Մարդկային եղբայրութեան միջազգային օրուան առթիւ Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան, դոկտոր Նարիման Ալ-Մուլլան ի սրտէ շնորհաւորած է մարդիկը ամբողջ աշխարհի մէջª ընդգծելով, որ այս օրը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, քանի որ կ՛ընդգծէ տարբեր համայնքներու միջեւ միասնութեան, փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան խթանման կարեւորութիւնը:
Դեսպանը յիշեցուցած է, որ 21 Դեկտեմբեր 2020 թուականին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովը ընդունեց բանաձեւª 4 Փետրուարը Մարդկային եղբայրութեան միջազգային օր հռչակելու մասինª հրաւիրելով բոլոր անդամ պետութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները ամէն տարի նշել այդ օրը:
ՙՄարդկային եղբայրութեան միջազգային օրը ոգեկոչուած է աշխարհի երկու մեծ կրօնական առաջնորդներուª Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի եւ Մեծ Իմամ Ալ-Ազհար Ահմետ Ալ-Թայէպի կողմէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ 4 Փետրուար 2019 թուականին Մարդկային եղբայրութեան մասին պատմական փաստաթուղթի ստորագրմամբ՚, յայտնած է դեսպանըª յաւելելով, որ օրը միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան, հանդուրժողականութեան, կարեկցանքի ու համերաշխութեան ամէնամեայ տօն է£ Սա նաեւ կոչ է Մարդկային եղբայրութեան մասին փաստաթուղթին մէջ ուրուագծուած արժէքները գործի դնելու, աւելի խաղաղ աշխարհ կառուցելու համար:
ՙՄենք կը կարծենք, որ Մարդկային եղբայրութեան մասին փաստաթուղթի արժէքները առանցքային են խաղաղութեան հաստատման համար բոլոր մակարդակներովª անհատներու, կազմակերպութիւններու, ազգերու եւ նոյնիսկ մարդկութեան ու շրջակայ միջավայրին միջեւ՚, ըսած է դեսպանըª ընդգծելով, որ ՄԱԿ-ի կողմէ ճանցչուած Մարդկային եղբայրութեան միջազգային օրը նպատակ ունի հանրային ուշադրութիւնը հրաւիրել պատմական փաստաթբւղթի ստորագրման հերթական տարեդարձին վրայ:
Դեսպանը նշած է, որ Մարդկային եղբայրութեան միջազգային օրը այն առանցքային նախաձեռնություններէն է, որ կը վերահսկուի Մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէին կողմէ, որ իր հերթին կը մարմնաւորէ մարդկային եղբայրութեան սկզբունքներն ու կը ներկայացնէ զանոնքª որպէս վառ գործնական օրինակներ£ Կոմիտէն անկախ կազմակերպութիւն է, որ ստեղծուած էª խթանելու մարդկային եղբայրութեան արժէքները ամբողջ աշխարհի համայնքներուն մէջ եւ իրականացնելու Մարդկային եղբայրութեան մասին փաստաթուղթի ձգտումները:
ՙՄեր առաքելութեան միջոցով մենք կը նախատեսենք ունենալ սրտաբաց համայնքներու աշխարհ, ուր բոլոր խաւերու մարդիկ միասին կ՛ապրին ներդաշնակօրէնª որպէս մէկ մարդկային ընտանիք: Մենք կը հաւատանք, որ մարդկային եղբայրութեան արժէքները համամարդկային են: Անոնք ուժ ունին եւ կրնան ներդաշնակութիւն ստեղծել աշխարհի մարդոց միջեւª չպահանջելով միօրինակութիւն£ Մենք նուիրուած ենք ամբողջ աշխարհին մէջ այդ արժէքներու յառաջխաղացման ու պահպանման գործին: Կը հաւատանք, որ այս արժէքները կը հանդիսանան խաղաղ գոյակցութեան ստեղծման բանալին անհատներու եւ ազգերու միջեւª անկախ դաւանանքէն, ցեղէն կամ կրօնքէն՚, նշած է Ալ-Մուլլան£
Անդրադառնալով Մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի նախաձեռնութիւններունª դեսպանը ընդգծած է, որ բացի միջազգային օրը նշելու նախաձեռնութենէն, կոմիտէին կողմէ մեկնարկած են հանդուրժողականութեան եւ մարդկային եղբայրութեան արժէքներու տարածման այլ նախաձեռնութիւններ, որոնցմէ ամենայայտնին են Աբրահամեան ընտանիքի տան հիմնադրումն ու Զայետ մրցանակաբաշխութիւնը:
ՙԱբրահամեան ընտանիքին տունը միջկրօնական համալիր է Ապու Տապիի մէջ, որ առաջնորդուելով ՙՍիրեցէք ձեր մերձաւորը՚ պատգամովª նպատակ ունի համախմբել տարբեր դաւանանքներու մարդիկ եւ ընդհանուր հիմքի վրայ սորվիլ իրար: Աբրահամեան ընտանիքին տունը պատմութեան մէջ առաջին տարածքն է, ուր ներդաշնակօրէն համադրուած են եկեղեցին, մզկիթը եւ սինակոկը: Ծառայելով որպէս միջկրօնական երկխօսութեան հարթակª Աբրահամեան ընտանիքին տունը կը պահպանէ իւրաքանչիւր կրօնքիª յուդայականութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամի եզակի բնութագրերը իրենց առանձին պաշտամունքային վայրերով՚, տեղեկացուցած է Ալ-Մուլլան£
Ինչ կը վերաբերէ մարդկային եղբայրութեան Զայետ մրցանակին, դեսպանը ըսաւ, որ այն կը մեծարէ անհատները, կազմակերպութիւնները եւ այլոք, որոնք զբաղած են այնպիսի աշխատանքով, որ մեծ ներդրում կ՛ունենայ մարդկային եղբայրութեան ամրապնդման մէջ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այդ անկախ համաշխարհային մրցանակ է, որ կը սահմանէ մէկ միլիոն տոլար մրցանակ եւ կոչուած է ոգեշնչելու բոլոր մարդոց, որոնք կ՛աշխատին իրենց համայնքներուն մէջ յանուն մարդկային եղբայրութեան:
ՙԱյս նախաձեռնութիւններուն միջոցով մենք կը ձգտինք նպաստելու ամբողջ մարդկութեան համար կայուն ընկերային ներդաշնակութեանª
– Խորացնել մարդու արժանապատուութիւնը պաշտպանող եւ միջազգային համերաշխութիւնը խթանող մշակոյթներուն միջեւ մարդկային եղբայրութեան եւ համակեցութեան արժէքները:
– Խթանել խաղաղ, արդար, հանդուրժող եւ ընկերային գետնի վրայ ներառական հասարակութիւններըª զերծ մնալով ցեղապաշտութենէն, խտրականութենէն եւ բռնութենէն:
– Հզօրացնել կիները, երիտասարդութիւնը, խոցելի խումբերը եւ լուսանցքայնացուած համայնքները, որպէսզի ոչ ոք ետ մնայ:
– Ազդել օրէնսդրութեան, քաղաքականութեան եւ գործելակերպին վրայ, որոնք կը նպաստեն մշակութային եւ կրօնական հանդուրժողականութեան պարտադրման:
– Զարգացնել պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական կրթական համակարգերը, որոնք կը սորվեցնեն մարդկային եղբայրութեան արժէքները:
– Քաջալերել փորձառութիւններն ու այն ծրագրերու ստեղծումը, որոնք կը ներառեն մարդկային եղբայրութեան արժէքները ժամանակակից հասարակութիւններուն մէջ:
– Աջակցիլ կրօնական հաստատութիւններուն միջեւ համատեղ գործողութիւններուն, ամրապնդել կրօններու դերը խաղաղութեան եւ մարդկային եղբայրութեան հասնելու գործին մէջ:
– Պաշտպանել Երկիր մոլորակին բնապահպանական համակարգերըª կլիմայական ճգնաժամն ու բնապահպանական վատթարացումը համարելով որպէս հրատապ բարոյական խնդիրներ, որոնք կը սպառնան աշխարհի ապագային:
– Խթանել գործընկերութիւն եւ սերտ համագործակցութիւն պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ այլ կառոյցներու միջեւª աջակցելու ընդհանուր նպատակներուն՚, եզրափակած է դեսպանը: