Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՐԴՈՒԺԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔԸ

January 29, 2024
in Գաղութային
0
ՄԱՐԴՈՒԺԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔԸ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ՙՄարդուժի Պատրաստութեան Տարի՚ հռչակած է 2024-ը:

Ին՜չ խորիմաստ նպատակ եւ խորհուրդ: Եթէ յաջողինք դուրս ելլել անձնասիրութեան մեր պատեանէն եւ մանաւանդ անտարբերութենէն, գործենք Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած կարողութեամբ եւ շնորհքով, անշահախնդրօրէն` մեր ազգին զաւակներուն համար, կը տեսնենք թէ անսահման բարիքներ պիտի գործենք: Անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր հայորդի, իբրեւ ազգային պարտականութիւն, եւ ի շահ հայրենիքին համար մտածել եւ օգտակար դառնալ իր համայնքին:

Եւ այս նպատակով` Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` հինգերորդ անգամ դեղորայք հայթայթելով կարիքաւոր ընտանիքներուն Լիբանանի մէջ:

Լաւ գիտակցած ենք, թէ այս օրերուն դեղ ապահովելը շատ դժուար իրողութիւն մըն է Լիբանանի մէջ: Դեղերուն գինը անհաւատալիօրէն սուղ եւ անմատչելի է շատերուն համար: Սակայն չափազանց անհրաժեշտ է դեղորայքի գործածութիւնը, մանաւանդ երբ մէկը պէտք ունի:

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութիւնը օժանդակութիւն  ստանալով ԱՄՆ-ի Ֆրեզնօ նահանգի բժիշկ Վարուժ Ալթիպարմաքեանէն, որ կը տնօրինէ ՙՔլարա Մարկոսեան՚ հիմնադրամը, Համախմբումի տնօրինութեամբ ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանին աչալուրջ եւ հոգատար աշխատանք կը կատարէ ամենայն պատրաստակամութեամբ գոհացնելու բոլոր դիմորդները, դեղորայք ապահովելով  իւրաքանչիւրին, անոնց շնորհելով մտքի հանգստութիւն, հոգեկան գոհացում, եւ բարձր պահելով անհատին արժանապատուութիւնը:

Վարչական անդամները կապուեցան հարիւր երեսուն դիմորդներուն հետ, որոնք ներկայացան Հրայր Տանձիկեան Հաստատութիւն (Մըքալլէս-Լիբանան) Շաբաթ` 13 եւ 20 Յունուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-12:00: Դեղերու բաշխումը հեզասահ ձեւով ընթացաւ: Իւրաքանչիւրին դեղերը դարձեալ վերստուգելէ ետք, բժիշկին դեղագրին հիման վրայ ենթականերուն յանձնեցինք դեղերը անհատական ծրարներու դրութեամբ, նաեւ առողջութիւն մաղթեցինք` փոխանցելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն նոր հասած օրհնուած մոմեր:

Դեղորայք ստացողները խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին բարերար բժիշկ Վարուժ Ալթիպարմաքեանին, իր այս բացառիկ օգտաշատ օժանդակութեան համար եւ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին` ազգանուէր եւ հմուտ ծառայութեան համար: Անոնք մեծ հաճութեամբ եւ հաւանութեամբ մեկնեցան:

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը կը ձգտի իր լաւագոյնը կատարելու յանուն հայ համայնքի ծառայութեան:

 

ԱՆԱՀԻՏ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ 32 ՏԱՐԵԿԱՆ

Next Post

Ա.Մ.Է. ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ` Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Next Post
Ա.Մ.Է. ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ` Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ա.Մ.Է. ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ` Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.