Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ ՎԱԶԳԷՆ ԿԱՅԷՆԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ

February 19, 2024
in Մարզական
0
ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ ՎԱԶԳԷՆ ԿԱՅԷՆԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ

Պելճիքայի բռնցքամարտի երիտասարդներու ախոյեանութեան ծիրէն ներս, հայազգի  փայլուն աստղ՝ Հ.Մ.Մ.-ական Վազգէն Կայէնեան կը շարունակէ արձանագրել փայլուն յաղթանակներ։ Ան կը խոստանայ հասնիլ Ողիմպիականի։

Վազգէն Կայէնեան համեստ եւ ժպտադէմ հայրենասէր երիտասարդը հայ գաղութին անունը բարձր պահող մարզիկն է եւ իր շրջապատին կողմէ սիրուած է։

Գորոնա համաճարակի օրերուն իսկ, մեր սիրելի Վազգէնը բռնցքամարտի փորձ-խաղեր եւ ախոյեանութեան հետեւած էր, որոնց շնորհիւ կրցած էր պահել իր վարկը եւ վերադարձած էր  Պելճիքայի ազգային հաւաքական, եւ տարուէ-տարի աւելի ինքնավստահ կը մասնակցի ախոյեանութեան եւ բարեկամական մրցումներուն։

«Արարատե օրաթերթի մարզական էջին մէջ յաճախ անդրադարձ եղած է 2015-էն սկսեալ բռնցքամարտի  մազաձեւին մէջ արձանագրած անոր փայլուն արդիւնքներուն, որ շարունակուելով մինչեւ 2021 ան հանդիսացած է ախոյեան։

Պելճիքայի հանրային հեռատեսիլը գիտակցելով Վազգէնի յաջողութիւններուն յաճախակի հարցազրոյցներ կը կատարէ անոր հետ։

Վազգէնին հայրը՝ մեր սիրելի ընկեր Կարօն, մշտական եւ հետեւողական խորհուրդներ տալով եւ մրցաշարքերու մասնակցելու համար քաղաքէ-քաղաք կ’ընկերակցի Վազգէնին։ Անցեալ ամիսներուն մասնակցած ըլլալով տարբեր մարզիկներու եւ տարիքային այլ խմբաւորումներու մրցաշարքի, Վազգէնը արձանագրած էր պատուաբեր արդիւնքներ։

Վազգէնին ցանկութիւնն է մասնակցիլ ողիմպիական խաղերու, որոնք տեղի պիտի ունենան 2024-ին Փարիզի, իսկ 2028-ին՝ Ամերիկայի մէջ: Պելճիքայի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի տնօրէնութիւնը քաջածանօթ է Կայէնեանին, արձանագրած արդիւնքներուն եւ լրջօրէն կը հետեւի Վազգէնի փորձերուն։ Ան առաջատար է իր խումբին մէջ:

Այսպէս շարունակելով անոր ապագան փայլուն է:

Այս բոլորէն աւելի ուրախ ենք արմատներով հայ ազգի զաւակ ըլալուն։ Գալով Վազգէնի խօսքերուն, ան շատ հպարտ է իր անուն ազգանունով, Հնչակեան եւ Հ.Մ.Մ.-ական ընտանիքէ ըլլալուն:

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր սիրելի Վազգէնին եւ իր հօրը՝ ընկեր Կարոյին ամէն ճիգերուն, սպասելով ախոյեանի տիտղոսներուն։

 

ԳԷՈՐԳ ՎԱՀԱՆ ՏԱՂԼԵԱՆ

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑե ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՎԱՐԴԱՆ ԱՒԵՍԵԱՆՆ ՈՒ ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԸ

Next Post

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՂԱԶԻԷԻ ՎՐԱՅ

Next Post
ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՂԱԶԻԷԻ ՎՐԱՅ

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՂԱԶԻԷԻ ՎՐԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.