Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան երկրորդ օրըª Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ուր կանոնական աղօթք կատարեց եւ իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին£
Նորին Սրբութիւնը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեանի, Տուպայի եւ հիւսիսային Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արամ Աւ. Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Ս. Աթոռիս Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանի, թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեանի ու Ժողովի անդամներուն, Ազգային իշխանութեան, եկեղեցւոյ թաղականութեան, Ազգային ՙԱրա Խանոյեան՚ միօրեայ վարժարանի աշակերտութեան ու հաւատացեալներու կողմէ£
Կանոնական աղօթքի աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը խօսք առնելովª որդիաբար ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը թեմին եւ յատկապէս Ապու Տապիի համայնքին£ Ան ըսաւ, որ Հայրապետին այս հովուապետական այցելութիւնը վերանորոգումի առիթ է թեմին համար, երբ մանաւանդ ամէնուրեք կը դիմագրաւենք զանազան դժուարութիւններ ու տագնապներ: Ապա, հրաւիրեց Հայրապետը որ պատգամը ուղղելու ներկաներուն£
Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ բարձր գնահատեց թեմէն ներս անոր նուիրեալ ծառայութիւնը: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպ սրբազանը, անցնող տասը տարիներու ընթացքին, թեմի կազմակերպչական աշխատանքին լծուեցաւ, միջկրօնական ու միջեկեղեցական լաւ յարաբերութիւններ մշակեց, օտար համայնքներուն եւ յատկապէս պետական շրջանակներու հետ մեր կապերը ծաւալեց£ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութիւնը, որ լայն կարելութիւններ ընծայած է մեր համայնքին: Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը խօսեցաւ քրիստոնէական կեանքին մէջ հաւատքի կարեւորութեան մասին: Ան ըսաւ, որ հաւատքը հրամայական ու առանցքային ներկայութիւն եղած է Քրիստոսի ուսուցումներուն, հրաշքներուն ու քարոզչութեան մէջ: Քրիստոս փոթորիկին մէջ մնացած աշակերտներուն ըսաւ ՙմի՛ վախնաք, միայն հաւատացէ՛ք՚. ՙմանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունեցողը կրնայ լեռը շարժել՚: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ եկեղեցին հաւատքի համայնք է: Հաւատալ կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ, Անոր ներկայութեամբ մտածել ու գործել: Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ մեր կեանքը հաւատքով շաղախել ու վերանորոգելª դիմագրաւելու կեանքի ամէն տեսակ դժուարութիւնները, ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը: Իր պատգամի աւարտին, ան հայրական կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, որպէսզի եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին մասնակից դառնալովª իրենց հաւատքը հզօրացնեն£
Հայրապետին պատգամէն ետք, Ազգային ՙԱրա Խանոյեան՚ միօրեայ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր£