Երկուշաբթի, 15 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսին£
Եպիսկոպոսը Ֆրանսիս պապին եւ Վատիկանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի նախագահ քարտինալ Քոխին կողմէ երկու նամակներ յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին£
Նորին Ս. Օծութեան եւ պապական նուիրակին միջեւ կայացած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտեր փոխանակելու Լիբանանի կացութեան եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան առնչուած վերջին զարգացումներուն մասին£