գիրքեր կը շահագրգռեն քեզ: Եթէ պատասխանները ըլլան բացասական (եւ հաւանական է որ ըլլան), վա՜յ քու դժբախտ վիճակիդ, որ հանդիպած ես նման խօսակիցի: Միւս կողմէ, սերունդներ կերտելու եւ սերունդներու ծանօթանալու համար՝ ստուգեցէք անոնց դասագիրքերը, ընթերցանութեան մակարդակն ու գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնները եւ շուտով կրնանք հասկնալ, թէ ի՛նչպիսի սերունդ կ՛ուռճանայ մեր շուրջ: Այստեղ եւս մռայլ է պատկերը, չըսելու համար՝ յուսահատական:
Դարը համակարգիչի դարն է, ոչ ոք կրնայ առարկել, բայց չէ՞ որ հոն եւս ամփոփուած են հազարաւոր հատորներ՝ աւելի մատչելի ձեւերով: Ուրեմն՝ կարեւորը պրպտելն է զանոնք, գիտնալը, գտնելը եւ կարդալը: Ի զուր չէ, տիտաններ, միտքի հսկաներ, որպէս մտաւոր ժառանգութիւն գիրքեր ու հատորներ կտակած են մարդկութեան: Սա մեծագոյն բարիքն է որ ստացած ենք անաշխատ կերպով, ձրիաբար եւ հեշտութեամբ: Իսկ անոնցմէ չօգտուիլ, կը նշանակէ կամովին մնալ նեղ տուփիկներու մէջ՝ հեռու մտաւոր ու հոգեւոր հորիզոններէ:
Իրօք, խղճալի է ան, որ կը գտնուի շրջապատի մը մէջ, որուն համար գիրքը փոշի կուտակող անպէտք առարկայ մըն է: Մինչ, գիրքը միակ խօսող, կենդանութիւն ունեցող եւ զրուցող իր մըն է, միտքերու հզօր շտեմարան մը, անդին մարդիկ անտարբերութեամբ եւ երեւի քմծիծաղով կը մօտենան գիրքին ու գրադարանին: Երիցս իրաւացի էր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան, որ իր տան գրադարանին վրայ փակցուցած էր հետեւեալ յայտարարութիւն-ծանուցումը՝ «Խնդրում եմ՝ գիրք չխնդրել»: Եւ ի՞նչ չենք պարտիր գիրքին ու գիրին՝ մեր պատմութեան հին էջե՞րը, հայոց շքեղ գրականութի՞ւնը, հոգեւոր ու բարոյական դաստիարակութի՞ւնը, աղօթքներն ու շարականնե՞րը, հերոսական էջերն ու դրուագնե՞րը, ընդհուպ՝ ողբերգութիւններն ու վիշտերը: Ձեւով մը գիրքը հայելի է ժողովուրդի մը անցեալը ցոլացնող, ապրումներն ու խոհերը արտայայտող, հոգեկան գալարումներն ու կսկիծները յիշեցնող:
Այսօր գիրք պիտի նուիրէ՞ք: Չեմ կարծեր: Գիրք նուէր ստանալու ակնկալութիւն ունի՞ք: Չեմ կարծեր: Ինչո՞ւ: Պարզ է, մեր օրերուն՝ ամենահակակրելի նուէրն է գիրքը, աղքատները եւ յետամնացները հետաքրքրող բան մը:
Բայց՝ զգո՛յշ՝ քու ինքնութիւնդ պարտական ես գիրին ու գիրքին: Ուստի՝ փա՛ռք գիրին:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ