Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ա.Մ.Է. ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ` Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

January 29, 2024
in Գաղութային
0
Ա.Մ.Է. ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ` Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

 

Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց համերաշխութեան եւ կրթութեան նախարար Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ-Նահեան ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, Ս. Աթոռոյս Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանը, թեմի ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեանը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Հապիպեանը, թեմի Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, ազգային բարերար Արա Խանոյեանը, թեմի բարերար Վահէ Թուխմանեանը, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը եւ Միջին Արեւելքին միջեկեղեցական եւ միջկրօնական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը: Յատկանշական է յիշել, որ ճաշկերոյթին միացան նաեւ Իրաքի նախկին նախագահ Պարհամ Սալէհը, զանազան երկիրներու դեսպաններ եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:

Նախարար Նահեան ջերմ սիրով ընդունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը: Նշենք, որ նախարարը ծանօթ է Վեհափառ Հայրապետին 2016 թուականէն ի վեր: Հայրապետն ու նախարարը միասնաբար բացումը կատարած են Ազգային Առաջնորդարանին եւ Խանոյեան միօրեայ վարժարանին: Ճաշկերոյթէն ետք, Նորին Սրբութիւնը յիշեց իր եւ նախարարին միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը, անոր զօրակցութիւնը առաջնորդ սրբազան հօր եւ Էմիրութեանց հայ համայնքին: Հայրապետը նաեւ յիշեց իր եւ նախարարին մասնակցութիւնը Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած համակեցութեան միջազգային համագումարին, ուր Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ գնահատած էր նախարար Նահեանի աշխատանքը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ: Յիշելով այս դէպքը, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ Շէյխ Նահեան նոյն նուիրումով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց, որ հայ համայնքը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ միշտ եղած է զօրավիգ կրօններու եւ մշակոյթներու համակեցութեան:

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յուշանուէր մը յանձնեց նախարարին:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԱՐԴՈՒԺԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔԸ

Next Post

ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Next Post
ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.