Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Տաւոսի միջազգային տնտեսական համագումարին ընթացքին ՄԱԿ-ի Փախստականներու բարձր յանձնակատարին ներկայացուցին Արցախէն տեղահանուած հայերուն խնդիրները: Իսկ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի տնօրէնը Հայաստանի նախագահին հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին ընդգծեց, որ Հայաստան վերջին տարիներուն գրանցած է ելեւմտական տպաւորիչ ցուցանիշեր: Խաչատուրեան Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսսիի հետ քննարկեց համագործակցութիւնը հիւլէակա ոլորտին մէջ, ընդգծելով Հայաստանի մէջ կանաչ ուժանիւթի ոլորտի զարգացումին հեռանկարներն ու ծրագրերը:
Հայաստանի նախագահը Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ քննարկեց երկկողմանի համագործակցութիւնը զօրացնելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային ոլորտին մէջ համադրումը, կովկասեան եւ միջինարեւելեան զարգացումները: