ԿՐԿԻ՛Ն ՙԽՕՍՔ ԻՄ ՈՐԴՈՒՆ՚Ի ԲՈՑԱՐԾԱՐԾ ԿՐԱԿՈՎ…
20 Յունուարին, ՙԽօսք Իմ Որդուն՚ի համբաւաւոր երգիչª Ամենայն Հայոց Բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան (Երեւան, 20 Յունուար 1919 – Երեւան, 25 Օգոստոս 2006) կը բոլորէ իր ծննդեան 105-ամեակը:
Վահան Տէրեանի նայիրեանաբորբ անուրջներուն մէջ մթնշաղուող այն արշալոյսը, որ բացուեցաւ Արեւելեան Հայաստանին` խորհրդային կարգերու հաստատումովª Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն վրիժացայտ, հայրենի գրական փաղանգին բախտաւոր հոյլին մէջ (Համօ Սահեան, Սերօ Խանզադեան, Յովհաննէս Շիրազ, Մարօ Մարգարեան, Վիգէն Խեչումեան, Հրաչեայ Յովհաննիսեան, Գէորգ Էմին, Աղաւնի եւ ուրիշներ), Սիլվա Կապուտիկեանª կրտսերագոյններէն մէկը այդ հոյլին, որքան սրտայոյզ ապրում ու ճակատագրի գիր, քերթողական ե՛ւ հապարակագրական իր արուեստով հանդիսացաւ այն զատորոշուող տաղանդը, որուն հոգիին անձեռնունելի տաճարի կամարներուն տակ փուլ եկան գետնաքարշ գոռոզութիւններ, պանդուրութիւնները մեր քաղաքական այրերուն, հասնելով Գ. Հանրապետութեան պետական կառոյցներու հիմնումի ժամանակները, այլեւ յետանկախութեան տարիներու քաղաքական այրերու խակութիւնները կապուտիկեանական տիրական խօսքին մոգական հռետորութեամբը ՙկախուեցան սիւնէն անկախութեան կախաղանի…՚:
Քնարերգակª մինչեւ ծուծը իր արեան, կանացի հոգիով, այլեւ առնահունչ իր կեցուածքով, պահանջատիրական աննահանջ քայլով ու հաւասարակշռուած դատումներովª ամորձահատուած ու դաւադիր այդ քաղաքական այրերուն,- նկատի առնելով յատկապէս անոնց պարագլուխ Ռ. Քոչարեանը,- սուտ ու փուտ ՙհայրենասիրութանց՚ դիմաց, Մեծ Տիկինըª իր վշտամբեր ժողովուրդին իրարայաջորդ եղեռններէն յառնած ե՛ւ ջահակիրը լինելութեան, պայքարի, ապրեցաւ սակայն ցաւալի, դժխեմ կորանքը 15-ամեայ անկախութեան կործանաւոր իրադարձութիւններու..:
1932-ին էր արդարեւ, 13 տարեկանին, երբ Յովհաննէս Թումանեանի ժողովրդականացած ՙԱպրէ՛ք երեխէք՚ին պատանուհի Սիլվան կամ Սիրվարդը կը պատասխանէր իր երախայրիքը համարուող քերթուածով մը, ՙՊիոներ Կանչ՚ին մէջ. աւելի ուշª 1935-ին, ՙԳրական Թերթ՚ի խմբագիր եւ բանաստեղծ Վահրամ Ալազանի խրախուսանքով կը սկսէին մամուլի մէջ երեւիլ բանաստեղծուհիին նորաբողբոջ քերթուածները այն ժամանակներուն, երբ Աղասի Խանջեանի անարգ սպանութեամբ եւ անոր յաջորդող Եղիշէ Չարենցի, Ակսէլ Բակունցի, Վահան Թոթովենցի, Զապէլ Եսայեանի, Վահրամ Ալազանի եւ այլ երեւելի մտաւորականներու դէմ ՙվերէն արձակուած հրահանգներ՚ու գործադրութամբ, սարսափազդու ձերբակալութիւնները, բանտարկութիւններն ու գնդակահարութիւնները տակաւ առ տակաւ, մերթ արագասոյր հրամաններով շնչահեղձ կը դարձնէին թէ՛գրական եւ թէ՛ քաղաքական կեանքը Հայաստան աշխարհի:
1940-ին, Յովհաննէս Շիրազի հետ իր կնքած ամուսնական կեանքովª 8 Յունիս 1941-ին, Արա Շիրազի ծնունդէն ուղիղ երկու շաբաթ ետքª 22 Յունիսին կը բերէր հիթլէրական հորդաներու ներխուժումը Խ. Միութեան վրայ, սակայն աշխարհաքանդ այդ քաոսին մէջ 22-ամեայ Կապուտիկեանի քերթուածներըª իրենց քնարաշունչ, հայրենասիրական եւ սիրախանդ երգերով, այլեւ մայրական օրօրներով կ’աճեցնէին սիրտն ու հոգին փոքրիկն Արա Շիրազին.-
Քեզ ծիածա՜նը պիտի գուրգուրէր,
Ու քեզ քուն բերէր հեքիա՛թ արտոյտի,
Բայց շա՛նթ է ճայթում օրոցքիդ վերեւ,
Վրադ սաւառնում բազէ՛ն երկաթի…
. .. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
Բազէ՛ն թող բերի քո աչքերին քուն,
Քնիր շանթերի, որոտների մէջ.
Մանկո՛ւց սովորիր ատել թշնամուն,
Քանզի նա մանկո՜ւց կեանքըդ խռովեց…
30-ական եւ 40-ական թուականներու սկիզբները գրուած ու ամփոփուած քերթուածները Կապուտիկեանի, լոյսի բարիքին կու գային Հայրենական Մեծ Պատերազմինª սովետական բանակներուն տարած յաղթանակի տարինª 1945-ին, ՙՕրերի Հետ՚ խորագիրի տակ: Հարկաւ, այդ օրերը իրենց բուն իմաստով կը ցոլացնէին այն դժնէ ժամանակները, որոնց թաւալքին հետ եւ անոնց բերած վիշտին ու արցունքին մէջ կ’երանգաւորէին ծիածանահիւս յոյսը բազմատառապ մեր ազգին, յոյսըª որ Սիլվա Կապուտիկեանի՛նն էր, ռազմաճակատներու վրայ մահը տապալելո՛ւ եւ յաղթութեա՛մբ վերյառնելու աննկուն կամքով.-
Կի՛ն, ծաղկո՜ւմն ես դու կեանքի, սակայն ահա աշխարհում,
Շղթայազերծ մահը ժանտª մեր խնկաբոյր դաշտերում,
Տե՛ս, մոլեգնե՜լ է կրկին ու բարձրացրել է քո դէմ
Իր դրօշակը դեղին եւ գերանդի՜ն մահադէմ…
Կի՛ն, դու մահի ախոյեան, մրցակցուհի՜դ դափնեւոր,
Ծնկաչոք է միշտ եղեղ մահը ոտքիդ մօտ հզօր…
Ամենայն Հայոց Բանաստեղծուհիէն հրատարակուած գիրքերու շարքը կու տամ ժամանակագրական կարգովª 1942-էն մինչեւ 2006 թուական.- ՙՀատուցում՚, ՙՍարեակներ՚, ՙԵրկու Զրոյց Մանուկների Հետ՚, ՙՎահանիկի Երազը՚, ՙՕրերի Հետ՚, ՙԶանգուի Ափին՚, ՙԱյս Իմ Երկիրն Է՚, ՙՓոքրիկ Արա, Ականջ Արա՚, ՙԴէպի Մոսկուա՚, ՙԻմ Հարազատները՚, ՙՄեր Լիլիկը, Մեր Բալիկը՚, ՙՏանը, Բակում, Փողոցում՚, ՙՔերթուածներ՚, ՙՍրտաբաց Զրոյց՚, ՙԲարի Երթ՚, ՙՄէկ Տարով Էլ Մեծացանք՚, ՙԱրդէն Գիտեմ Նկարել՚, ՙՄենք Օգնում Ենք Մայրիկին՚, ՙՄտորումներ Ճանապարհի Կէսին՚, ՙԲանաստեղծութիւններ՚, ՙՄեր Փոշեկուլ Մեքենան՚, ՙՔարաւանները Դեռ Քայլում Են՚, ՙԵօթ Կայարաններ՚, ՙԻմ Էջը՚, ՙԵրգ Երգոց՚, ՙԴէպի Խորքը Լերան՚, ՙԵրկերի Ժողովածոյ՚ (երկու հատորով), ՙԽճանկար Հոգու Եւ Քարտէսի Գոյներից՚, ՙՀատընտիր՚, ՙԻմ Ժամանակը՚, ՙԼիլիթ՚, ՙՁմեռ Է Գալիս՚, ՙԾաղկանոց՚, ՙԵրկեր՚ (երեք հատորով), ՙԳոյներ Նոյն Խճանկարից՚, ՙԳիրս Մնայ Յիշատակող՚, ՙԵրկու Քոյրիկ, Երկու Ուլիկ՚, ՙՀոգու Նոյն Երթուղիներով՚, ՙՏագնապ՚ (բանաստեղծութիւններ), ՙԳոյներ Իրանահայ Աշխարհից՚, ՙԷջեր Փակ Գզրոցներից՚, ՙՔարաւանները Հեռանում Են՚, ՙ80 Երգ Սիրոյ Մասին՚, ՙՉեմ Կարող Լռել՚, ՙՃեպանկարներ Ստամպուլից Եւ Երուսաղէմից՚, ՙԻմ Կածանը Աշխարհի Ճանապարհներին՚, ՙՊարտէզ՚ (մանուկների համար), ՙՊարսից Պոէզիայի Ընտրանիª Սիլվա Կապուտիկեանի Թարգմանութեամբ՚, ՙՀայերգութիւն՚, ՙՍիրերգութիւն՚, ՙԵօթ Տասնեակ Տարի՚, ՙՆա Իր Գոյութամբ Սրբացնում Էր Մթնոլորտը՚, ՙՎերջին Զանգ՚:
Գրական Հարուստ ժառանգութիւն մ’ապաքէն, որուն պատգամախօսի կենսաթրթիռ ապրումներով սրտաբաց անկեղծութեան հասնող հնչերանգները միշտ մնացին վերթեւողª Հայրենիքին ձեռք բերած գիտական ու արուեստի ոլորտներէ ներս նուաճումներուն ի տես:
Եւ Սփիւռքը, Սիլվա Կապուտիկեանի բանականութեան մէն մի տրոփին մէջ, համազգային ողբերգութեամբ ապրուած անքակտելի օղակներով ողջ պատմութիւն մ’է արդարեւ, որուն ՙդեռ քայլող քարաւանային՚ աշխարհասփիւռ զանգուածները, ուր ինք շրջեցաւ, ապրեցաւ անոնց համզգաց վիշտն ու յոյսը եւ գրեց մատեան առ մատեան, ո՛չ յուսաբեկ երգերով, ամէն բանէ առաջ եւ գերիվերª Հայաստանի հողային անվտանգութիւնը տեսնելով մի՛այն միասնականութեամբ դրսեւորուող Սփիւռքի մշակութային կառոյցներու պահպանման մէջ, նոյն ատեն միշտ նախատինք կարդալով պարտուողական ճանապարհներու վրայ դեգերուն եւ ՙպարկ մը փուտ ալիւրով՚ ընտրազանգուած սարքող-սադրող օրուան քաղաքական դաւաճան ու ապիկար այրերուն դէմ…:
Մեծ քերթողին կարապի երգն եղող ՙՎերջին Զանգ՚ը (2006)ª լոյս տեսած իր շիջումէն քիչ առաջ, այն մատեանն է, որուն հրապարակագրական, յուշագրական եւ քերթողական անթառամ էջերը, մեր ժողովուրդը զգաստութեան հրաւիրող, սթափեցնող պոռթկումներով, եկան որպէս գրական աւետարանª 1991-էն ետք անկախութեան տարիներու կորանքի զառիթափին երկնուած ու անցեալի խոշոր նուաճումներէն յետոյ, ոչ թէ ՙորդու պատգամ որպէս՚ª ինչպէս ան գրած էր ուղիղ 80 տարի առաջ, այլª յաւերժազանգ իր ժողովուրդինª ՙՀայկեան նետից մեր սրբազան՚ մինչեւ բոսորագեղ դարերը վաղուան…:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
(Շարունակելի)
ՆԿԱՐ 1.- Սիլվա Կապուտիկեան իր որդւոյնª Արա Շիրազի հետ:
ՆԿԱՐ 2.- Ս. Կապուտիկեան եւ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոս:
ՆԿԱՐ 3.- Ս. Կապուտիկեան Աւետիք Իսահակեանի հտ:
ՆԿԱՐ 4.- Ս. Կապուտիկեան Մարտիրոս Սարեանի հետ: