Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ներկայիս ռազմավարութիւնը չի հասցէագրեր առկայ հարցերը:
Նման տեսակէտ յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրային ռատիոյի ՙԱնվտանգային միջավայր՚ հաղորդման տուած հարցազրոյցին ընթացքինª անդրադառնալով հարցին, թէ գործող ռազմավարութիւնը այսօր որքանո՞վ պիտանի է, այն գործո՞ւն ռազմավարութիւն է, որ ունակ է այսօրուան անորոշ աշխարհին մէջ ապահովել անվտանգութիւն, սպասարկել անվտանգային մարտահրաւէրները:
ՙՈչ, այսօր ունեցած ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը չի հասցէագրեր այն հարցերը, որոնք կան: Ակնյայտ է, որ մենք պէտք է ունենանք ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւն՚, ըսած է վարչապետը:
Ըստ Փաշինեանիª ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւնը պէտք է արտայայտուի պետութեան օրինական տարածքային ամբողջականութեան շրջանակները եւ շահերը պաշտպանելու տրամաբանութեան մէջ: