Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

January 17, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

 

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Զուիցերիա կատարած այցի ծիրին մէջ Ցիւրիխի մէջ աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով հանդիպում ունեցած է հայկական համայնքի  շարք մը ներկայացուցիչներու հետ:

Նախագահը ներկաներուն մանրամասնութիւններ յայտնած է Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներուն ու ելակէտերուն, ընդհանուր իրողութիւններուն վերաբերեալ:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան անդրադարձած է հարաւկովկասեան տարածաշրջանի զարգացումներուն, հարեւաններու հետ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ իրադրութեան: Այս առումով նախագահը ներկայացուցած է Հայաստանի մօտեցումներն ու դիրքորոշումներըª տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու, հարեւաններուն եւ գործընկերներուն հետ փոխվստահութեան մթնոլորտ ու փոխշահաւէտ համագործակցութիւն ձեւաւորելու հեռանկարներուն վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Վահագն Խաչատուրեան անմիջական մթնոլորտի մէջ զրուցած է համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, պատասխանած է անոնց հետաքրքրող հարցումներուն:

Հայաստանի նախագահը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է մասնաւորապէս Հայաստանի տնտեսական կեանքին մէջ առկայ զարգացումներուն, երկրի պաշտպանունակութեան բարձրացման ուղղութեամբ իշխանութիւններու եւ կառավարութեան ձեռնարկած քայլերուն ու ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման վերաբերեալ:

Նախագահնը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու ընկերային եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան միջոցառումներուն ու ծրագրերուն եւ պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն նշած է հայաստանեան իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած այն հիմնական ուղղութիւններն ու սկզբունքները, որոնք դրուած են տեղահանուածներու հիմնախնդիրներու ամբողջական լուծման հասնելու պատկերացումներու հիմքին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ. ԶԱՐԳԱՑՈՂ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՉԸ՚.

Next Post

ԻՍԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ՀՐԱԲՈՒԽԻ ԺԱՅԹՔՈՒՄԷՆ ՅԵՏՈՅ ԼԱՒԱՆ ԼԵՑՈՒԱԾ Է ՔԱՂԱՔ` ՀՐԴԵՀԵԼՈՎ ՏՈՒՆԵՐ

Next Post
ԻՍԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ՀՐԱԲՈՒԽԻ ԺԱՅԹՔՈՒՄԷՆ ՅԵՏՈՅ ԼԱՒԱՆ ԼԵՑՈՒԱԾ Է ՔԱՂԱՔ` ՀՐԴԵՀԵԼՈՎ ՏՈՒՆԵՐ

ԻՍԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ՀՐԱԲՈՒԽԻ ԺԱՅԹՔՈՒՄԷՆ ՅԵՏՈՅ ԼԱՒԱՆ ԼԵՑՈՒԱԾ Է ՔԱՂԱՔ` ՀՐԴԵՀԵԼՈՎ ՏՈՒՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.