Երէկ հարաւային Լիբանանը դարձեալ ականատես դարձաւ ռմբակոծումներու: Հըզպալլա երկրորդ անգամ ըլլաով ռմբակոծեց ՙՄիրոն՚ խարիսխը, որ կը համարուի հիւսիսային Իսրայէլի ամենակարեւոր խարիսխներէն մէկը եւ որ կ’օգտագործուի լրտեսութեան եւ օդային գործողութիւններու համակարգումին համար: Այս յարձակումը հակադարձութիւն էր Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ղեկավարներու սպանութեան: