Կլիմայական փոփոխութիւններուն դէմ պայքարող երկու գործիչ կարմիր գոյնի ապուր թափեցին Լէոնարտօ Տա Վինչիի հռչակաւոր ՙՄոնա Լիզա՚ գեղանկարը պաշտպանող ապակիին վրայª պահանջելով յաւելեալ ուշադրութիւն սեւեռել բնապահպանութեան եւ սնունդի աղբիւրներուն վրայ: Ապուրը թափելու ատեն երկու կիները նաեւ բացագանչելով հարց տուին որ գեղարուե՞ստը աւելի կարեւոր է, թէ՞ առողջապահական սնունդ ստանալու մարդկային իրաւունքը: Թանգարանի ապահովութեան աշխատակիցները իսկոյն միջամտեցին եւ կիները դուրս բերին համալիրէն: