Ամպրոպային երեւոյթներ ու անոնց ետին թաքնուած բնագիտական գաղտնիքներ. գիտաշխատող Տիգրան Կարապետեանը բնագիտութեան հանդէպ իր սէրը կ՛իրացնէ արդէն տարիներ շարունակ:
ՙԲնագիտութիւնը իւրայատուկ մտածելակերպ է: Այն, բացի գիտելիքներէ, կը պահանջէ նաեւ վառ երեւակայութիւն, խիզախութիւն եւ աշխատասիրութիւն£ Բնագիտութեան մէջ սեփական խօսքը ըսելու համար պէտք է միշտ նոր խնդիր յառաջ քաշել ու լուծել£ Կրկնութիւնները ոչ մէկուն հետաքրքրական են՚, կ՛ըսէ Կարապետեան:
Բնագիտութիւնը սիրելու եւ ընտրելու ուղին
Տիգրանը ծնած եւ մեծցած է է Բիւրական գիւղին մէջ: Բնագիտութեան հանդէպ սէրը անոր մէջ վառած է դպրոցի ուսուցիչը` Յովսէփ Չաւուշեանը, որ նաեւ Բիւրականի աստղադիտարանի գիտաշխատող էր£
ՙԱն շատ մատչելի ու գրաւիչ կը բացատրէր բնագիտութիւն առարկան£ Անոր շնորհիւ մենք հասկցանք, թէ ինչ բան է բնագիտութիւնը£ Ցաւօք, յաճախ այն ձեւով, որ կը բացատրուի առարկան դպրոցներուն մէջ, մէկ անգամէն չի գրաւեր: Աշակերտներուն համար այնքան ալ հասկնալի չէ, թէ ինչ իրականութեան մէջ ինչ կը նշանակեն դասագիրքին մէջ մուգ տառերով առանձնացուած տողերը, անհրաժեշտ է աւելի դիւրին բացատրել անոնց իմաստը£ Ուսուցիչիս շնորհիւ ես ընտրեցի այդ ուղղութիւնը եւ հետզհետէ սկսայ աւելի խորանալ բնագիտութեան մէջ£ Հետեւաբար ընդունուեցայ Երեւանի պետական համալսարանի Բնագիտութեան բաժանմունքի Միջուկային բնագիտութեան բաժինը՚:
Տիգրանը կը կարծէ, որ մարդը պէտք է հետաքրքրուածութիւն ունենայ այն մասնագիտութեան հանդէպ, որով կը զբաղի£ Ըստ անոր` այդ գլխաւոր մեխն է, եթէ չկայ հետաքրքրուածութիւն եւ մտահաճոյք, ապա մասնագիտութիւնը դաժան տանջանք կը դառնայ£
Տիեզերական ճառագայթներու բնագիտութիւնը, առաջին քայլն ու արդիւնքները
Համալսարանի երրորդ տարին, երբ աշխատանք կը գրէր, Տիգրանը եկաւ Երեւանի Բնագիտութեան բաժանմունք£ Աւարտական վկայականի եւ մագիստրոսական աշխատանքները, հետագային նաեւ թեկնածուական ատենախօսութիւնը պաշտպանեց այդտեղª փրոֆեսոր Աշոտ Չիլինկարեանի ղեկավարութեամբ: 2008 թուականէն ընդունուեցաւ աշխատանքիª Տիեզերական ճառագայթներու բնագիտութեան բաժանմունքին մէջ: Յետոյ Տիգրանը արդէն բաժանմունքի ղեկավարի տեղակալն էր:
Տիեզերական ճառագայթներու բնագիտութեան բաժանմունքի հետազօտման հիմնական ուղղութիւնը ի սկզբանէ եղած է Արեգակի, Արեւ-Երկիր կապերու եւ Ծիր Կաթինի տիեզերական ճառագայթներու ուսումնասիրութիւնը: Այդ նպատակով, Արագած եւ Նոր Ամբերդ բարձր լեռնային գիտական կայաններուն մէջ տեղադրուած են եւ շուրջօրեայ կ՛աշխատին տարատեսակ մասնիկներ արձանագրող բազմաթիւ սարքաւորումներª որոշիչներ: Բնագիտական երեւոյթներու վերաբերեալ եզրայանգումները կը կատարուին որոշիչներէն ստացուող ժամանակային շարքերու հետազօտութեամբ:
Արեգակնային համակարգին հասնող Ծիր Կաթինի տիեզերական ճառագայթները բաւականաչափ իզոթրոփ են եւ անոնց հոսքը գրեթէ հաստատուն է ժամանակի ընթացքին: Միւս կողմէ, Արեգակը փոփոխական առարկայ է, որուն աշխուժութեան ազդեցութիւնը Ծիր Կաթինի ճառագայթներու հաստատուն հոսքին վրայ կ՛առաջացնէ ելեկտրական հոսանքի հաստատուն փոփոխում, որոնց ուսումնասիրութեամբ ալ կը զբաղին գիտնականները:
ՙ2009-էն սկսեալ մեր հետազօտութիւններու ոլորտը ընդլայնուեցաւ եւ մեր բաժանմունքին մէջ սկսան աշխոյժ հետազօտութիւններ կատարուիլ ամպրոպային երեւոյթներու ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ: Այդ տեղի ունեցաւ այն բանէն յետոյ, երբ պատահականօրէն նկատուեցաւ, որ Արագածի մէջª ամպրոպային աշխուժութիւններու ժամանակ մասնիկներու որոշ որոշիչներու մէջ կ՛արձանագրուին երկրորդային մասնիկներու հոսքերու կարճատեւ աւելացումներ, որոնք մինչ այդ կը դիտուէին որպէս ելեկտրամագնիսական աղմուկներ: Այդ աւելացումները, ինչպէս պարզուեցաւ աւելի ուշ, պայմանաւորուած են ամպերու մէջ ուժեղ ելեկտրական դաշտերու առկայութեամբ: Այդպիսով, մեր բաժանմունքին մէջ սկիզբ դրուեցաւ բնագիտութեան շատ հետաքրքրական ուղղութեան հետազօտութեան մը, որն այժմ կը կոչուի ՙբարձր ուժանիւթի բնագիտութիւնը մթնոլորտին մէջ՚:
Կեդրոնին մէջ կատարուող հետազօտութիւնները իւրայատուկ են այն բանով, որ շնորհիւ տարբեր տեսակի եւ տարբեր ուժանիււթային շեմերով մասնիկներու որոշիչներու, որոնց մեծ մասը նախագծուած եւ պատրաստուած են տեղւոյն վրայ, միաժամանակ կ՛արձանագրուին եւ կը նոյնականացուին տարրական մասնիկները, որն ալ հնարաւորութիւն կու տայ շատ աւելի մանրակրկիտ հետազօտելու տարատեսակ բնագիտական երեւոյթները:
ՙՄեր հետազօտութիւններուն բերումովª չափելով ելեկտրաստատիկ դաշտը, եղանակային տարբեր յարաչափեր, տարբեր մասնիկներու հոսքեր, հասկցանք եւ բացատրեցինք, թէ ինչպէս տեղի կ՛ունենան երկրորդային տարբեր մասնիկներու հոսքերու աւելացումները, առաջարկած ենք այդ երեւոյթները նկարագրող ձեւ£
Արագածի մէջ մենք ամպրոպային աշխուժութեամբ պայմանաւորուած տարեկան քանի մը տասնեակ աւելացումներ կ՛արձանագրենք եւ մեր հետազօտութիւններու, ինչպէս նաեւ մանրակրկիտ ձեւաւորումներու միջոցով ապացուցեցինք յաւելեալ ելեկտրոններու եւ կամմա ճառագայթներու յառաջացման մեխանիզմները£ Մենք նաեւ կրցանք ամպրոպային երեւոյթներու ժամանակ արձանագրուած աւելցուկային նեյթրոններու բացատրութիւնը տալ եւ այդ բոլոր արդիւնքները տպագրուած են բարձր վարկանիշ ունեցող միջազգային պարբերականներու մէջ՚:
Հիմնարկին մէջ մեծ թափով կը զարգանայ ՙբարձր ուժանիւթի բնագիտական մթնոլորտին մէջ՚ ուղղութիւնը եւ Տիգրանը զբաղուած է ամպերուª մասնիկներ առաքող տիրոյթներու չափերու հետազօտմամբ, ինչպէս նաեւ արձանագրուած հարիւրաւոր դէպքերու վիճակագրական վերլուծութեամբ£
Այն արդիւնքները, որ կ՛արձանագրեն եւ կը տպագրեն հեղինակաւոր ամսագրերու մէջ, մեծ հետաքրքրութիւն ունին միջազգային գիտական հանրութեան կողմէ, որուն վառ ապացոյցը տպագրուած աշխատանքներուն վրայ կատարուող մեծ թիւով յղումներն են£
Արդիւնքները կիրառելու հնարաւորութիւնները
ՙՄենք զբաղած ենք անհրաժեշտ ու էական ուսումնասիրութիւններով եւ քիչ մը սխալ է սպասել, որ էական գիտութեան արդիւնքը վաղը անմիջապէս կիրառուի կենցաղին կամ արհեստագիտութիւններուն մէջ, բայց գիտնականը, որ նպատակաուղղուած կ՛իրականացնէ իր մտքերն ու մտահաճոյքները, այդ ճանապարհին կը ստեղծէ բաներ, որոնք անպայման պիտի օգտագործուին արհեստագիտութիւններուն մէջ՚, կ՛ըսէ Տիգրանը£
Ան կը նշէ, որ հետազօտութիւններուն արդիւնքները, օրինակ, հետագային կրնան կիրառական նշանակութիւն ունենալ գիւղատնտեսութեան մէջ, եթէ շատ լաւ հասկնան, ամպերուն վարքը:
Ինչպէս կ՛ըսէ բնագէտը, Հայաստանի մէջ այս ուղղութեամբ զբաղելու համար բնութիւնը մեծ առաւելութիւն տուած է. Արագած լերան վրայ տարեկան բազմաթիւ ամպրոպային երեւոյթներ կ՛արձանագրուին եւ մենք, ունենալով գիտական ժամանակակից սարքաւորումներ, հնարաւորութիւն ունինք զբաղելու անոնց ուսումնասիրութեամբ£ Բազմաթիւ նոր որոշիչներ նախագծած եւ կառուցած են, ձեռք բերած են ելեկտրական դաշտը չափող սարքաւորումներ, եղանակային յարաչափերը արձանագրող սարքաւորումներ, այդ ուղղութիւնը աշխոյժ կը զարգացնեն£
Փոխանցելով բնագիտութիւնը սիրելու բանաձեւը
Երեւանի Բնագիտութեան բաժանմունքը, գիտական աշխատանքներէն բացի, կը լուծէ նաեւ կրթական խնդիրներ£ Հիմնարկին մէջ կը գործէ մագիստրոսական ծրագիր, իսկ բարձր դասարաններու աշակերտներուն համար պարբերաբար կը կազմակերպուին ամառնային դպրոցներ£ Այս երկուքին մէջ ալ Տիգրանը դասախօսութիւններ կարդացած է£
Ան կը կարծէ, որ աշակերտներուն եւ երեխաներուն պէտք է մատներու վրայª հետաքրքրական եւ հասկնալի ձեւով բացատրել բնագիտական հոլովոյթները, որպէսզի անոնք հաճոյքով սորվին£
ՙԱշխարհը փոխուած է, արհեստագիտութիւններու դարաշրջանի ՙպում՚ն է, ու հետաքրքրուածութիւնը աւելի շատ արհեստագիտական ուղղութեամբ կ՛երթայ£ Ես այդ բնական կը համարեմ, բայց որպէսզի մարդիկ սիրեն բնագիտութիւնը, որ մեր երկրի ուժեղ կողմերէն մէկն է, մենք մեկնարկած ենք այդ կրթական ծրագրերը եւ անոնց ընթացքին երիտասարդներուն կը փորձենք բնագիտութիւնը եւ այն, ինչով մենք այստեղ կը զբաղինք, բացատրել շատ մատչելի եւ առարկայական, գիտական սարքաւորումներու վրայ գիտափորձեր կատարելով£ Կարելի չէ միայն երկար բանաձեւ գրել եւ ըսելª այստեղ թաքնուած է բնագիտութեան այս կամ այն օրէնքը, պէտք է աշակերտին հասկնալի բացատրել, որպէսզի ան սկսի հետաքրքրուիլ, սիրել եւ գնահատել բնագիտութիւնը ու անով զբաղելու իր հնարաւորութիւնները՚:
Կրթական մէկ այլ ծրագիր եւս ունին` ԵՐՖԻ-ն երկրաբնագիտական ցանց կը ստեղծէ, որուն մէջ ներառած են նաեւ UWC Dilijan-ը£ Արագածի, Նոր Ամբերդի, Սեւանի եւ Երեւանի մէջ կատարուող եղանակային յարաչափերու եւ ելեկտրական դաշտի չափումներուն այդ ուսումնական կեդրոններն ալ կը մասնակցին£
ՙԱյնտեղ ուսանողները օնլայն կարգով կրնան հետեւիլ որոշիչներու արձանագրութիւններուն£ Սա ուսանողներուն մօտ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կ’առաջացնէ, անոնք կ՛առնչուին գիտական սարքաւորումներուն հետ անմիջապէս, կը վերցնեն սարքաւորումներու արձանագրած արդիւնքները եւ կ՛ուսումնասիրեն£ Այսպիսով, բացի էական առումով մեր հետազօտութիւններուն համար անհրաժեշտ տեղեկութեան ստացումէն, այդ ցանցը նաեւ կրթական խնդիրներ կը լուծէ՚:
Բնագիտութիւնը չթողելու համար սէր է հարկաւոր
Տիգրանը յոյս ունի, որ կը կարենան իրենց խանդավառութեամբ վարակել երիտասարդները, որպէսզի անոնք գան եւ զբաղին գիտութեամբ: Ան կը կարծէ, որ գիտութեան մէջ կը մնան անոնք, որոնք իսկապէս սիրով կը զբաղին անով£
ՙԲայց պէտք է հասկնալ, որ գիտութեան մէջ չկան սահմաններ, գիտնականը հանգիստ կրնայ ընտրել հիմնարկ եւ աշխատանոց որեւէ երկրի մէջ եւ զբաղիլ գիտութեամբ£ Այս հոլովոյթը ամբողջ աշխարհի մէջ է£ Ողբերգական բան չեմ համարեր հայազգի գիտնականներու գործունէութիւնը արտասահմանի մէջ, ողբերգական պիտի ըլլայ, եթէ մարդոց մօտ վերանայ բնագիտութեամբ զբաղելու ցանկութիւնը£ Ափսոս պիտի ըլլայ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ բնագիտութիւնը ամուր հիմքեր ունի£ Մենք տարբեր երկիրներու մէջ աշխատող շատ մասնագէտներ ունինք, որոնք ոչ-պակաս օգուտ կը բերեն մեր երկրին ու մեր գիտութեան£ Մենք ունինք բազմաթիւ հայ տաղանդաւոր եւ աշխարհահռչակ բնագէտներ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, որոնց օրինակներով եւս կրնան հրապուրուիլ երիտասարդները: Անհրաժեշտ է ուղղակի պատշաճ ներկայացնել այդ ամէնըª սկսելով դպրոցներէն եւ կը կարծեմ, որ այդ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: Երեւանի Բնագիտութեան բաժանմունք այդ նպատակով պարբերաբար կը հրաւիրուին աշխարհի տարբեր գիտական կեդրոններու յայտնի հայ եւ օտարազգի բնագէտներª ուսանողներու, ինչպէս նաեւ բարձր դասարանի դպրոցական աշակերտներու համար դասախօսութիւններ կարդալու՚£
Ինչ կը վերաբերի հիասթափուելուն եւ գիտութիւնը թողելուն, ապա Տիգրանը չի պատկերացներ, որ մարդը սիրելով կրնայ թողել բան մը£ Կ՛ըսէ` եթէ իսկապէս կը սիրէ գիտութիւնը, ապա չի թողեր£
ՙԲնագիտութիւնը պէտք է սիրել, որ կարենաս զբաղիլ£ Թերի կը համարեմ այն տեսակէտը, որ ամէն ինչ կապուած է առաջին հերթին ֆինանսաւորման հետ, որովհետեւ եթէ մարդուն մեծ գումարներ ալ տաս, ան չի կրնար գիտութիւն զարգացնել, եթէ չի սիրեր եւ հետաքրքրուած չէ գիտութեամբ՚:
ՙMediamax՚
(2018)