ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱԶԳԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՀԱՅՐª
ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆ (1820-1907) – Գ. ՄԱՍ
Մկրտիչ Խրիմեան կը համարուի ԺԹ. դարու հայ իրականութեան ամենապայծառ դէմքերէն մէկը: Ժողովուրդին ուղղութիւն տուող հայրիկն էր ան: Հայ ժողովուրդը այնքան սիրեց եւ յարգեց զինք, որ իրեն տուաւ Հայրիկ տիտղոսը: Տիտղոս մը, որ քիչ մարդոց տուած է մեր երախտագէտ ժողովուրդը: Ան որպէս Վանի առաջնորդ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս, հասարակական-քաղաքական եւ հոգեւոր-մշակութային գործիչ, մտաւորական ու գրող մեծ դեր ունեցաւ հայ ժողովուրդի զարթօնքին մէջ:
Ծնած է Վանի մէջ եւ ուսումը ստացած է Վանայ լիճին վրայ գտնուող Լիմ եւ Կտուց կղզիներու վանքերուն մէջ:
Խրիմեան տարած է եռանդուն գործունէութիւն հայ գիւղացիին ծանր վիճակը թեթեւցնելու, թուրք եւ քիւրտ աղաներու, պետական պաշտօնեաներու հարստահարութիւնները սահմանափակելու ուղղութեամբ£ Ժողովուրդը Մկրտիչ Խրիմեանը մեծարած է ՙՀայրիկ՚ պատուանունով£ Ժողովրդանուէր գործունէութեան համար թրքական կառավարութիւնը զինք համարած է քաղաքականապէս անբարեյոյս հոգեւորական եւ փակած է դպրոցն ու տպարանը£
1868 թուականին Էջմիածինի մէջ օծուեցաւ եպիսկոպոս, 1869 թուականին Կ. Պոլսոյ Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուեցաւ Կ. Պոլիսի հայոց պատրիարք£
Իբրեւ պատրիարք Ազգային ժողովի քննարկումին դրած է Ազգային սահմանադրութեան վերանայման, գաւառի հայութեան հարստահարութիւններու, հոգեւոր առաջնորդներու ընտրության հարցերը£ Պայքարած է ամբողջ արեւմտահայութեան շահերը Ազգային ժողովին մէջ ներկայացնելու, գաւառական երեսփոխաններու թիւը աւելացնելու համար£
Անոր նախաձեռնութեամբ հաստատուած է գաւառի հայութեան հարստահարութիւնները քննող յանձնաժողով, որուն պատրաստած տեղեկագիրը Ազգային ժողովը 1872 թուականին ներկայացուցած է Բարձր Դուռին կամ սուլթանին£ Այդ գործունէութիւնը յարուցած է թրքական կառավարութեան եւ Կ. Պոլսոյ հայ մեծահարուստներուն դժգոհութիւնը, որոնց գործադրած սադրանքներուն պատճառով Խրիմեանը 1873 թուականի Օգոստոսին հրաժարած է պատրիարքութենէն£
Իբրեւ 1878 թուականի Պերլինի վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան ղեկավար, նախապէս այցելած է եւրոպական մեծ տէրութիւններու (Իտալիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա) պետական պաշտօնեաներուն, պատրիարքարանի կազմած տեղեկագիրը ներկայացուցած է Պերլինի վեհաժողովինª յոյս ունենալով դիւանագիտական ճանապարհով լուծել Հայկական հարցը£
Հիասթափուած անոր արդիւնքներէնª շրջադարձ կատարած է դէպի ազգային-ազատագրական պայքարը£
1879 թուականին ընտրուած է Վասպուրականի հոգեւոր առաջնորդ, եռանդուն գործունէութիւն ծաւալած է այդ նահանգին մէջ, օժանդակած է Վանի ՙՍեւ խաչ՚ եւ Կարինի ՙՊաշտպան հայրենեաց՚ գաղտնի կազմակերպութիւններու հիմնումին ու գործունէութեան£ Անոր առնչելով արեւմտահայ գաւառներու ժողովրդական յուզումներըª 1885-ին Բարձր Դուռը զինք կը կանչէ Կ. Պոլիս£
Չնայած խիստ հսկողութեան, Խրիմեան Հայրիկը այդտեղ եւս կը ծաւալէ հասարակական գործունէութիւն£
(Շարունակելի)
ԵՐԿՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՄԽՐՃՈՒՈՂ ՔԱՂԱՔՆԵՐ
Վերջին տարիներուն ամերիկացի երկրաբաններ նկատած են, որ արեւելեան ծովեզերքի մեծ քաղաքներու հողը կամաց-կամաց կը մխրճուի ովկիանոսին մէջ: Նիւ Եորք, Պոսթըն, Մայամի, Նիւ Ճըրզի, Աթլանթիք Սիթի եւ Ճէքսընվիլ ամէն տարի մօտաւորապէս 0,2 ինչ կը մխրճուին: Ըստ գիտնականներուն, պատճառները բնական եւ մարդկային են: Այս հոլովոյթը արագացում արձանագրած է վերջին տարիներուն:
Բնական պատճառներէն մէկն է, կլիմայի տաքացումին պատճառով, սառերու հալիլը ու Ատլանտեան ովկիանոսի մակարդակին բարձրացումը: Իսկ մարդկային պատճառներէն մէկն է բարձր շէնքերու շինութիւնը այս քաղաքներուն մէջ ու հողը չի կրնար շալկել այդ ծանրութիւնը ու կը սկսի տեղի տալ անոր բեռան տակ: Նաեւ ստորերկրեայ ջրային աղբիւրներու օգտագործումը կը պարպէ հողը հաստատուն պահող կարեւոր գործօն մը: Այդ քաղաքներուն մէջ հողին որակն ալ ՙթոյլ՚ կը համարուի ու այդ ալ պատճառներէն մէկն է այս մխրճումի հոլովոյթին:
Աղբիւրª https://www.livescience.com
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԻՍԼԱՄԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ – Զ.ՄԱՍ
Այս թիւով պիտի շարունակենք սերտողութիւնը ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Ան-Քլեմանթին Լարոքի երկին, որուն մէջ մասնագէտը կը ներկայացնէ իսլամը որպէս կրօնք եւ քաղաքական իշխանութեան հասնելու ձեւ: Պիտի սերտենք նաեւ, թէ ինչպէս կարգ մը երկիրներ իսլամը կը շահագործեն որպէս քաղաքացիական պատերազմի զէնք ու իշխանութեան հասնելու ձեւ:
Առաջին իսլամական դպրոցը հիմնուեցաւ խալիֆա Ալ Մամունի իշխանութեան օրերուն, իսլամական օրէնքի մասնագէտ Ահմատ Իպն Հանպալի (780-855) կողմէ: Այս դպրոցի հետեւորդները կոչուեցան ՙԱլ հանպալիա՚: Այս դպրոցը ունէր կրօնքի երեք հիմնական կէտեր, որոնք անբեկանելի պէտք է ըլլային: Առաջինըª ՙՔորան՚ի բացատրութեան պէտք չկայ, որովհետեւ ան ամբողջական է ու բացատրութեան պէտք չունի: Ինչ որ պիտի բացատրուի պէտք է ՙՔորան՚էն դուրս ըլլայ: Բացատրողը պէտք է ըլլայ կրօնքի մասնագէտ մը կամ ՙալէմ՚ մը: Բացատրութիւնը պէտք է արժանանայ իսլամ համայնքի ամբողջական հաւանութեան: Ուրեմն, ինչպէս կը նկատենք, այս դպրոցը խիստ էր ՙՔորան՚ի հանդէպ ու չէր ընդուներ որեւէ բացատրութեան անոր մէջ յիշուած որեւէ կէտի: Այս դպրոցը ապագային դարձաւ հիմը ՙուահապի՚ եւ ՙսալաֆի՚ դպրոցներուն:
Այս դպրոցը դէմ դրաւ աւելի ազատական դրպրոցի մըª ՙմուհթազիլա՚ի: ՙՀանպալի՚ դպրոցը շատ խիստ էր ու քանի մը առիթներով Իպն Հանպալ խալիֆային կողմէ ձերբակալուեցաւ ու պատիժի ենթարկուեցաւ իր կարծր կեցուածքներուն համար:
(Շարունակելի)
ՙGeopolitique Des Islamismes՚, Anne-Clementine Larroque, Point Delta 2014
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
ՄԵՐ ՅԱՋՈՐԴ ՔԱՅԼԸ – ՔՆՆԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
Այս բաժինին մէջ պիտի սկսինք քննական ակնարկ մը նետել մեր գոյութեան ու ընելիքին վրայ որպէս հին ժողովուրդի մը զաւակներ: Ո՞ւր ենք այսօր եւ ո՞ւր կ’երթանք: Ճիշդ ձեւով քննութիւն կատարելու համար, առաջին քայլը պաղարիւն, առանց կողմնակալութեան աշխատիլն է: Միակ ձեւը գիտական-վերլուծական աշխատանք կատարելն է: Տուփէն դուրս մտածելն է, որ պիտի առաջնորդէ մեզ գտնելու ամենայարմար լուծումը մեր հարցերուն որպէս տարագրուած, սակայն հզօր կամք ունեցող ժողովուրդի մը զաւակներ: Անցած է ժամանակը ըլլալու խեղճ ու հացի կարօտ, ըլլալու խնդրարկու օտար դեսպանատուներու առջեւ:
Այն շարժումը, որ մեզ զրկեց մեր հայրենի հողէն, ունէր մեծ նպատակ մըª մեզ ստրկացնել ու վերածել անդէմ ու անհայրենիք մարդոց խումբի մը: Մեզ զրկեց մեր հայ քաղաքացի ըլլաու իրաւունքէն: Միջին Արեւելքի հիւսիսային մասը պարպեց իր բնիկ տարրերէնª յոյն, հայ, ասորի, սուրիանի եւ այլ ժողովուրդներ: Հողին վրայ մնացին միայն քիւրտեր ու իսլամացած հայեր, որոնք ստիպուած, մնալու համար իրենց հայրենքին մէջ ու ջարդի չենթարկուելու համար, ընդունեցին իսլամ կրօնքը: Անոնց մեծամասնութիւնը երեխաներ կամ պատանիներ էին, որոնց ծնողքը ջարդուեցան ու միայն իրենք փրկուեցան քիւրտ կամ արաբ դրացիներու օժանդակութեամբ:
Այս կէտէն պիտի սկսինք քննարկել մեր ներկայ վիճակը ու ապագայի հեռանկարները:
(Շարունակելի)
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ – Զ. ՄԱՍ
Այս շարքով պիտի շարունակենք ներկայացնել Լիբանանի մէջ հայերու գոյութեան մասին: Շատ հին ժամանակներէ հայ ժողովուրդի զաւակներ կայք հաստատած են Միջերկրական Ծովու արեւելեան ծովափի շրջանին, Անտիոքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ:
Գրիգոր Տղայ կաթողիկոսի ժամանակª Սուրիան (Լիբանան ալ ընդգրկելով) հայկական կազմակերպեալ գաղութ մըն էր, որովհետեւ Հայրապետին գլխաւորութեամբ գումարուած Հռոմկլայի ժողովին մասնակցեցան նաեւ Սուրիոյ եւ Միջագետքի եպիսկոպոսները:
Դարերու ընթացքին Հայաստանէն գաղթականներ կու գային, որոնցմէ նշանաւոր էին Արծրունիք: Անոնք, լքելով Անին եւ Վանը, բնակեցան Փոքր Ասիա, Կիլիկիա, Սուրիա եւ Լիբանան: Արծրունիներուն ընկերացան բազմաթիւ ուրիշ հայեր, որոնք բանակներ կազմելով յառաջացան դէպի սուրիական քաղաքներ, ինչպէս կը վկայէ Սմբատ Պատմիչ. ՙԵւ բազում աւարաւ եւ գիտութեամբ նոցա դարձաք ի ներքին կողմն աշխարհի, եւ հանաք զնշխարս Սուրբ Յակոբայ ի Մծբին քաղաքէ եւ տարաք զհետ մեր, եւ եկաք զներքին կոչմամբքս մեր, ջնջեցաք ի սպառ զթշնամիս մեր, եւ յետ այնր դարձաք եւ ձմերեցաք ի դուրս, եւ տուաք զօրաց մերոց հռոգ (ռոճիկ) եւ ապա եկաք ի Մեծն Անտիոք, առաք զնա, եւ գերեցաք զամէն աւանս նորա շուրջանակի: Հասաք ի Համս եւ ի Համա, եւ հարկատուք մեր հնազանդութեամբ ընկալան զմեզ: Գնացաք ի յանառիկն Հալապ եւ ելան ի պատերազմ դէմ մեր, եւ կոտորեցին զնոսա զօրքն մեր եւ շատ գանձ ոսկի եւ արծաթ եւ աղջկունս խլեցին ի նոցանէ՚ (Սմբատ Պատմիչ, էջ 35):
Այս դէպքերէն ետք որոշ տեղեկութիւն չկայ Սուրիոյ մեր գաղութին մասին: Շատ հաւանական է, որ դարերու ընթացքին գաղթական հայեր ձուլուեցան: Ահա այս ժամանակէն ի վեր է որ Հալէպ դարձաւ հայաշատ կեդրոն մը:
Աղբիւրª ՙՀայերը Լիբանանի Մէջ՚, Ս. Վարժապետեան , 1951
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ըստ վերջին գիտական հետազօտութեան, մարմնի առողջապահութեան պաշտպանութեան համակարգը կ’աշխատի իր ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով, երբ ան հաւասարակշռուած է: Այն վարկածըդ, թէ համակարգը զօրացնելը ներարկումով, դրական ազդեցութիւն ունի մարդու առողջութեան համար, կը փաստուի որ այնքան ալ ճիշդ չէ: Այսինքն, եթէ մարմնի պաշտպանութեան համակարգը հաւասարակշռուած է, ուրեմն այդ արդիւնաւէտ ձեւով կ’աշխատի: Ուրեմն, բժշկութեան հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ պահել հաւասարակշռուած վիճակը մարմնի պաշտպանութեան համակարգին:
Եթէ պաշտպանութեան համակարգը կը նմանի ջերմաչափի, ապա զայն չափազանց բարձրացնելը կ’աշխուժացնէ եւ անվերահսկելի կը դարձնէ բորբոքումը, իսկ զայն շատ իջեցնելը կը տկարացնէ մարմնի պաշտպանութեան համակարգը:
Աղբիւրª https://www.livescience.com
ՄՇԱԿՈՅԹ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԸ – Զ.ՄԱՍ
Հայկական պարին սկիզբը կ’երթայ մինչեւ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, երբ պատմական Հայաստանի կրօնքն էր հեթանոսութիւնը եւ հանդիսացած է հայ ժողովուրդի բնաւորութիւնը նկարագրող գեղագիտական վառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը£ Պարին միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդին մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքին հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը£
Հայկական պարը կրնանք դասաւորել ըստ կատարումի ձեւի, ձեռքերը բռնելու ձեւի եւ բովանդակութեան:
Կարինէ Հայրապետեան գեղեցիկ ձեւով կը բացատրէ հայկական պարին ծիսական էութիւնը: Արեւապաշտ մեր նախնիներէն մեզի մնացած ամենաուժեղ կապը հայկական առասպելական պարն է, որովհետեւ ան կը կրէ ծիսական պաշտամունքի ոգին ու ձեւը:
Հայ ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ, օձը չորս ծուծ ունի գլուխին մէջª երկուքը մահացու, երկուքըª կենսատու յատկութիւններով, մասնագիտական գրականութեան տուեալներով օձին գլխուղեղը նոյնպէս քառամաս էª առջեւի ուղեղ, միջին ուղեղ, ուղեղիկ, երկայնաձիգ ուղեղ: Բնականաբար օձին դրական եւ կենսատուª իմաստուն եւ բուժիչ յատկանիշերը կը վերագրուին հայոց տիեզերական խորհրդանիշը կրող Նաղաշ Հայ Օձին, որու յատկանիշերը կը կրէ հայ մարդը, իսկ մահացու թունաւորª նենգ եւ դաւադիր, օձի տեսակը վերագրուած է այն ազգերուն, որոնց հետ ունեցած ենք հակադրութիւն եւ անոնք կը համարուին Շահմար Օձ տեսակ:
Շահմար օձ կոչած են մարերը, իրանեան մեդացիները: Հայ ժողովուրդի ընկալումներուն մէջ Շամար Օձերը եւ Վիշապները միշտ կրած են Հայ մարդու, հայ աստուածներու հսկողութիւնը եւ խոնարհած ու ենթարկուած են անոնց:
Հայ ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ, օձի իմաստութիւն, օձի հնարամտութիւն, օձ պարեցնող արտայայտութիւնները հիմնականին մէջ կը վերագրուին հայ կնոջ, որ հայ տղամարդուն հաւասար պայքարած է հայրենիքին եւ ընտանիքին համար ու իր խելամիտ, իմաստուն արարքով օժանդակած է կանխելու վերահաս վտանգը: Յիշենք, ըստ գործող անձերուª հայկական աւանդութեան փաստերը:
Հայոց ՙՍասնայ Ծռեր՚ դիւցազնավէպի Ծովինար թագուհին, ապրելով Մըսրի մէջ, խալիֆին չի յանձնուիր, կը խաբէ, ուղղակի կը ՙպարեցնէ՚, մինչեւ Սանասարի եւ Պաղտասարի հասուն տղամարդ դառնալը եւ գերութենէն ազատիլը:
(Շարունակելի)
Աղբիւրª ՙՈւիքիփետիա՚
ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԾՐԱԳՐԵՐ
Բջիջային հեռախօսը կրնայ վերածուիլ արուեստի պաստառներ արտադրելու գործիքի մը: Ութ ծրագրեր կան, որոնք ձեր լուսանկարները կը վերածեն արուեստի գործերու:
Առաջին ծրագիրն է ՙPrisma՚ն, որ ձեր լուսանկարները կը վերածէ արուեստի գործերու: Այս ծրագրին մէջ կան ՙֆիլթըր՚ներ, որոնք ձեր լուսանկարը կը վերածեն գեղեցիկ արուեստի գործի մը: Ապա, կրնաք ձեր մատը օգտագործելով փոխել որեւէ յատկանիշ այդ արուեստի գործին մէջ: ՙՖիլթըր՚ը կրնաք օգտագործել միայն խորապատկերին (background) վրայ: Կրնաք փոխել նաեւ գործին exposure-ը, contrast-ը, saturation-ը եւ այլ յատկանիշեր:
Աղբիւրª ՙwww.makeuseof.com՚
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ