Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՇԱՀԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ

February 5, 2024
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՇԱՀԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի պետական շահը կը համարէ տնտեսական զարգացումն ու ընդհանրապէս զարգացումը:

Փաշինեան նման տեսակէտ յայտնած է Հայաստանի Հանրային ռատիոյի ՙԱնվտանգային միջավայր՚ հաղորդման տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

ՙԵս եկած եմ այն համոզման, որ Հայաստանի պետական շահը Հայաստանի տնտեսական զարգացումն է եւ ընդհանրապէսª զարգացումը, որովհետեւ այն, ինչ մենք կը խօսինքª բանակ, կրթութիւն, սահմաններու անվտանգութիւն, յստակ պիւտճէական ծախս է՚, ըսած է Փաշինեան:

Խօսելով անվտանգութեան բաղադրիչի մասինª վարչապետը ընդգծած է, որ տնտեսութիւնը նաեւ պատերազմական իրավիճակի մէջ շատ կարեւոր է: ՙԱռաջնագիծ ո՞վ պիտի հասնելի կամ թիկունքին մարդիկ պիտի աշխատի՞ն, թ՞է չէ: Ենթակառուցուածքները կը խոցուին, դուն պիտի կարենաս մարդոց, թիկունքի բնականոն գործունէութիւնը շատ թէ քիչ ապահովել, ինքը ճակատի համար պէտք է արտադրէ որոշ բաներ, սկսած հագուստէն, վերջացած առողջապահութիւն, դեղեր, սնունդ եւ այլն: Բայց այսօրուան իրավիճակին մէջ տնտեսական զարգացումն է Հայաստանի շահը, որովհետեւ տնտեսական զարգացմամբ է, որ դուն կ՛ունենաս ենթակառուցուածքներ եւ պիւտճէական միջոցներ՚, նշաէ Փաշինեան:

Խօսելով կառավարութեան կողմէ զինուորականներու աշխատավարձերու բարձրացման մասինª ան ընդգծեց, որ եթէ պետական պիւտճէին մէջ եկամուտ չկայª չես կրնար զինուորականին եւ ոեւէ մէկուն աշխատավարձը բարձրացնել, չես կրնար զէնք, զինամթերք ձեռք բերել, չես կրնար կրթութիւնը ֆինանսաւորել, որպէսզի զինուորականը, սպան պատշաճ կրթութիւն ունենան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔ ԿԸ ՏԵՍՆԷ

Next Post

ԱԶՆԻՒ ԱՌԵՒՏՈՒՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ Է. ԱՆՆԱ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀՀ-Ի ՄԷՋ ՇՈՒԷՏԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Next Post
ԱԶՆԻՒ ԱՌԵՒՏՈՒՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ Է.  ԱՆՆԱ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀՀ-Ի ՄԷՋ ՇՈՒԷՏԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

ԱԶՆԻՒ ԱՌԵՒՏՈՒՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ Է. ԱՆՆԱ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀՀ-Ի ՄԷՋ ՇՈՒԷՏԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.