Նիւ Եորքի դատաւոր Խուան Միրշան 25 Մարտը հաստատեց որպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի դատավարութեան սկիզբ: Այս դատին մէջ Թրամփի ուղղուած ամբաստանութիւնն է դերասանուհի Սթորմի Տանիէլզի լռեցումը կաշառքի միջոցով: Նախկին նախագահի պաշտպանութեան խումբը փորձեց յետաձգել այս դատավարութիւնը, իսկ Թրամփ զայն կոչեց քաղաքական միջոց ազդելու համար նախագահական ընտրութեան արդիւնքին վրայ:
Իսկ Աթլանթա քաղաքին մէջ, Թրամփի փաստաբաններու ուրիշ խումբ մը փորձեց ճնշել՝ փոխելու համար դատաւորը այն դատին, որուն մէջ Թրամփ կ’ամբաստանուի 2020-ի ընտրութեան արդիւնքները կեղծելու մէջ: Տակաւին երկու այլ դատեր ալ կան Թրամփի դէմ ու պաշտպան խումբը կը փորձէ բոլոր դատերը յետաձգել Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններէն ետք: