Դէմքի լուրջ եւ խիստ արտայայտութեամբ` հեռուստացոյցի պաստառէն այն կողմ մարդիկ կը յայտարարէին, թէ շուտով սարք մը պիտի ստեղծեն, որ մեծ յեղափոխութիւններ պիտի ընէ աշխարհի մէջ: Հեռուստացոյցի կապոյտ ապակիին հակառակ կողմը նստած դպրոցական տղան այն ժամանակ ամենայն ուշադրութեամբ կը լսէր Մեծ հատրոնային քոլայտըրի կառուցման մասին պատմութիւնները եւ նոյնիսկ ամենալաւ երազին մէջ չէր կրնար պատկերացնել, որ տարիներ անց մէկ այլ արագացուցիչի համար սարքաւորումներ պիտի գծագրէ եւ պատրաստէ, այն էլ սեփական երկրին մէջ:
ՙԼսեցի, որ արագացուցիչ կ՛ուզեն կառուցել, այդ օրուէն արագացուցիչներու թեման ինծի հանգիստ չէր տար, շատ կը հետաքրքրուէի: Ի հարկէ, այդ ժամանակ մտքովս ալ չէր անցներ, որ Հայաստանի մէջ ալ արագացուցիչ պիտի սկսին կառուցել, եւ ես պիտի ներգրաւուիմ այդ աշխատանքներուն մէջ՚, ըսած է Աւետիս Սիմոնեան, որ ՙՔենտըլ՚ սինքրոտրոնային հետազօտութիւններու հիմնարկի ճարտարապետական խումբի ղեկավարը եղած է:
Բարձրանալով ճարտարապետի մասնագիտական աստիճանավանդակը
Մասնագիտութեան ընտրութիւնը Աւետիսին մօտ ինքնաբերաբար եղաւ: Դպրոցական տարիներուն տարբեր փուլերու մէջ առարկաներու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը տարբեր էր: Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի Ընդերքաբանութեան եւ Մետաղագործութեան բաժանմունքին մէջ Աւետիսը պաշտպանեց մոլիպտենի ձեւափոխում թեմայով գիտական ատենախօսութիւնը:
ՙՄոլիպտենը դժուարահալ մետաղ է, որ կը կիրաուի այսպէս կոչուած յարձակողական միջավայրերու մէջ, տարբեր ոլորտներու մէջ` տիեզերքի ուսումնասիրութեան, վաքուումային սարք եւ այլն: Մոնոբիւրեղներու աճեցման համար օգտագործուող կաղապարներու պատրաստման արհեստագիտութիւն մշակած եմ: Մինչ այժմ այդ կաղապարները ձեռքով ծեծելով կը պատրաստուին, իսկ ես կ՛առաջարկեմ ճնշման տակ սեղմելով (արտաձգում) ստանալ: Այս արհեստագիտութեամբ ստացուած կաղապարները աւելի բարձր որակական յատկանիշեր կ՛ունենան՚, կ՛ըսէ ան:
Վերադարձ արագացուցիչներուն եւ ոչ-սովորական արհեստագիտութիւններուն
Աւետիսը աշխատած է ՙՔենտըլ՚ սինքրոտրոնային հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ: Նախապէս արտադրութեան ոլորտին մէջ աշխատած է:
ՙԺամացոյցներու գործարանի մեխանիկական արտադրամասին մէջ աշխատելէ յետոյ հասկցայ, որ ճշգրիտ ուղղութիւնները ինձ աւելի շատ կը հետաքրքրեն, քան արտադրութեան ոլորտը: Ռոպոթացուած աշխատանքները ինծի համար չեն, ես կը սիրեմ ոչ-սովորական, ոչ-աւանդական, բարդ արհեստագիտութիւններով աշխատիլ՚, կ՛ըսէ Աւետիսը:
Այդ սէրը զինք բերաւ հիմնարկ, ուր ներգրաւուեցաւ ԱՐԵԱԼ արագացուցչի մանրամասնութիւններու նախագծման եւ կառուցման աշխատանքներուն մէջ:
ՙՄեր ձեռքբերումն այն է, որ ԱՐԵԱԼ արագացուցիչը շատ կարճ ժամանակի մէջ պատրաստեցինք մեր ուժերով: Մանրամասնութիւններուն, սարքաւորումներուն մօտ 70 տոկոսն կատարուած է Հայաստանի միջոցներով: Մեր խումբը փորձարարական մասին համար սարքաւորումները կը նախագծէ եւ կը պատրաստէ: Հիմնականին մէջ արագացուցչային սարք է, ոչ-սովորական, ճշգրիտմանրամասնութիւններ են, որոնք կը պահանջեն ճշգրիտ ճարտարագիտութիւն՚, իր պատրաստած սարքաւորումները ցոյց տալով ըսած է ճարտարագէտը:
Գրաւելով արտասահմանեան շուկան
Հայաստանի մէջ կան խնդիրներ, որոնց հետ կը բաի գիտնականը իր աշխատանքին ընթացքին, եւ անոնցմէ ամենացայտունները, ինչպէս կ՛ըսէ Աւետիսը, ֆինանսական բաղադրիչ ունին.
ՙԱյն, ինչ հիմա ունինք, բաւարար չէ մեծ յառաջընթացներ արձանագրելու համար: Միւս կողմէ ալ` նստիլ ու լալը ճիշդ բան չէ: Երբ կ՛որոշես գալ գիտութեան ոլորտ, գիտես, որ հեշտ պիտի չըլլայ: Գիտնականը, մինչ այդ ընտրութիւնը կատարելը, շատ լաւ պատկերացում ունի ոլորտի խնդիրներուն մասին եւ զանոնք գիտակցելով կ՛ընէ այդ քայլը՚:
Տեխնիկական յագեցուածութեան մասին խօսելով, ան կը նկատէ, որ եթէ յստակ խնդիրը կը ձեւակերպուի, ապա այսօր գիտաշխատողները կրնան միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեամբ գտնել պայմաններ:
Կիրառական ուղղութիւնը ընտրած Աւետիսը կը կարծէ, որ այն պէտք է գումարներ աշխատի եւ ծածկէ հիմնական գիտութեան ծախսերը:
ՙԿը կարծեմ, որ լաւագոյն ուղիներէն մէկը արտասահմանի հիմնարկներու, գիտնականներու հետ համագործակցութիւն գտնելն է: Օրինակ, կարելի է անոնց համար որեւէ խնդիր լուծել, որուն դիմաց սարքաւորում կամ գումար ստանալ: Արտասահմանէն ոչ միայն կիրառական, այլեւ տեսական խնդիրներ բերած ենք: Այդ խնդիրները շատ են, պէտք է գտնել, վստահութիւն շահիլ եւ բերել Հայաստան, անոնք քիչ գումարներ չեն: Այդպէս մենք կրնանք դուրս գալ միջազգային շուկայ եւ Հայաստանի գիտութեան համար նոր հեռանկարներ բանալ՚, կ՛ըսէ գիտաշխատողը:
Միւս կարեւոր ուղղութիւնը, որով պէտք է շարժին հայ գիտնականները, Աւետիսին խօսքով ռազմականն է. ՙՄեր մօտ պէտք է շեշտը դրուի ռազմական արդիւնաբերութեան վրայ, գիտական ներուժը պէտք է կիրառել այստեղ՚:
Համաշխարհային փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը
Գիտութեան դերը առաջնային դարձնելու խնդիրը, Աւետիսի դիտարկմամբ, կու գայ դպրոցէն: Ան համոզուած է, որ վերաբերմունքը պէտք է փոխուի դպրոցական նստարանէն:
ՙԱյսօր կրթական համակարգին մէջ այնպիսի մարդիկ կը դասաւանդեն, որ իրականութեան մէջ գաղափար չունին այն առարկայէն, որ կ՛ուսուցանեն: Գիտութիւնը զարգացած է, եւ պէտք է համընթաց քալել: Կրթական համակարգը բաւարար չէր հետագային լաւ գիտական ներուժ ունենալու համար եւ համաշխարհային փոփոխութիւններ հարկաւոր են: Լրատուամիջոցներն ալ իրենց ընելիքը ունին` գիտութիւնը պէտք է աւելի մատչելի ներկայացուի, մարդոց գիտակցութիւնը պէտք է բարձրացնել՚:
Ան կը նկատէ, որ գիտնականն ալ պէտք է ներկայացնէ իր աշխատանքը, միջոցները, բայց այդ պէտք է ընէ յօդուածներ տպագրելով, միջոցառումներու մասնակցելով, եւ ՙկարելի չէ գիտնականէն սպասել աւելին, քան իր իրաւասութիւններու եւ պատասխանատուութեան շրջանակներուն մէջ է՚:
Գիտութիւնը զարգացնելու եւ ճշգրիտ ուղղութիւններու հանդէպ մարդոց հետաքրքրուածութիւնը գրաւելու համար, ըստ Աւետիսի, պէտք է Հայաստանի մէջ արտադրութիւններ բացուին, ուր պիտի կարենան աշխատիլ ճշգրիտ մասնագիտութիւններ ստացած շրջանաւարտները:
ՙՀայաստանի մէջ, կարելի է ըսել, գործարաններ չկային: Եթէ երեխաներուն պատկերաւոր ներկայացուի իր ընտրած ուղղութեան հետագայ հեռանկարները եւ ան յստակ իմանայ, որ կրնայ անով զբաղիլ, անհնար է, որ չուզէ շարունակել այդ ուղղութիւնը՚:
Ապահովագրելով ապագայի զարգացումը
Ապագային լուրջ յաջողութիւններու հասնելու համար, ըստ Աւետիսի, հարկաւոր է, որ գիտութիւնն ու առեւտուրը կապակցուին եւ համատեղ աշխատին:
Ան կ՛ըսէ, որ արտադրութիւններուն մէջ բազմաթիւ խնդիրներ կ՛ըլլան, բայց անոնք յաճախ Հայաստանի ներուժով չեն լուծեր, արտասահմանէն մասնագէտ կը բերեն ու շատ աւելի մեծ գումարներ կը վճարեն.
ՙԱյնինչ, արտասահմանի մէջ կը դիմեն մեր մասնագէտներու օգնութեան: Զուիցերիոյ համար սարքաւորումներ պատրաստած ենք, որոնց որակը չի զիջիր այլ աշխատանոցներու մէջ պատրաստուածներուն եւ աւելի մատչելի են՚:
Աւետիսը անհրաժեշտ կը համարէ ուղեղներու արտահոսքի կանգնեցումը, ինչ որ կրնայ ըլլալ, եթէ գիտաշխատողները Հայաստանի մէջ բնական վճարուէին եւ մասնագիտական բնական աճ ունենային:
ՙԻմ օրինակով կրնամ ըսել` արտասահմանի մէջ իմ մասնագիտութիւնս շատ բարձր կը վարձրատրեն, բայց ես կը մնամ, քանի որ ինձ հոգեպէս այստեղ շատ լաւ կը զգամ եւ կը կարծեմ, որ ընելու գործ ունեմ: Միայն փող աշխատիլը չէ կեանքին մէջ կարեւոր: Այն, ինչ որ կը գրաւէ եւ Հայաստանէն կը տանի հայ գիտաշխատողները, ես կը փորձեմ բերել Հայաստան: Համոզուած եմ, եթէ նոյնիսկ գիտութեամբ զբաղող 100 մարդ մնայ, պիտի ապրեցնեն գիտութիւնը եւ պիտի չթողեն մահանայ: Խանդավառները գիտութեան մէջ շատ են՚:
ՙmediamax՚
(2017)