Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐ ԱՆՄԱՀ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

January 23, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐ ԱՆՄԱՀ ՏԽՐՈՒՆԻԻ  ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

 

95 տարի առաջ դաւադրաբար սպաննուած Սարգիս Տխրունի (Քէտէրեան) ուսուցիչն ու քաղաքական գործիչը յաջորդող սերունդներուն թողուց այնպիսի կտակ մը, որ հետագային ուղեցոյց դարձաւ գաղափարանուէր շարքայիններուն: Ան նոր ուղի մը ակօսեց բոլոր անոնց համար, որոնք միացան Հնչակեան Կուսակցութեան շարքերուն: Տխրունիի յետնորդները, ամէն տարի նշելով անոր յիշատակը, կ’երդուին հաւատարիմ մնալ անոր կտակած ժառանգութեան:

Արդարեւ, Կիրակի, 21 Յունուար 2024-ին, Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան վարչութիւնը ոգեկոչեց հնչակեան մեծ գործիչ, գաղափարի նահատակ Սարգիս Տխրունիի նախատակութեան յիշատակը: Ռըմէյլի Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, արժանապատիւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեան պատարագեց եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց, ներկայութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանի եւ անդամներու, մասնաճիւղերու եւ յարակից միութիւններու վարչական պատասխանատուներու, տխրունիական ընկեր-ընկերուհիներու եւ բազմաթիւ համակիրներու:

Այնուհետեւ բոլորը այցելեցին Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատունª մեծ ուսուցիչին դամբարանը: ՀՄՄ-ի փողերախումբը կատարեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՍԴՀԿ-ի քայլերգները: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեանը, եկեղեցւոյ դպրաց դասին մասնակցութեամբ:

Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան անունով խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սեւակ Իզմիրլեան, որ նշեց, թէ 95 տարիներ առաջ եղբայրասպան գնդակը չթոյլատրեց ազատութիւնը, արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը սիրող Սարգիս Տխրունիին աւելի երկար ծառայելու իր ազգին ու գաղափարին, բայց Տխրունին մնաց անմահ, իսկ անոր գաղափարներով ներշնչուեցան յաջորդական երիտասարդ սերունդները: Ընկ. Իզմիրլեան շեշտեց, որ Տխրունի անունը դարձաւ դպրոց մը, ուր դաստիարակուեցան սերունդներ եւ մկրտուեցան մաքուր հայրենասիրութեամբ եւ գաղափարապաշտութեամբ: Ան նշեց, որ այժմ իրենք են Տխրունիի հետեւորդները եւ եկած են վերանորոգելու իրենց ուխտըª անշեղօրէն շարունակելու մեծ ուսուցիչին գաղափարական եւ հայրենասիրական մեծ դպրոցը, ինչպէս նաեւ պահպանելու անոր ժառանգած կտակըª նոյն ոգիով, նոյն սէրով եւ նոյն նուիրումով, միշտ բարձր պահելով ազգային շահի դրօշը եւ Հայրենիքը դասելով ամէն ինչէ վեր:

Ուխտագնացութեան մասնակից բոլոր ներկաները մեծ երախտաւորին եւ ուխտաւորին շիրիմին մօտ ուխտեցին շարունակել Տխրունիի ակօսած ուղինª անշահախնդիր զգացումներով, նուիրուածութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ անկեղծութեամբ կառչած մնալու հայրենիքին եւ ծառայելու հայ ժողովուրդին: Այնուհետեւ, ներկաները մոմավառութիւն կատարեցին եւ վարդեր զետեղեցին մեծ ուխտաւորի շիրիմին, ապա ՙԱնմահն Տխրունի՚ եւ ՙՈւխտի Հրաւէր՚ երգերով խոստացան շարունակել մեծ նահատակին պատգամները:

 

Տ.Ո.Ե.Մ. Վարչութիւնը Երախտագիտութեան Գիր Կը Յանձնէ Տխրունիականներու

Ուխտագնացութեան աւարտին, ներկաները ուղղուեցան ՀՄՄ ակումբ, ուր վարչութիւնը այս առիթով կազմակերպած էր հոգեճաշ: Արժանապատիւ Տ. Ղեւոնդ քահանան օրհնեց սեղաններն ու հոգեճաշը, որմէ ետք խօսք արտասանեց ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանըª վեր առնելով Սարգիս Տխրունի մարդուն, դաստիարակին, քաղաքական գործիչին եւ կուսակցականին արժանիքները: Ընկ. Քէօշկէրեան խօսեցաւ անոր բանտարկութեան ու յանուն գաղափարի կրած չարչարանքներուն մասին, շեշտելով անոր անխախտ գաղափարապաշտութիւնը եւ պատգամըª մնալու անսակարկօրէն հայրենասէր, ըլլալու անշահախնդրօրէն ընկերվարական եւ հաւատալու գաղափարի այն ուխտին, որ կը տարածէ յոյս, արդարութիւն եւ հաւասարութիւն:

Կուսակցական ջերմ մթնոլորտի մէջ, ուր զգալի էր իւրաքանչիւրին նուիրուածութեան շունչը, Տ.Ո.Ե.Մ.-ի վարչութիւնը գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը Երախտագիտութեան գիր շնորհեց տասնեակ տխրունիականներու, որոնք երկար տարիներ անձնուիրաբար ծառայած են Միութեանª յանուն Հայրենիքի վերելքին եւ Հնչակեան կուսակցութեան գաղափարախօսութեան:

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Next Post

ԱՒԵՏԻՍ ՍԻՄՈՆԵԱՆ. ՙԽԱՆԴԱՎԱՌՆԵՐԸ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՇԱՏ ԵՆ՚

Next Post
ԱՒԵՏԻՍ ՍԻՄՈՆԵԱՆ. ՙԽԱՆԴԱՎԱՌՆԵՐԸ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՇԱՏ ԵՆ՚

ԱՒԵՏԻՍ ՍԻՄՈՆԵԱՆ. ՙԽԱՆԴԱՎԱՌՆԵՐԸ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՇԱՏ ԵՆ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.