ԼԻԲԱՆԱՆ
ՎԱՐՁՔԻ ՅԱՒԵԼՈՒՄԻ ԱՌԿԱԽՈՒՄ
Լիբանանի Վարձակալներու խորհուրդը կոչ ուղղեց կառավարութեան չստորագրելու վարձքի ոչ-բնակելի խանութներու օրէնքը, որ պիտի ունենայ աղիտալի հետեւանքներ տնտեսական այս ծանր պայմաններուն մէջ: Նոր օրէնքը խանութին տարեկան վարձքը կը սահմանէ որպէս կալուածի արժէքին 8 առ հարիւրը, որ անընդունելի կը համարուի վարձակալներուն կողմէ: Անոնք կը պահանջեն 3 առ հարիւրի սահմանին մէջ վարձք մը:
Կառավարութիւնը, նկատի առնելով այս օրէնքին ծանր հետեւանքները, առկախեց անոր գործադրութիւնը, այս անգամ պատճառելով կալուածատէրերուն բողոքը, որոնք անընդունելի համարեցին կառավարութեան որոշումը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԵԱՏՄ ԵՒ ՄԻՋԱՆՑՔ
1 Յունուար 2024-էն սկսեալ Հայաստանի հանրապետութիւնը ստանձնեց Եւրասիական տնտեսական միութեան գործադիր նախագահութիւնը: Ան պիտի վերահսկէ Միութեան բոլոր մարմինները: Երկիրը պիտի նախագահէ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդը, Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդը եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խորհուրդը:
Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Նասէր Քանաանի յայտնեց, որ իր երկիրը միշտ եղած է Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ ժողովուրդներու խաղաղ համագործակցութեան հետ: Ան աւելցուց, որ թրքական կողմի յայտարարութիւնըª Հայաստանի հողին վրայ գտնուող Զանգեզուրի միջացնքին առնչութեամբ, պէտք չէ ուղղուի Հայաստանի հողային ամբողջականութեան դէմ: Ըստ Քանաանիի, առեւտուրի եւ երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը պատրուակ պէտք չէ օգտագործուի երկիրներու գերիշխանութեան դէմ քայլեր առնելու համար:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ԵԹՈՎՊԻԱ ԵՒ ԻՐԱՆ
Եթովպիան, 33 տարի առաջ կորսնցնելէ ետք Էրիթրէն, զրկուած էր դէպի ծով անցքէ: Ներկայիս երկրին կառավարութիւնը կը վարէ տնտեսական աշխոյժ քաղաքականութիւն եւ հիւսիսային Սոմալէն վարձեց 20 քիլոմեթրնոց հատուած մը, որ ծովային անցք պիտի տրամադրէ երկրին: Այս քայլը ժխտական նկատուեցաւ Եգիպտոսի կողմէ, որ կը համարուի երկրին ամենամեծ մրցակիցը հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան Ափրիկէի մէջ: Սոմալի այս մասը նախկին բրիտանական գաղութ էր եւ պաշտօնապէս ճանչցուած չէ շատ մը երկիրներու կողմէ:
ԱՄՆ-ի վարած պատժամիջոցներու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը սկսած է ունենալ հակառակ ազդեցութիւն: Պատժամիջոցներէն տառապող Իրանը եւ Ռուսական դաշնութիւնը հեռացան ԱՄՆ-ի հակակշիռին տակ գտնուող ՙSWIFT՚ դրամ փոխանցելու համակարգէն: Անոնք հաստատեցին իրենց դրամ փոխանցելու համակարգը: Այլեւս երկու երկիրները պէտք պիտի չունենան Պելճիքայի մէջ հաստատուած համակարգինª դրամ փոխանցելու համար:
ԵՒՐՈՊԱ
ԺԽՏԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹ
Եւրոպական միութեան դրամանիշ եւրօն օգտագործող քսան երկիրներու տնտեսութիւններու մեծամասնութեան մօտ կը նշմարուին ժխտական ցուցանիշեր: Յաջորդաբար եօթներորդ ամիսը ըլլալով վստահութեան ցուցանիշը կը մնայ 50 առ հարիւրէն ցած: Անցեալ ամիս ան արձանագրեց 47,6 առ հարիւր: Միջինը 50 առ հարիւր է: Պահանջարկի անկումը յստակ է ու գօտին կ’ուղղուի դէպի տնտեսական կծկում:
Ֆրանսայի Կեդրոնական դրամատունը յայտարարեց, թէ 2023 տարուան ընթացքին 55 հազար ընկերութիւններ յայտարարեցին իրենց սնանկացումը: Փակուող ընկերութիւններուն մեծ մասը փոքր կամ միջին չափի ընկերութիւններ էին: Մեծամասնութիւնը ճաշարաններ եւ պանդոկներ էին: Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընկերութիւններու փակումն ալ աճ արձանագրեց:
Գերմանիոյ մէջ հողագործները սկսան բողոքել վառելանիւթի գինի յաւելումի եւ տուրքերու յաւելումին դէմ: Անոնք փակեցին մայրուղիներ ու երկիրը անդամալուծեցին: Այնպէս կ’երեւի, թէ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի վարած տնտեսական քաղաքականութիւնը իր ժխտական հետեւանքը պիտի ունենայ երկրին վրայ, որուն տնտեսութիւնը լաւ վիճակի մէջ չէ արդէն:
ԱՄԵՐԻԿԱ
ԱՐԺԱՆԹԻՆ ԵՒ ՊՐԱԶԻԼ
Արժանթինի նորընտիր նախագահ Խաւիէ Միլէյ սկսաւ իր ընտրական խոստումներու կատարումը: Արժանթինի դիմագրաւած ամենամեծ հարցն է երկրի դրամանիշին արժեզրկումը ու անոր հետեւող սղաճը: Միլէյ կը փորձէ լուծել այս հարցըª երթալով ծայրայեղ քայլերու: Կառավարութիւնը առաւ շարք մը քայլեր, ինչպէսª սեփականաշնորհել պետական շարք մը կառոյցներ ու անոնց բաժնետոմսերը վաճառել մասնաւոր հատուածին: Սահմանափակեց պաշտօնեաներու կարգ մը իրաւունքներ, ինչպէսª մօր տրուած արձակուրդը ծննդաբերութենէն ետք: Երկրին սահմանները բացաւ օտար դրամագլուխի առջեւ, անոնց իրաւունք տալով գնել անշարժ գոյք: Ամբոխավար նախագահին վարած քաղաքականութիւնը շատ մը անձեր կը նմանցնեն Տոնալտ Թրամփի եւ Պրազիլի նախկին նախագահ Եայիր Պոլսոնարոյի վարած քաղաքականութիւններուն: Անոր քաղաքականութեան դէմ են ընկերվարական ու աջ կեդրոն շրջանակներ:
Վերջին տարիներուն, Պրազիլի բնակչութեան 40 առ հարիւրը սկսան օգտագործել առցանց դրամատնային ծառայութիւնը: Այսինքն անոնք իրենց դրամական բոլոր գործունէութիւնը կը կատարեն առցանց համացանցին միջոցով: Այս է պատճառը որ գողեր սկսան աւելի շատ ի յայտ գալ համացանցին վրայ ու փորձեցին գողութիւն կատարել այդ միջոցով:
ԱՄՆ
ԳՈՆԿՐԷՍԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՒ
Ճամբորդական օդանաւեր արտադրող ամերիկեան ՙՊոյինկ՚ ընկերութեան բաժնետոմսերու գինը անկում արձանագրեց, երբ ընկերութիւնը առժամաբար դադրեցուց թռիչքը ՙՊոյինկ 737 Մաքս 9՚ մակնիշի օդանաւին: Այս օդանաւին մէջ ի յայտ եկան շատ մը սխալներ, որոնք պատճառ դարձան օդանաւերու թռիչքի առկախումին կամ թռիչքը կէս ձգելուն: 2018 եւ 2019 թուականներուն օդանաւային արկածներ պատահեցան ՙՊոյինկ 737 Մաքս 9՚ օդանաւերու թռիչքներու ընթացքին ու 2020 թուականին այս մակնիշի օդանաւին թռիչքները առկախուեցան:
ԱՄՆ-ի գոնկրէսը վերջին վայրկեանին համաձայնեցաւ պետութեան ամավարկի կամ պիւտճէի հարցին շուրջ: ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատը, ուր Հանրապետական կուսակցութիւնը ունի մեծամասնութիւն, կ’ուզէ սահմանափակել վարչակազմին ծախքըª երկրին պիւտճէի բացը նուազեցնելու համար, մինչ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը, շահելու համար ընտրողներու քուէն, կը պահէ ծախքի չափը, հակառակ երկրին արձանագրած պիւտճէի մեծ բացին: Այս քաշքշուքը վերջ չունի ու կը խանգարէ կառավարութեան հեզասահ գործունէութիւնը:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Կազայի մէջ բռնկած պատերազմի հետեւանքներէն մէկն էր Եմէնի հուսի կառավարութեան որոշումըª փակելու Կարմիր ծովու մուտքը դէպի Իսրայէլ ուղղուող նաւերուն առջեւ: Արեւմուտքը ԱՄՆ-ի առաջնորդութեամբ ուզեց փոխել այս իրականութիւնը եւ ցոյց տալ, որ Եմէն կը փակէ Պապ Էլ Մանտէպի նեղուցը բոլոր նաւերուն առջեւ: Այս պատճառով, շատ մը միջազգային ընկերութիւններ որոշեցին դադրեցնել իրենց ապրանքատար նաւերու անցքը Կարմիր ծովէն: Այս քայլը պատճառեց ապրանքի փոխադրութեան ծախքի կրկնապատկում Եւրոպայի երկիրներուն համար, որոնց ներածած ապրանքին մեծ մասը կ’անցնի այս նեղուցէն: Ամենաշատ ազդուեցան Եւրոպայի բոլոր երկիրները եւ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան ծովեզերքի քաղաքները:
ԱՄՆ-ի հաստատած որոշ արգելքներըª դէպի Չինաստան կատարուած նոր արհեստագիտութեան արտածումի վրայ, սկսած է ժխտական ազդեցութիւն ունենալ Չինաստանի մէջ արտադրուած նոր արհեստագիտութեան վրայ: Հոլանտական ՙASML՚ ընկերութիւնը Չինաստանին չվաճառեց նոր արհեստագիտութիւն, հետեւելով ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներուն: Ըստ Չինաստանի, այս ընթացքով նոր արհեստագիտութեան շատ մը սարքերու արտադրութիւնը պիտի ուշանայ: Չինաստանն ալ իր կարգին պատժամիջոցներ հաստատեց ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան համար սարքեր արտադրող հինգ ընկերութիւններու նկատմամբ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՑՈՒՑԱՆԻՇՆԵՐ (Leading indicators)
Տնտեսագիտութեան մէջ կան ցուցանիշեր, որոնք ցոյց կու տան շուկայի ուղղութիւնը: Անոնք կը կոչուին առաջնորդող ցուցանիշեր: Այդ ցուցանիշներէն առաջինն է սպառողի վստահութիւնը (consumer confidence): Սպառողին վստահութիւնը եթէ բարձր է, ուրեմն ան կրնայ դրամ ծախսել ու շուկան հաւասարակշռուած պահել: Հակառակ պարագային, ան ժխտական ցուցանիշ մըն է, որ շուկան պիտի դիմագրաւէ դժուարութիւն, որովհետեւ սպառողը աւելորդ դրամ չունի ծախսելու համար:
Երկրորդ կարեւոր ցուցանիշն է երկրի համախառն արդիւնքը (Gross Domestic Product): Այսինքն երկրի արտադրութեան եւ ծառայութեան արժէքին գումարը: Եթէ տարուէ տարի ան աճ կ’արձանագրէ, ուրեմն երկրին տնտեսական վիճակը բարելաւում կ’արձանագրէ: Հակառակ պարագային, կը նշանակէ թէ երկրին տնտեսութիւնը ետքայլի մէջ է:
Աղբիւրներª ՙՏը Էքոնոմիսթ՚, ՙՌաշա Թուտէյ՚, ՙԱռաւօտ՚ եւ ՙԱլ Տիյար՚
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ