Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ՔԱՍՍԱՄԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

January 19, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ՔԱՍՍԱՄԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Համասի ՙՔասսամ՚ զինեալ թիւը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, թէ Լիբանանի հարաւային շրջաններէն իսրայէլեան Լիման զօրամասին ուղղութեամբ արձակած է 20 հրթիռª որպէս հակադարձութիւն Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ իր ղեկավարներէն Սալէհ Արուրիի ահաբեկումին: Քասսամ նաեւ նշեց, որ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին մահացած է իր անդամներէնª Սայտայի Միյէ ու Միյէ գաղթակայանի բնակիչ Ուալիտ Ահմատ Հասանէյնը:

Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը երէկ շարք մը յարձակումներ գործեցին սահմանային Հուլա բնակավայրին վրայ, ուր թիրախաւորեցին ու կործանեցին քաղաքացիներուն պատկանող բնակարաններ: Իսկ իսրայէլեան հրետանին երէկ ծանր հարուածներ հասցուց սահմանային Հապպարիէ, Ռաշայա Ֆըխաար շրջաններուն, որոնց վերեւ նկատուեցաւ անօդաչու թռչող սարքերու մնայուն ներկայութիւնը: Իսկ սահմանի կեդրոնական Ալմա Շաապ գիւղին մէջ իսրայէլեան ռմբակոծութենէն բաժին հասաւ աւետարանական եկեղեցւոյ, որուն մերձակայքը վնասուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ հովիւª պատուելի Ռապիհ Թալէպի բնակարանը: Իսկ սահմանի արեւելեան հատուածի Ուազզանի շրջանին մէջ իսրայէլացիները կրակ բացին այգեգործներուն ուղութեամբ, առանց պատճառելու վիրաւորներ:

Նշենք, որ իսրայէլեան բանակը անցնող օրերուն կը շարունակէ լայնածաւալ զինավարժութիւնները, որոնց նպատակն է ստուգել զինուորներուն պատրաստուածութիւնըª Լիբանանի մէջ ցամաքային լայնածաւալ գործողութիւն մը իրականացնելու որոշումի պարագային:

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԻՔԱԹԻ ՃՆՇՈՒՄ Կ’ՈՒԶԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՐԱՅ

Next Post

ՈՒԺԵՐ-ՀՈՍԱՆՔ ԲԱՆԱՎԷՃ

Next Post
ՈՒԺԵՐ-ՀՈՍԱՆՔ ԲԱՆԱՎԷՃ

ՈՒԺԵՐ-ՀՈՍԱՆՔ ԲԱՆԱՎԷՃ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.