Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԱՀԻՏ ԳԱԼՍՏԵԱՆ. ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՊՐԵԼՈՒ ԲԱՐԴ ՄԵԽԱՆԻԶՄՆԵՐԸ

February 6, 2024
in Յօդուածներ
0
ԱՆԱՀԻՏ ԳԱԼՍՏԵԱՆ. ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՊՐԵԼՈՒ ԲԱՐԴ ՄԵԽԱՆԻԶՄՆԵՐԸ

Լոռիի չքնաղ բնութեան մէջ մեծցած Անահիտ Գալստեանին փոքր տարիքին կը հետաքրքրէր, թէ ինչպէս մեղուները կը հաղորդակցուէին, ինչպէս կը գտնէին ծաղիկներ, կամ ինչպէս բոյսերը գիտէին, թէ երբ պէտք է ծաղկիլ, եւ, ընդհանրապէս, ինչպէ՞ս բնութիւնը կը գործէ:

ՙԴպրոցական տարիներէն բնագիտական առարկաներու նկատմամբ մեծ սէր ունէի, եւ մինչեւ այժմ այդպէս է£ Ինծի համար պարզ էր, որ այդ ուղղութեամբ պէտք է շարունակէի կրթութիւնս: Սկիզբը, ի հարկէ, բժիշկ կ՛ուզէի դառնալ, բայց չյաջողեցաւ եւ անոր համար հիմա շատ ուրախ եմ: Իմ մասնագիտութեանս ընտրութիւնը շատ պատահական եղաւ: 9-րդ դասարանին ինծի հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ ընդունուիլ Գիւղատնտեսական ակադեմիայի (այժմª ՀԱԱՀ) վարժարանը, որ նախապատրաստական տարի էր: Այստեղէն ալ սկսաւ ամէն ինչ£ Մէկ տարի այնտեղ ուսանելէ յետոյ, որոշեցի դիմել բոյսերու ծագումնաբանութեան բաժին, յաջողութեամբ ընդունուեցայ 1999-ին: Ի հարկէ, այդ ժամանակ բոյսերը շատ հաճելի էին ինծի համար, բայց դեռ չէի գիտեր, թէ ինծի ինչ կը սպասէր՚, կ՛ըսէ Անահիտը£

Բոյսերու ծագումնաբանութեան եւ ընդհանրապէս ծագումնաբանութեամբ զբաղելու իրական ոգեշնչում եղաւ 2-րդ տարուան մէջ, իսկ միակ ՙմեղաւորը՚ ծագումնաբանութեան դասախօս Աղասի Կարապետեանն էր:

ՙԱն իր մասնագիտութեան նուիրեալն էր եւ անչափ տաղանդաւոր գիտնական, որ կը վարակէր իր ներուժով եւ գիտութեան նկատմամբ սիրով: Կը փափաքի, որ անոր նման դասախօսներ շատ ըլլային, որպէսզի երիտասարդ սերունդներուն համար գիտութիւնը ըլլար նոյնքան հրապուրիչ եւ գունեղ, ինչքան ինծի համար՚, կ՛ըսէ Անահիտը:

 

Բոյսերու ծագումնաբանութեան զարմանահրաշ աշխարհը

Անահիտը մասնկային կենսաբան եւ ծագումնաբան է, մասնագիտացածª համակարգերու կենսաբանութեան եւ եղափոխութեան ոլորտին մէջ£ Կ՛ուսումնասիրէ, թէ ինչպէս բոյսերը կ՛ընկալեն արտաքին միջավայրի ազդակները, օրինակª լոյսը, ջերմաստիճանը եւ սննդանիւթերը եւ, համապատասխանաբար, կը կարգաւորեն իրենց աճը£

ՙՈչ ամենալաւ պայմաններու մէջ, օրինակ, կենդանիները կրնան տեղաշարժիլ եւ գտնել աւելի լաւ պայմաններ, այպիսովª խուսափելով հետեւանքներէն£ Բոյսերը, այդ նոյն պարագային, չեն կրնար տեղաշարժիլ եւ եղափոխութեան ընթացքին ձեւաւորած են բարդ եւ աշխոյժ ծագումնաբանական մեխանիզմներ, որոնք թոյլ կու տան վայրկեաններու ընթացքին յայտնաբերել արտաքին միջավայրի տատանումները, վերակազմաւորել ծագումնաբանական փոխազդեցութիւնները եւ համապատասխան ամենայարմար աճ ապահովել տուեալ արդէն փոփոխուած պայմաներու մէջ՚, կը պատմէ գիտնականը£

2020-էն Անահիտը Քյոլնի համալսարանին մէջ ուսումնասիրած է, թէ ինչպէս բորակածինը (ազոթ) կը կարգաւորէ բոյսերու աճըª փոփոխելով բոյսերուն ներքին հորմոնային յարաշարժութիւնըª կաղամբազգիներու ընտանիքին մէջ£ Ան կ՛ըսէ, որ սա գիտական տեսակէտէն խիստ հիմնարար ուսումնասիրութիւն է, որ ոչ միայն պիտի օգնէ հասկնալ բոյսերու ծագումնաբանական յարաշարժութիւնը եւ աճը, այլեւ այդ գիտական արդիւնքները հետագային կրնան ունենալ կարեւոր կիրառական նշանակութիւն£

ՙՊիտի կարենանք ծագումնաբանօրէն բարելաւուած գիւղատնտեսական մշակաբոյսեր ստեղծել, որոնք կրնան աճիլ նուազագոյն նիտրատային պարարտանիւթերու օգտագործմամբª ապահովելով աւելի արդիւնաւէտ գիւղատնտեսութիւն՚£

 

Յետհայեացքª առաջին դժուարութիւններուն եւ հնարաւորութիւններուն

2003 թուականին գիւղատնտեսական ակադեմիան գերազանց աւարտելէ յետոյ, ինծի համար պարզ էր, որ ծագումնաբանական գիտութեամբ զբաղելու համար Հայաստանի մէջ մնալը տարբերակ չէր: Պատճառները մի քանի էին. օրինակ, արդիականացուած աշխատանոցներ գրեթէ չկային բոյսերու ծագումնաբանական ոլորտին մէջª ամէն ինչ կը կատարուէր խորհրդային ժամանակներէ ժառանգուած ոչ-արդիական սարքաւորումներով եւ չնայած, որ աւագ սերունդի տաղանդաւոր գիտնականներ շատ կային, չկար պատշաճ գիտական միջավայր:

Միւս եւ ամենակարեւոր խնդիրը ֆինանսական հարցերն էին: Մագիստրոսական ուսանողները գիտական գործընթացներու մէջ ընդգրկելը չէր վարձատրուիր£ Այդ կը նշանակէր, որ երկրորդ աշխատանք պէտք է գտնէիր ֆինանսական եւ կենցաղային հարցերը լուծելու համար£ Այսինքնª կը ստացուէր, որ գիտութեամբ զբաղիլը կը դառնար չվարձատրուող կամ քիչ վարձատրուող նախասիրութիւն£ Ուսանողական վերջին տարին այդ պատկերը ինծի համար արդէն պարզ էր£ Այդ պատճառով սկսայ անգլերէնի վրայ աշխատիլ եւ դիմել միջազգային մագիստրոսական ծրագրերու£

2003-ի Օգոստոսին ստացայ շատ սպասուած ելեկտրոնային նամակը, որ ինծի շնորհուած էր կրթաթոշակª Յունաստանի, Քրեթէ կղզիի Mediterranean Agronomic Institute of Chania-ի (MAICh) մագիստրոսական բաժնինª բոյսերու ծագումնաբանական եւ կենսա-արուեստագիտական ծրագրին մէջ, ուսումս շարունակելու համար£ Այդ իսկապէս ճակատագրական իրադարձութիւն էր, որ սկիզբ դրաւ իմ գիտական ճանապարհորդութեան£

Աւարտելէ յետոյ, արդէն ունէի առաջին աշխատանոցային փորձառութիւնս մասնկային կենսաբանութեան եւ ծագումնաբանական ոլորտին մէջ, որ ինծի հնարաւորութիւն տուաւ ձեռք բերելու եւս երկու կրթաթոշակª դոկտորական աշխատանքս իրականացնելու համար£ Պարսելոնայի ԱՊՀԿ-ի մէջ (CRAG) ինծի բախտ վիճակուեցաւ դոկտորական թեզի ընթացքին աշխատելու անչափ տաղանդաւոր գիտնական Խայմէ Մարթինեզի խումբին մէջ, որ իմ գիտական ասպարէզիս վրայ մեծ հետք թողեց£ Դոկտորական շրջանը, երիտասարդ գիտնականի համար ձեւաւորման ամենակարեւոր շրջան է, երբ ոչ միայն ձեռք կը բերես փորձնական հմտութիւններ, այլեւ կը սորվիս մտածել եւ դատել ինչպէս գիտնական£

 

Միջազգային գիտական ուղիիª բացուած դուռը

Յաջորդ հինգ տարիներու ընթացքին աշխատեցայ իմ դոկտորական թեզիս վրայ, որ ուղղուած էր հասկնալուն, թէ բոյսերը ինչպէս կ՛ընկալեն եւ կ՛արձագանքեն լոյսի որակի եւ քանակի տատանումներուն, եւ, ըստ այդմ, կ՛ուղղորդեն իրենց աճը£ Թեզս մեծ յաջողութեամբ պաշտպանեցի բոյսերու մասնկային կենսաբանութեան եւ ծագումնաբանութեան ոլորտին մէջª 2011-ին, որմէ տպագրուեցան տասը յօդուածներ առաջատար գիտական ամսագրերու մէջ£ Անկէ յետոյ, հրաւէրներ ստացայ աշխատելու ԱՄՆ-իª Սէաթլի Ուաշինկթընի համալսարանին մէջմª երեք տարի, իսկ վերջին հինգ տարուան ընթացքինª Գերմանիոյ, Քյոլնի Մաքս Փլանքի Բուսաբուծական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ£

Վերջինս իսկապէս մեծ հնարաւորութիւն էր, քանի որ Մաքս Փլանքի հիմնարկը ունի գրեթէ անսահման ֆինասական հնարաւորութիւններ եւ ամենավերջին սարքաւորումներն ու արհեստագիտութիւնները մեր ոլորտին մէջ£ Այդ թոյլ կու տայ ունենալ գիտա-ստեղծագործական մեծ ազատութիւն եւ աւելի արկածախնդրական ծրագրեր նախաձեռնելու հնարաւորութիւն, ինչ որ աւելի շատ նորարական արդիւնքներ կրնան ունենալ£

Բոլոր ուսանողներուն խորհուրդ կու տամ փնտռել հնարաւորութիւններ միջազգային փորձ ձեռք բերելու, գիտութեամբ զբաղելու տարբեր միջավայրներէ սորվելու եւ հետապնդել իրենց գիտական երազանքները£ Գիտնականին մասնագիտութիւնը հեշտ չէ եւ շատ ինքնազոհութիւններ կը պահանջէ, ցաւօք, բայց արժէ փորձել, քանի որ ոչ-բոլոր մասնագիտություններուն մէջ հնարաւոր է ամէն օր նոր բան սորվիլ եւ յայտնաբերել£

 

Մրցունակ գիտնականներ ունենալու հնարաւորութիւնը

Հայաստանի մէջ բուսաբանութիւնը եւ աւելի կիրառական բուսաբուծութիւնը խորհրդային տարիներուն եղել է շատ բարձր մակարդակի վրայ£ Ունեցած ենք շատ տաղանդաւոր գիտնականներ£ Վերջին տարիներու ընթացքին, շատ հետաքրքրական կիրառական ծրագրեր կ՛իրականացուին ՀԱԱՀ-ի մէջ, յատկապէս կանաչ գիւղատնտեսութեան հետ կապուած£

Իմ կարծիքովª Հայաստանի մէջ գիտութեան ոլորտին մէջ ունինք երկու հիմնական խնդիրª համակարգային եւ ֆինանսական£ Համակարգային խնդիրներէն մէկը մրցունակ եւ արհեստավարժ աշխատակազմ պատրասելն ու պահելն է£ Օրինակª վճարովի փորձառական շրջանի մէջ գտնուողներու միջոցով ուսանողները գիտական հոլովոյթներուն լիակատար մասնակից դարձնելը£ Գիտական աստիճանաւորման նոյնականացումը, ըստ միջազգային ցուցանիշերու£ Հայաստանի մէջ յաճախ հանդիպող երեւոյթ է, երբ մարդը կրնայ ստանալ գիտական կոչումª առանց որեւէ գիտական յօդուած տպագրելու, առանց տուեալ ոլորտի միջազգային գրականութիւնը ուսումնասիրելու£ Սա այն պարագային, երբ կենսաբանութիւնը շատ արագ զարգացող ոլորտներէն է, ուր գրականութեան լեզուն անգլերէնն է, եւ ամէն օր նոր յօդուածներ կը տպագրուին£

Միջազգային փորձը ցոյց կու տայ, որ հնարաւոր է պատրաստել մրցունակ գիտնականներ, որոնք, բացի խիստ մասնագիտական փորձէ, նաեւ կը տիրապետեն անգլերէնին, որ թոյլ կու տայ տպագրուիլ միջազգային մակարդակով, ինքնուրոյն պատրաստել դրամաշնորհներու դիմումներ եւ համագործակցիլ Հայաստանէն դուրս£ Հայաստանի մէջ այս միջավայրը արդէն կայ որոշ հաստատութիւններու մէջ, այն պէտք է ընդօրինակել եւ կիրառել£ Այդ օրինակելի հաստատութիւններէն մէկը Մոլեքուլային կենսաբանութեան հիմնարկն է, որուն աշխատանքներուն մեծ ոգեւորութեամբ կը հետեւիմ£

Ֆինանսաւորման խնդիրներէն մէկը, գիտնականի մասնագիտութիւնը գրաւիչ եւ կայուն դարձնելն է£ Շատ ուրախ եմ, որ վերջին տարուան ընթացքին գիտութեան պետական յատկացումներու աւելացման հիմնախնդիրը կը բարձրաձայնուի տարբեր հարթակներու վրայ£ Այդ արդէն իսկ փոքր, բայց կարեւոր ձեռքբերումներու սկիզբ դրած էª գիտութեան ֆինանսաւորման աճ եւ գիտաշխատողներու աշխատավարձի բարձրացման պետական նախագիծ£ Դեռ շատ ընելիքներ կան գիտութեան զարգացումը եւ լիարժէք ֆինանսաւորումը պետական շահերու եւ ռազմավարութեան մէջ ընդգրկելու համար£ Նաեւ նկատած եմ, որ գիտութեան պետական ֆինանսաւորումը հիմնականին մէջ ուղղուած է կիրառական հետազօտություններուն£ Ի հարկէ, անոնք կարեւոր են, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ առանց հիմնարար գիտութեան չի կրնար ըլլալ կիրառական գիտութիւն£ CRIPR/Cas ծինային բարեփոխման արհեստագիտութիւնը անոր վառ օրինակներէմ է կենսաբանութեան ոլորտին մէջմ£

Բուսաբանական տեսակէտէ, Հայաստանը շատ մեծ հնարաւորութիւններ ունի գիտութեան համար£ Հայաստանի մէջ կայ հսկայական բուսական կենսաբազմազանութիւն, որ օժտուած է տարբեր կլիմայական պայմաններու մէջ աճելու եղափոխական պատշաճումներով£ Այդ կարելի է օգտագործել հիմնարար հետազօտութիւններ կատարելու համար, այդ մեխանիզմները հասկնալու եւ հետագային զանոնք կիրառելու բուսաբուծութեան մէջª բարելաւուած տեսակներ ստեղծելու համար£ Այդ հնարաւոր է պատշաճ ֆինանսաւորման եւ ենթակառուցուածքային արդիականացման պարագային£

 

Փոխակերպման հզօր գործօնը

Իմ կարծիքովª արտասահմանի մէջ յաջողութիւններու հասած հայ գիտնականները, Հայաստանի մէջ գիտութեան համար փոխակերտման հզօր գործօն կրնան ըլլալ£ Բացի կարեւոր մասնագիտական գիտական փորձէն, որ ուղղակիօրէն պիտի կիրառուի իրենց գիտական ոլորտի զարգացման վրայ, անոնք նաեւ պիտի բերեն իրենց միջազգային կապերը եւ համագործակցութիւնները, այդպիսովª ընդլայնելով Հայաստանի գիտական շփման եզրերը£ Ոչ-պակաս կարեւոր է նաեւ անոնց փորձը գիտութեան կառավարման տարբեր միջազգային հաստատութիւններուն մէջ£ Այդ կրնայ համախմբել եւ ստեղծել նոր եւ արդիւնաւէտ գիտական կառավարման համակարգ մը, որ չի կրկներ միջազգային չաշխատող մեխանիզմները, բայց կ՛ընդգրկէ արդիւնաւէտ փորձըª Հայաստանի մէջ ներդնելու համար£

Գիտական սփիւռքի ներդրումը տեղ հասցնելու համար հարկաւոր է պետական աջակցութիւն եւ ֆինանսաւորում, ֆինանսաւորում, ֆինանսաւորում£ Պետական կայուն ռազմավարութիւն պէտք է, քանի որ այդ կարճ ժամկէտներու էջ իրագործել հնարաւոր չէ£ Օրինակª կարելի է ստեղծել պետական ծրագիր, ամէն տարի Հայաստան բերել 5-10 միջազգային մակարդակով մրցունակ գիտնականներ£ Այդ հնարաւոր է միայն գրաւիչ պայմաներու պարագային:

Արտերկրի մէջ, մշտական հաստիքի աշխատատեղեր քիչ կան£ Այդ գործօնը, Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ օգտագործելª առաջարկելով մշտական գիտական հաստիքներ եւ նախնական հինգ տարուան կտրուածքով նուազագոյն ֆինանսաւորում£ Բացի անկէ, նաեւ պէտք է պատշաճ գիտական միջավայր ստեղծել, որպէսզի այդ գիտնականերուն համար Հայաստանի մէջ մնալը գրաւիչ դառնայ£ Սա միայն մէկ օրինակ է, թէ ինչպէս Հայաստանի մէջ գիտութիւնը կրնայ փոխակերպման ենթարկուիլ մօտ ապագայինª մէկ ֆինանսաւորման գործիք ճիշդ եւ հետեւողական օգտագործելու պարագային£

 

ՙmediamax՚

(2021)

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄԷ ԴԵՍՊԱՆ, ԴՈԿՏՈՐ ՆԱՐԻՄԱՆ ԱԼ-ՄՈՒԼԼԱՆ ՈՂՋՈՒՆԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸª ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Next Post

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.