Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ 32 ՏԱՐԵԿԱՆ

January 29, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ 32 ՏԱՐԵԿԱՆ

 

Հայ ժողովուրդը երէկ նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորումի 32-ամեակը: Այս առթիւ Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական հանդիսութիւն: Պաշտօնատարներէն շատերª ներառեալ նախագահն ու վարչապետը, այցելեցին նաեւ Եռաբլուրի պանթէոնª յարգելու նահատակներուն յիշատակը:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց Հայաստանի անվտանգութեան մասին ռազմավարական պատկերացումները վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը: Անոր համաձայն, անհրաժեշտ է նախ փոխել մտածելակերպը, խորհիլ բանակաշինութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ եղած խնդիրներուն, նոյնիսկ ձախողութիւններուն մասին: ՙԱռերեսումը կը պարտադրէ ձերբազատուիլ հին չափանիշերէն, որոնց վրայ հիմնուած է բանակը, որովհետեւ այդ կը նշանակէ կասկածի տակ դնել պետութիւն ունենալու հայուն կամքը՚, ըսաւ Փաշինեան: Անոր համաձայն, բարեփոխումներու աշխատանքը սկսած է, սակայն տակաւին բաւական արագ չ՛ընթանար: Վարչապետին համաձայն, անհրաժեշտ է ունենալ արհեստավարժ բանակ, ուր ծառայողները կը ստանան բաւարար աշխատավարձ, կը ծառայեն բնակութեան վայրի մօտակայ զօրամասի մէջ եւ ծառայութեան աւարտին կը ստանան հատուցում:

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ դիտլ տուաւ, որ բանակը եղած է ու կը մնայ պետութեան եւ քաղաքացիներու անվտանգութեան ու պաշտպաութեան գլխաւոր եւ կարեւորագոյն երաշխաւորը:

Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան իր կարգին նշեց, որ բանակը արձանագրած է բազում նուաճումներ եւ ծանր կորուստ, սակայն հայ զինուորի ոգին միշտ եղած է անպարտելի:

Share61Tweet38
Previous Post

ՄՈՆԱ ԼԻԶԱՅԻՆ ՎՐԱՅ ԱՊՈՒՐ

Next Post

ՄԱՐԴՈՒԺԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔԸ

Next Post
ՄԱՐԴՈՒԺԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔԸ

ՄԱՐԴՈՒԺԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.