Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌԱՀԻ. ՙՄԱՀՈՒԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԾ Է ՄԻԱՅՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՒ՚

January 29, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՌԱՀԻ. ՙՄԱՀՈՒԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԾ Է ՄԻԱՅՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՒ՚

Մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալը երէկ բուռն յարձակում գործեց Հըզպալլայի վրայ, առանց անուանելու կուսակցութիւնը: Պատրիարքը իր կիրակնօրեայ քարոզին գլխաւոր հատուածը յատկացուց Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ աւելի քան հարիւր օրէ տիրող պատերազմական վիճակին ու ցաւ յայտնեց, որ սահմանային գիւղերու բնակիչները անտեսուած են պետութեան կողմէ ու ականատես կը դառնան պատերազմի մը, որ կը դատապարտեն, սակայն պարտադրուած է իրենց վրայ: Բացայայտելով հարաւի բնակիչներէն իրեն ուղղուած նամակներուն բովանդակութիւնը, Ռահի ընդգծեց, որ այս պատերազմը կապ չունի Լիբանանին ու լիբանանցիներուն հետ, որոնք կը բոլորեն հոգեկան եւ ջղային ծանր փուլ մը, մինչ երեխաները զրկուած են ուսումէ եւ ուրախութենէ: ՙԹոյլ տուէք յստակ խօսիլ այս հարցին մասին, առանց հրաժարելու մեր ազգային եւ արաբական դատերէն. կը մերժենք դառնալ պատանդներ, մարդկային վահաններ եւ քաւութեան նոխազ լիբանանեան ձախող քաղաքականութիւններու եւ մահուան մշակոյթին, որ Լիբանանը առաջնորդած են միայն երեւակայական յաղթանակներու՚, ըսաւ կարտինալը, անուղղակիօրէն անդրադառնալով Հըզպալլայի հռետորաբանութեան:

Պատրիարք Ռահիի յայտարարութիւններուն շուտով հակադարձեց մուֆթի Ահմատ Քապալանը, դատապարտելով ՙանոնքª որոնք կը քննադատեն հարաւային սրբագոյն եւ ամէնէն կարեւոր պատերազմը՚: Իր խօսքը ուղղելով կրօնական հեղինակութիւններուն, Քապալան ըսաւ. ՙԱմօթ է քննադատել անոնք, որոնք իրենց կեանքը կը զոհաբերեն յանուն հայրենիքին ու ժողովուրդին: Մահուան մշակոյթը այն մշակոյթն է, որ կարեւորութիւն չի տար հայրենիքին, գերիշխանութեան, զոհողութիւններուն, խղճի ձայնին եւ նոյնիսկ մարգարէներուն ու երկնային պատուիրաններուն՚, ըսաւ մուֆթինª հակադարձելով պատրիարք Ռահիի կիրակնօրեայ քարոզին:

Share61Tweet38
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Next Post

ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ ԵՒ ԶԻՆԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ ԵՒ ԶԻՆԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ

ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ ԵՒ ԶԻՆԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.