Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Պելճիքայի Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էրիք տէ Մույնքը:
Տիգրան Խաչատրեանը շնորհաւորած է նորանշանակ դեսպանը եւ յաջողութիւններ մաղթած է պատասխանատու առաքելութեան իրականացման գործին մէջ:
Դեսպան Էրիք տէ Մույնքը իր հերթին ընդգծած է, որ առաւելագոյն ջանքեր պիտի ներդնէ հայ-պելճիքական բազմաշերտ փոխգործակցութեան շարունակական զարգացման ուղղութեամբ:
Տիգրան Խաչատրեանը դեսպանին մանրամասն ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան կարիքները եւ անոնց հասցէագրման ուղղութեամբ ընթացիկ աշխատանքները£ Մասնաւորապէսª փոխվարչապետը անդրադարձած է ԼՂ-էն բռնի տեղահանուածներու առաջնային կարիքներու բաւարարման, այդ շարքինª կեցութեան աջակցութեան ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն, ինչպէս նաեւ նախանշած է վերջիններուս համար կայուն կենսապայմաններ ապահովելու նպատակով միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ընելիքները£
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր£