ԵԱՏՄ երկիրներուն հետ Հայաստանի Հանրապետութեան ապրանքաշրջանառութիւնը 2023 թուականին նախորդ տարուան համեմատ աճած է 39%-ով եւ կազմած է մօտ 7,8 միլիառ տոլար£ ԵԱՏՄ Միջկառավարական խորհուրդի նիստին ժամանակ ունեցած ելոյթին ընթացքին այս մասին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը£
ՙԱրտահանումը աճած է 40,8%-ով, իսկ ներմուծումը` 37,5%-ով£Այս փուլին ԵԱՏՄ-ի առաջնահերթ խնդիրներու շարքին պէտք է դիտարկել արդիւնաբերական համագործակցութեան ամրապնդումը, նոր առեւտրային կապերու ստեղծումը, թուային ծառայութիւններու անդրսահմանային առեւտուրի հաստատումը եւ տուեալներու փոխանակումը՚, յայտնած է Հայաստանի վարչապետը£