Ամէն անգամ որ լսեմ եւ կարդամ Հայաստանի հայութիւն, ռուսահայութիւն, լիբանանահայութիւն, պոլսահայութիւն, ամերիկահայութիւն, արժանթինահայութին, եւ հիմա, գերաճելովª սպանահայութիւն, շուէտահայութիւն, քուէյթահայութիւն, եւ աշխարհի քարտէսի վրայ եղող բոլոր վայրերու անուններով հայութիւններ, հարց կու տամ, թէ, մարդկային, հասարակական, ընկերային, քաղաքակրթական, մշակութային կամ քաղաքական ո՞ր հիմնաւորումներով մարդիկ եւ հաւաքականութիւնները կը դասուին ընդհանուր բնութագրումով ՀԱՅ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ սահմանումի գլխուն տակ: Հասարակաց ի՞նչ ունին կիւմրեցի, թիֆլիսցի, մարսիլիացի, մոսկուացի, թորոնթոցի, եւ բոլոր քարտէսային անուններով հայերը: Բազմանուն ցուցակներու հայութիւններ, որոնց թիւը ոչ ոք կրնայ ճշդել:
Ի՞նչ են այն հասարակաց արժէքները եւ չափանիշերը, որոնք ներկայացող խառնիճաղանճային կացութենէն կը բխեցնեն հայը եւ հայութիւնը: Աւելի պարզ, ինչպէ՞ս, ինչո՞վ, այդ բազմանուն բազմութիւնները ՄԷԿ են: ՄԻԹԷ՞ ՄԷԿ են, կրնա՞ն ՄԷԿ ըլլալ: Ըլլալ հայ, հայ ժողովուրդ եւ հայ ազգ, ո՞ր հասարակ յայտարարով:
Հայկական ծագում ունեցած ըլլալ կը բաւէ՞ ՀԱՅ ԸԼԼԱԼՈՒ համար:
Խօսինք պարզ: Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը կը կանգնի քանի մը սիւներու վրայ. հայրենիք, միասին ապրուած եւ ժառանգուած պատմութիւն, լայն առումով մշակոյթ, որմէ անանջատելի են կրօնը եւ լեզուն: Բացառութիւն չենք: Այդպէս են անգլիացին, ֆրանսացին, ճափոնցին, արաբը, հնդիկը եւ միւսները: Ազգը կը դադրի այդպիսին ըլլալէ եւ իր ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ փուլ կու գայ, երբ չի հանգչիր այդ չորս սիւներուն վրայ, որոնք ազգը կը պահեն որպէս քաղաքակրթական-քաղաքական ինքնուրոյնութիւն, որ գեղեցիկ բառերով արտայայտուող վերացականութիւն չէ:
Ալասքայէն մինչեւ Ուշուայա, անցնելով Չինաստանէն, Եւրոպայէն եւ Ափրիկէէն, մեծաթիւ եւ փոքրաթիւ հայածնունդներ կան, ընդունուած եզրովª ՙծագումով՚ հայեր, որոնց թիւը, նոյնիսկ մօտաւոր ճշգրտութեամբ, ոչ ոք գիտէ: Միլիոններ: Ասոնք ՙմէկութեա՞ն՚ մաս են, թէ՞ ազատ ՙելեկտրոններ՚ են:
Այլ խօսքով, ծագումով հայ ըլլալ կը բաւէ՞ հայ ըլլալու համար:
Ինչպէ՞ս կը կազմաւորուի ժամանակակից հայութիւնըª որպէս ընկերաքաղաքական գոյութիւն:
Խօսինք պարզութեամբ:
Ազգի գոյութենական արգանդը Հայրենիքն է, ուր եղած են միասին ապրուած եւ ժառանգուած պատմութիւնը, մշակոյթը եւ լեզուն:
Ի՞նչ են առանց Հայրենիքի մարդկային այն խմբաւորումները, որ կը կոչենք Հայկական Սփիւռք: Հարկ է պատասխանել առանց ճապկումներու: Անոնք շիջած կամ շիջելու դատապարտուած անհատներու խմբաւորումներ են: Բնական եւ բնութենական կարգով, անոնք պիտի պատշաճին, պիտի մերուին շրջապատին, որ կլիմայ է, բնութիւն, որոնցմով կը կազմուի կենսաձեւը. արտադրութիւն, արհեստներ, ընկերային յարաբերութիւններ, համագումարª մշակոյթ եւ քաղաքակթութիւն, որոնք կը թելադրուին աշխարհագրութեամբ:
Արշակունեաց եւ Բագրատունեաց թագաւորութիւնները ծով չունէին, չէին կրնար ծովային առեւտուր, նաւեր եւ ծովագնացներ ունենալ, Կիլիկեան թագաւորութիւնը ծով ունէր, ունէր ծովային առեւտուր եւ յարաբերութիւններ: Հայկական հաւաքականութիւնները, երբ իրենց հայրենիքէն կը հեռանան, կը դառնան նոր աշխարհագրութիւններու բնակիչ, ուր կան մարդիկ, զանազան մշակոյթներ, կենցաղներ, անոնք կը խմորուին նոր միջավայրի բարքերով, քաղաքակրթութեամբ, տնտեսութեամբ, լեզուով, կ՛ըլլան այնպէս, որ այլեւս նախկինի շարունակութիւն չեն ըլլար, կ՛ըլլան նոր, տարբեր: Այս փոխակերպումը (mutation) կը կատարուի երկար ժամանակի ընթացքին: Զանազան անուանումներով հայութիւնները իրենց ծագման իnքնուրոյնութիւնը պիտի կորսնցնեն, երեւոյթª որ կը կոչեն ձուլում, ընդունուած բանաձեւումովª assimilation: Ինչ որ կ՛ընենք, որպէս դիմադրական պայքարներ, ժամանակին դէմ թիավարելու փորձ է: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Մեծ եւ պզտիկ երկիրներու քաղաքակրթութիւններու ձուլման հզօրութիւնը անգիտանալ տգիտութիւն է, եւ ժամանակաւոր գեղագիտական-կոսմետիկ նախաձեռնութիւնները միայն այդքա՛ն կրնան ըլլալ:
Ազգ եւ պատմութիւն ունեցող ազգի շարունակութիւն ըլլալ, միտքի մարզանք է, աւելին կը պահանջուի: Առանց հայրենիքի, անոր տէր ժողովուրդի եւ հոն ընկերամշակութային եւ տնեսական ինքնուրոյն կեանքի զարգացման, ազգը հազիւ թէ մրոտած թուղթ է, կամ հերցեան թրթռացում: Որքան ալ հմայիչ, փորձիչ եւ հիւրընկալ ըլլան, Լոս Անճելըսը, Փարիզը, Մարսիլիան, Լիբանանը, Սկանտինաւեան երկիրները, հեռու կամ մօտ այլ աշխարհները, անոնք հայու հայրենիք չեն, չեն կրնար ըլլալ, որքան ալ տեղական հաճոյախօսութիւններով հանդէս գանք եւ ըսենք, որ անոնք երկրորդ հայրենիք են: Անոնց լաւ ապրող եւ գնահատուած քաղաքացիները կրնանք ըլլալ, բայց անոնք իրենց պատմութիւնը ունին, ուր հայերը կը յիշուին որպէս օտար, գաղթական, ապաստանեալ, երբեմն ալ իրենց ծառայութեամբ եւ ձեռք բերած հռչակով գնահատուած, բայց այդ տարածքները ուրիշի հայրենիք են: Հայուն հայրենիքը այն տարածքներն են, ուր հիւսուած է, այդ աշխարհագրութեան մէջ արձանագրուած է հայու ժողովուրդի ինքնուրոյն պատմութիւնը, հոն տեղի ունեցած է Աւարայրի ճակատամարտը, հոն եղած են հայ թագաւորները, անոնց բերդերը եւ պալատները, որ կարելի չէ փոխադրել Սախալին կղզի, Լոս Անճելըս, Փարիզ, Լաս Վեկաս կամ դրախտային Փունթա տէլ Էսթէ: Եթէ այս չհասկնանք, կ՛ընդունինք ըլլալ անինքնութիւն թափառականներ: Ըսել գնչուª վիրաւորական կրնայ համարուիլ:
Հայը ինքնութիւն ունենալու եւ պահելու համար Ի՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՏԷՐ ՊԷՏՔ է ԸԼԼԱՅ ԵՒ ՄՆԱՅ: Այս մարդկային եւ քաղաքական բարոյականութիւն է: Համացանցի պատկերները դիտելով հրճուիլ եւ յուզուիլ կրնայ զգացական հայրենասիրութիւն համարուիլ, բայց այն հայրենատիրւթիւն չէ: Իսկ քաղքենիական զբօսաշրջութիւնը եւ քանի մը արծաթի բարեսիրութիւնը չեն շփոթուիր հայրենատիրութեան հետ, որ սրահ յուզող հայրենասիրական համարուած ճամարտականութիւններէ տարբեր որակ է, կը պահանջէ յանձնառութիւն եւ կ՛իմաստաւորուի յանձնառութեամբ:
Հայուն դիմագծութիւնը կազմուած է ժամանակի ընթացքինª ժողովուրդի կեանքով, որ կը կոչենք պատմութիւն: Եթէ հայը ժառանգորդ եւ իրաւայաջորդ չէ իր նախնիներուն եւ անոնց կտակին, որ հող-հայրենի է եւ բազմաբնոյթ մշակոյթ, եւ ըստ այնմ չգործէ ու չապրի, ինքզինք կը դատապարտէ անհետացած ժողովուրդներու թիւը լրացնելու տխրութեան: Իսկ ինչ որ կը կոչենք պատմութիւն, ժողովուրդի մը քաղաքականութեան եւ պայքարներուն վկայարանն է, անոր ճակտի գիրը, որ հարկ է ստանձնել, մնալու համար պատմութեան բեմին վրայ: Աւելի պարզ. հայը պիտի հասկնայ եւ գործէ որպէս Արշակ, Լեւոն, Արամ, Մեսրոպ, Նարեկացի, ո՛չ որպէս Վերսէնժեթորիքս, Ուաշինկթըն, Աբրահամ Լինքըլն, Չըրչիլ, իր հերոսները Վարդան, Անդրանիկ կը կոչուին, ո՛չ Ժան Մուլէն կամ տը Կոլ, որքան ալ հիանալի ըլլան անոնք: Այսինքնª հայածնունդը հայ ըլլալու համար գիտակցօրէն պիտի ըլլայ շարունակութիւն: Այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ արուեստի, գրականութեան, կրօնի պարագային: Հայածնունդը հայ ըլլալու համար ինքզինք պէտք է տէր համարէ Նարեկացիի, Դուրեանի, Վարուժանի, Չարենցի, եւ իր հոգեկան աշխարհը չհարստացնէ միայն Շէքսփիրով, Վիքթոր Հիւկոյով, որոնք կրնան ըլլալ, սիրելի, մեծ ըլլալ, բայց հայու ինքնութեան շաղախ չեն: Անգլերէնը, ֆրանսերէնը, արաբերէնը հարուստ են, անոնցմով ստեղծուած են հարուստ գրականութիւններ, բայց մեր ինքնութիւնը եւ ոգեկանութիւնը մեր լեզուին մէջ է, անով ստեղծուած գրականութեան: Այս վերաբերումը այլամերժութիւն չէ, այլª ինքնութիւն պահելու գիտակցութիւն, որպէսզի հայը ըլլայ հայ, չայլանայ, մելանի կաթիլի պէս չանհետանայ ուրիշ աւազանի մէջ:
Արդիականութեան ինքնութիւններ հարթող գաղափարաբանութիւններու պատճառով, կ՛անտեսենք կրօնական ազդակը: Բայց իրողութիւն է, որ հակառակ պարտութիւններու, հալածանքներու եւ ճնշումներու, հայ քրիստոնեայ ըլլալ հայու ինքնութեան պահպանման դեր ունեցաւ: Այսօր ալ, ան կրնայ կարեւոր դեր ունենալ, եթէ հայը քրիստոնեայ չըլլայ միայն վարչական եւ ծիսական ըմբռնումով, այլ նաեւ հաւատքի իրաւութեամբ, անով հարստացնելով իր աշխարհընկալումը եւ բարոյականը, հաստատէ, որ ինք սոսկ արտադրող, սպառող եւ զուարճացող չէ, եւ իր գոյութիւնը բնութեան մէկ արկածը չէ: Ինչպէս Փասքալ ըսած է, որ բնութիւնը իր վրայ կ՛իշխէ, բայց այդ չի գիտեր, իսկ մարդը այդ գիտէ: Այսպէս եթէ ըմբռնենք մեր մարդու եւ ազգի անդամի կացութիւնը, հոգեպէս կը հզօրանանք, պարտութիւն եւ նահանջ ըստ այնմ կը գնահատենք, կը նայինք հեռուն եւ կը վերականգնինք:
Հարց է թէ կ՛ուզե՞նք վերականգնիլ: Ինչպէ՞ս վերականգնիլ, երբ լաւ ապրելու իրաւունք ձեռք բերելու համար հայրենիք կը լքենք, տեւաբար կը գաղթենք մէկ երկրէ միւսը:
Կը յիշեմ նախակրթարանի հայերէնի ուսուցիչս մայրենի լեզուի մասին թելադրեց գրութիւն մը, որ կ՛ըսէր. ՙՈ՜վ հայ մայր, քու մանկիկի լեզուաշէնքին ճարտարապետը դուն ես՚: Այսօր պէտք է բարձրաձայնել եւ ըսել. ՙՈ՜վ հայ մարդ, քու հայրենիքիդ տէրն ու պաշտպանը դուն ես՚: Տէր ու պաշտպան: Աւելցնենք. որ այդ չենք կրնար ընել հեռուէն, ըլլալով հեռանիստ: Հեռուէն չնաշխարհիկ կարծիքներ կրնանք յայտնել, անոնք վերացականութիւններ են, տիրութեան հաստութիւն չունին:
Պէտք է կրկին եւ կրկին յիշել Վիգէն Խեչումեանի աստուածաշնչական վճիռը. ՙՕտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ՚: Օսմանի տիրապետութեան տակ այդ հիւրի վիճակին մէջ եղողը կը կոչուէր ՖԼԱՅ, այսօր կը կոչուի ՙքաղաքացի՚, զանազան գոյնի անցագրերու շնորհած իրաւունքով, զանցառելով ինքնուրոյնութիւնը: Ազգի ինքնուրոյնութեան ըմբռնումի լոյսին տակ, տեսակարար (specific) տարբերութիւն կայ շնորհուած քաղաքացիութեան (citizenship) եւ հայու ինքնութեան միջեւ:
Այս հաստատումները կ՛անհանգստացնե՞ն:
Ինչպէ՞ս հիւրի եւ ծառայի վիճակէն դուրս գալու ճանապարհը պիտի տեսնենք, առանց մսկոտութեան պիտի ընտրե՞նք զայն, եւ միասնաբար անոր հունով ընթանանք, որպէսզի մեր մասին օր մը անցեալով չխօսուի:
Հարցումներª ուղղուած բուրգին գագաթը եւ ստորոտը գտնուողներուն, նաեւ անոնցª որոնք բարեսիրութիւն եւ կարգախօսներու հայրենասիրութիւն կը խաղան:
Ազգին հանդէպ իրաւ եւ գիտակցուած յանձնառութիւն է նախ մտածել այս աւագ խնդիրներուն մասին, յանգիլ եզրակացութեան եւ ըստ այնմ գործել, առանց խրելու խօսափողային թութականութիւններու մէջ եւ դադրիլ հանրային ծառայութիւն եւ քաղաքականութիւն շփոթելէ տիւ ու գիշեր երկինքի ճամբաները ակօսելու զբօսին հետ: Եթէ չենք ուշացած անգամ, ժամացոյցի անգութ սլաքները պիտի յիշեցնեն, որ ուշացած ենք: Երբեմն յանդգնութիւն պէտք է ունենալ հարց տալու, թէ ո՞վ եւ որո՞նք են ուշացման եւ անոր հետեւանքներուն պատասխանատու: Դատարկաբանութեամբ չդիտել աթոռախաղերը եւ սփիւռք(ներ)ի բազմապատկութիւնը, որ աւերի հանդէս է, ոչ մէկ բանի յաջողութիւն է: Մի՛շտª ներսի եւ դուրսի համար:
Եւ յիշել դանիացի գրողի Մերկ թագաւորի եւ անոր պալատականներուն պատմութիւնը: Աստ եւ անդ…
Յ. ՊԱԼԵԱՆ