Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑե ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՎԱՐԴԱՆ ԱՒԵՍԵԱՆՆ ՈՒ ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԸ

February 19, 2024
in Գաղութային
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑե ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՎԱՐԴԱՆ ԱՒԵՍԵԱՆՆ ՈՒ ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԸ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոցե շքնանշանով պարգեւատրեց քանդակագործ Վարդան Աւեսեանն ու կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը, Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան։ Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիաե թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.)։

Արուեստաբոյր երեկոյեան բացման խօսքը արտասանեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ական Կալի Աւագեան, որ ընդգծեց արուեստի ու մշակոյթի կարեւորութիւնը հայու ինքնութեան կազմաւորման մէջ եւ վեր առաւ երկու արուեստագէտներուն վաստակն ու գործունէութիւնը, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով եզակի ներդրում ունեցած են եւ ունին հայ եւ միջազգային կեանքին մէջ։

Առ այդ, կիրարկուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ներկաները վայելեցին Թետեսքովի «Աւազաթմբերի Միջոցովե կտորը՝ Ներսէս Չուլճեանի դաշնամուրի կատարողութեամբ, Համօ Սահեանի «Հայաստան Ասելիսե բանաստեղծութիւնը՝ Հրակ Մամիկոնեանի մեկնաբանութեամբ, Առնօ Պապաճանեանի «Էլեգիաեն՝ Մարք Կիւլկիւլեանի դաշնամուրի կատարողութեամբ, եւ Խաչատուր Աւետիսեանի «Հովուի Երգըե ու Տիգրան Մանսուրեանի «Կտոր Մը Երկինքե հատուածները՝ Ծաւի ու Սալբի Թորիկեաններու ջութակի ու դաշնամուրի նուագակցութեամբ։

Արուեստագէտներ Վարդան Աւեսեանի եւ Մկրտիչ Միքայէլեանի հարուստ կենսագրականները ներկայացուցին Թամար Սնապեան-Սուրճեան եւ Դոկտ. Էտի Թորիկեան։

Ապա, ընթերցուեցան արուեստագէտներուն պարգեւատրման Հայրապետական սրբատառ Կոնդակները՝ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանի եւ Հոգշ. Տ. Գէորգ Գարակէօզեանի կողմէ, որմէ ետք Արամ Ա. կաթողիկոս Աւեսեանին եւ Միքայէլեանին կուրծքերը զարդարեց հայ եկեղեցւոյ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոցե շքանշանով՝ առ ի գնահատանք անոնց վաստակին ու ազգային սրբազան առաքելութեան։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղեց իր օրհնութեան փակման խօսքը։ Ողջունելէ ետք երեկոն կազմակերպող Միութեան անդամները, բանախօսները, գեղարուեստական յայտագիրին մասնակից երիտասարդ արուեստագէտները, շքանշանակիրները, անոնց ընտանեկան պարագաներն ու ներկաները, Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ մշակոյթին ազգի մը լինելիութեան արտայայտութիւն ըլլալը, ի շարս այլ յատկութիւններու, որ կ՛ապահովէ ազգին ինքնահասկացողութիւնն ու ինքնաճանաչումը։ Ան նշեց, որ մշակոյթը ո՛չ թէ լոկ պահելու եւ պահպանելու ենք, այլ մեզի կ՛իյնայ զայն զարգացնելու պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը, որովհետեւ միայն պահելու եւ պահպանելու պարագային, ազգը կը դատապարտուի ճահճացումի։ Նորին Ս. Օծութիւնը շարունակելով իր խօսքը՝ ըսաւ, որ արուեստագէտը առաքեալ մըն է իր մարզին մէջ, որ ազգերու միջեւ երկխօսութիւն կը ստեղծէ, երկինքն ու երկիրը իրարու կը բանայ եւ երկնային արժէքները երկրաւոր մեր կեանքին մէջ կը թարգմանէ։ Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը հարկիրճ վկայութիւններ տուաւ երկու արուեստագէտներուն մասին եւ մաղթեց, որ անոնց արուեստն ու աշխատանքը, իրենց աշխատելաոճին ու կորովին ընդմէջէն, վարակիչ ըլլան մեր ժողովուրդի կեանքին։

 

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԹՐԱՄՓԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ

Next Post

ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ ՎԱԶԳԷՆ ԿԱՅԷՆԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ

Next Post
ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ ՎԱԶԳԷՆ ԿԱՅԷՆԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ

ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ ՎԱԶԳԷՆ ԿԱՅԷՆԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.