Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

January 29, 2024
in Գաղութային
0
ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

 

28 Յունուարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ Հայոց բանակի օրուան առիթով մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ: Պատարագիչն էր ՀՀ Զինուած Ուժերու հոգեւոր առաջնորդ հոգեշնորհ Տ. Մովսէս վարդապետ Սարգսեանը:

Իր քարոզին մէջ Հայր Սուրբը, անդրադառնալով խաղաղութեան խորհուրդին, ի մասնաւորի նշեց. ՙՍուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, որ Աստուած խաղաղութիւն կը կամենայ, սակայն Աստուծոյ հաւատացող մարդիկ են, որ պիտի խաղաղութիւն հաստատենª անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ պայքարելով՚:

Ըստ Հայր Մովսէսիª Սուրբ Եկեղեցին փաստած է, որ յանուն խաղաղութեան միշտ պէտք է պատրաստ ըլլալ պատերազմի ու պատերազմ պէտք է մղել խաղաղութիւնը վերահաստատելու եւ արդարութիւնը վերականգնելու համար, որովհետեւ Աստուծոյ եւ բարեկամի նկատմամբ սէրը կը ստիպէ քրիստոնեաներուն արդարացի խաղաղութիւն փնտռել, իսկ այդ խաղաղութեան հասնելու համար ամենակարեւոր պայմանը բանակն է:

ՙՍիրելիներ, յանուն խաղաղութեան ու անվտանգութեան բազմաթիւ պատերազմներ մղած ու այսօր ալ պատերազմի սպառնալիքներուն դիմակայելու պատրաստ Հայոց բանակը կը տօնէ կազմաւորման 32-րդ տարեդարձը, եւ բանա՛կը կը շարունակէ մնալ այն միակ ուժը, որ կրնայ խաղաղութիւն հաստատել ու ապահովել պետութեան անդորրը: Մեր երկրին համար Աստուծոյ պատգամած խաղաղութիւնը հաստատողն ու պարտադրողը ՀՀ Զինուած ուժերն են, իսկ երանելի խաղաղարարները այդ նոյն զինուած ուժերու հաւատացեալ սպաներն ու զինուորները£ Տէր յիսուս Իր կեանքը տուաւ որպէս խաղաղարար եւ սա այն գինն է, որ շատերը վճարեցին մեր երկրին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար՚, ընդգծեց Մովսէս վարդապետըª մաղթելով, որ Քրիստոսի սէրը, շնորհներն ու զօրակցութիւնը միշտ ըլլան Հայոց բանակին հետ եւ իւրաքանչիւր զինուորի պարգեւեն ամէն վայրկեան  խաղաղութիւնը պարտադրելու կամք ու վճռականութիւն:

Պատարագի սրբազան արարողութեան աւարտին, Հայոց բանակի 32-րդ տարեդարձին առիթով հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ գերաշնորհ Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանի, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք, որուն ընթացքին հոգեւոր դասը եւ արարողութեան ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած Հայաստան աշխարհի խաղաղութեան, անսասանութեան եւ Հայոց բանակի յաղթական յառաջընթացին համար:

 

Share61Tweet38
Previous Post

Ա.Մ.Է. ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ` Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Next Post

ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. ՙԲՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍԷՐ ՈՒ ՄՏԱՀԱՃՈՅՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ՚

Next Post
ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. ՙԲՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍԷՐ ՈՒ ՄՏԱՀԱՃՈՅՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ՚

ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. ՙԲՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍԷՐ ՈՒ ՄՏԱՀԱՃՈՅՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.