Ֆրանսայի Ծերակոյտը պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը դատապարտող եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան խախտման որեւէ հետագայ փորձ կանխելուն միտուած բանաձեւ ընդունելու հարցը£
ՙՖրանսայի Ծերակոյտը ամենավճռական կերպով կը դատապարտէ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին եւ 20-ին Ատրպէյճանի կողմէ իր դաշնակիցներուն աջակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած ռազմական յարձակումը, որ հանգեցուց այնտեղ բնակող գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութեան վտարման£
Ծերակոյտը կը յիշեցնէ, որ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը յարգելը, որ կը տարածուի Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վրայ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան միակ հնարաւոր ճանապարհն է, եւ որ պետութիւնները պարտաւոր են յարգել եւ պաշտպանել այդ իրաւունքը£ Հետեւաբար, միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է Ատրպէյճանէն պահանջել գործադրել բոլոր ջանքերըª ապահովելու հայ բնակչութեան Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու իրաւունքըª անոնց անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը ապահովող պայմաններով£
Ծերակոյտը կ’ողջունէ Ֆրանսայի կառավարութեան նախաձեռնութիւնըª ընդլայնելու Հայաստանին տրամադրուող մարդասիրական օգնութիւնըª իր տարածքին մէջ փախստական դարձած Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան հիմնական կարիքները բաւարարելու համար, եւ կառավարութեան կ’առաջարկէ, որպէսզի իրենց եւրոպացի գործընկերներուն յորդորեն հետեւիլ իր օրինակին£
Ծերակոյտը կը վերահաստատէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան անխախտելիութիւնը եւ կոչ կ’ընէ անյապաղ եւ անվերապահ դուրս բերելու ատրպէյճանական զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն£
Ծերակոյտը Ֆրանսայի կառավարութիւնը, Եւրոպական միութիւնը եւ միջազգային հանրութիւնը կը զգուշացնէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկրտումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անոր տարածքային ամբողջականութեան եւ Կովկասի մէջ խաղաղութեան հարցով անոնց ներկայացուցած վտանգին մասին£
Ծերակոյտը կը պաշտպանէ Հայաստանիª իր տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու եւ իր անվտանգութիւնը ապահովելու համար միջոցներ, այդ շարքինª ռազմական միջոցներ ունենալու իրաւունքը£ Այս առնչութեամբ կ’ողջունէ Ֆրանսայի կառավարութեան ª Հայաստան ռազմական տեխնիկա մատակարարելու որոշումը£
Ծերակոյտը կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքական առաջնորդներու, այդ տարածքի ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչներու կամայական ձերբակալութիւնը եւ կոչ կ’ընէ անյապաղ ազատ արձակելու զանոնք£
Ծերակոյտը կոչ կ’ընէ Ֆրանսայի կառավարութեանª պատժամիջոցներ կիրառելու սպառնալիքով պահանջելու Ատրպէյճանի Հանրապետութենէն անյապաղ ազատ արձակել այնտեղ պահուող քաղաքացիական եւ զինուորական կալանաւորները եւ անյապաղ վերադարձնել մարտերուն մէջ զոհուած հայ զինուորներուն մարմինները£
Կոչ կ’ընէ յարգելու մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնըª Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան եւ խստօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական շինութիւններու, մասունքներու, հաւաքածուներու եւ մշակութային արժէքներու նկատմամբ ոտնձգութիւնները£
Կ’ընդգծէ զինուած հակամարտութեան պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջկառավարական կոմիտէի օրակարգին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը ներառելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանը հեռացնելու այդ կոմիտէէն£
Կ’ընդգծէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին առընթեր փորձագէտներու միջազգային խումբի անյապաղ ստեղծման եւ առաքելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկելու անհրաժեշտութիւնըª մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան վիճակի մասին տեղեկատուական զեկոյց պատրաստելու համար£
Կոչ կ’ընէ Ֆրանսայի կառավարութեանª ընդունելու Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի բազմաթիւ յարձակողական գործողութիւններու բոլոր դիւանագիտական հետեւանքները եւ իր եւրոպացի գործընկերներու հետ քննարկելու Ատրպէյճանի հետ Եւրոպական միութեան յարաբերութիւններու ամբողջական վերանայման հարցը, ինչպէս նաեւ համապատասխան ամենավճռական պատասխան միջոցներըª ներառեալ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հաշիւներու կալանքը եւ Ատրպէյճանէն կազի եւ քարիւղի ներկրման արգելքըª որպէս պատիժ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ռազմական յարձակման համար£
Կոչ կ’ընէ կառավարութեանª գործադրելու բոլոր ջանքերը, որպէսզի Ատրպէյճանը անյապաղ եւ խաղաղ ճանապարհով ներգրաւուի դիւանագիտական խողովակներով բանակցային գործընթացին մէջª Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար՚, նշուած է բանաձեւի նախագիծին մէջ£