ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾԸ ՙWORLD ECONOMIC FORUM՚-ԻՆ ՄԷՋ
Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը յօդուած հրապարակած է Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումի կայքին մէջ` ՙԽաղաղութեան խաչմերուկ. զարգացող աշխարհին մէջ համաշխարհային համագործակցութեան` Հայաստանի կոչը՚ վերտառութեամբ:
Յօդուածին մէջ ՀՀ նախագահը կը ներկայացնէ Հայաստանի ռազմավարական նախաձեռնութիւնները, այդ շարքին` ՙԽաղաղութեան խաչմերուկ՚ նախագիծը, որ ՙկ՛անդրադառնայ ճգնաժամերուն գինը իմանալու կարեւորութեան, յառաջ կը մղէ վստահութեան միջոցով խաղաղութեան կառուցումը եւ կ՛ուսումնասիրէ, թէ իրական ժողովրդավարութիւնը եւ արհեստագիտական նորարարութիւնները ինչպէս կրնան փոխակերպիչ ըլլալ եւ փոխադարձաբար պաշտպանել ու քաջալերել միմեանց՚:
ՙԱյսօրուան բարդ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու եւ համաշխարհային մասնատուած քաղաքականութեան բնանկարի ծիրին մէջ Հայաստանը կը պատկերացնէ աշխարհ, որ կ՛ամրապնդուի համաշխարհային համագործակցութեամբ` նորացուած եւ արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան շրջանակներուն մէջ՚, կը գրէ Վահագն Խաչատուրեան` նշելով, որ Հայաստանը, անցնելով պատմական փոթորիկներու միջով, այժմ աւելի ամուր է, յարմարուած է իրականութեան եւ սորվիլ գոյատեւել:
ՀՀ նախագահը կը գրէ, որ ՙԽաղաղութեան խաչմերուկ՚ նախագիծը կ՛ընդգծէ տնտեսական համագործակցութեան եւ նոր աշխարհակարգին մէջ ընդհանուր արժէքներու կարեւորութիւնը:
ՙՏնտեսական համագործակցութիւնը կը հանդիսանայ համաշխարհային կայունութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման կապող օղակ: Հայաստանը իր հմուտ աշխատուժով եւ կայուն զարգացման յանձնառութեամբ լաւ դիրք ունի զարգացող տնտեսական բնանկարին մէջ կարեւոր դեր խաղալու համար՚, կը գրէ Խաչատուրեան` յաւելելով, որ Հայաստանը աշխուժօրէն կը ձգտի աշխարհի այլ երկիրներու հետ առեւտուրի, ներդրումներու եւ համագործակցութեան:
ՀՀ նախագահը կարեւորութիւն կու տայ ազատութեան, ժողովրդավարական հիմնարկներուն եւ նորարարութիւններուն` որպէս կարեւոր գործիքներ համաշխարհային մարտահրաւէրներուն դիմակայելու եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու միջով նաւարկելու համար:
ՙԺողովրդավարութիւնը, որ շեշտը կը դնէ ներառականութեան եւ համախմբուած որոշումներու կայացման վրայ, հիմք կը ստեղծէ ազգերու միաւորման համար: Արհեստագիտական նորարարութիւնը, երբ կը կիրառուի պատասխանատու կերպով, ունի ներուժ` անհատներուն եւ ազգերուն հնարաւորութիւն տալու յաղթահարել մարտահրաւէրները եւ խթանել դրական փոփոխութիւնները: Հայաստանը հաւատարիմ է ժողովրդավարական արժէքներու պահպանման եւ նորարարութեան լծակներու օգտագործման` որպէս դրական փոփոխութիւններու գործիքներ՚, կը նշէ Խաչատուրեան:
Հայաստանի նախագահը նաեւ կը նշէ, որ Հայաստանը յանձնառու է տեւական խաղաղութիւն կառուցելու գործին:
ՙ21-րդ դարուն աշխարհը կը պայքարի ճգնաժամերու հետ` համաճարակներէն մինչեւ բնապահպանական մարտահրաւէրներ, եւ ճգնաժամի գինի ընդունումը զուտ տնտեսական չէ. այն նաեւ մարդկային եւ բնապահպանական է: Ներկայիս բազմաթիւ ճգնաժամերու ժամանակներուն մէջ եւ աննախադէպ փոխկախուածութեան եւ աշխարհակարգի զարգացող փոփոխութիւններու լոյսի ներքոյ մէկ ազգի ճգնաժամը մարտահրաւէր է բոլորին համար՚, կը գրէ Խաչատուրեան` շեշտելով, որ այս մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար ահռելի նշանակութիւն ունի խաղաղութեան կառուցումը վստահութեան միջոցով:
ՙՀարաւային Կովկասի մէջ վերջին հակամարտութիւնը եւ մարդոց բռնի տեղահանումը որպէս վառ յիշեցում կը ծառայէ այն բանին, թէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները ինչպիսի ազդեցութիւն կրնան ունենալ խաղաղ բնակչութեան վրայ՚, կը յաւելէ ՀՀ նախագահը:
Ան կը շեշտէ, որ Հայաստանը յանձնառու է ճգնաժամի հետեւանքները վերածելու հնարաւորութեան` կառուցելու տեւական խաղաղութիւն եւ յառաջ մղելու տարածաշրջանային համագործակցութիւնը:
ՙՙԽաղաղութեան խաչմերուկ՚ նախագիծը, որ նախաձեռնած է Հայաստանի կառավարութիւնը, մեծ շեշտ կը դնէ փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորման վրայ` որպէս խաղաղութեան հիմք: Աշխուժօրէն ներգրաւուելով հարեւաններու եւ միջազգային գործընկերներու հետ` Հայաստանը կը ձգտի վերականգնել նոր համագործակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ խթանել փոխըմբռնումը ազգերուն միջեւ: Դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու, երկխօսութեան եւ մշակութային փոխանակման միջոցով մենք կը ձգտինք կամրջել տարաձայնութիւնները եւ ստեղծել միջավայր, ուր ազգերը կրնան միասին աշխատիլ` դիմակայելու համաշխարհային մարտահրաւէրներուն՚, գրուած է յօդուածին մէջ:
Այնուհետեւ Վահագն Խաչատուրեանը կը մանրամասնէ ՙԽաղաղութեան խաչմերուկ՚ նախագիծին նպատակները, մասնաւորապէս` տարածաշրջանը վերածել քաղաքական երկխօսութեան, մշակութային փոխանակման եւ միջազգային համագործակցութեան կեդրոնի:
ՙԱյն կը ձգտի անցնիլ աւանդական աշխարհաքաղաքական բաժանումներու սահմանը` խթանելով միջավայր մը, ուր ազգերը կրնան համախմբուիլ` համատեղ լուծելու ընդհանուր մարտահրաւէրները: ՙԽաղաղութեան խաչմերուկ՚ը ունի ներուժ` փակ սահմաններով, մասնատուած տարածաշրջանը վերածելու մաքրոտարածաշրջանային համագործակցութեան հանգոյցի, ազատութիւն տալով Կովկասի ողջ ներուժին՚, կը գրէ Խաչատուրեան:
Ան ներկայիս համաշխարհային մարտահրաւէրներուն համատեղ դիմակայումը կը համեմատէ Նոյեան տապանին հետ` նշելով, որ Հայաստանը ճկունութեան եւ յոյսի իր ժառանգութեամբ ՙկը համապատասխանէ Նոյեան տապանի ոգիին` խորհրդանշելով ժամանակակից տապան մարդկութեան համար՚:
ՙՙԽաղաղութեան խաչմերուկ՚ նախագիծը, որ ոգեշնչուած է խաղաղութեան եւ գործընկերութեան մեր յանձնառութեամբ, կ՛արտացոլացնէ աւելի փոխկապակցուած աշխարհի Հայաստանի տեսլականը, ուր ազգերը միաւորուած են համաշխարհային մարտահրաւէրներու դէմ: Նոյեան տապանի ոգիով եկէ՛ք սկսինք այս հաւաքական ճանապարհորդութիւնը` վառ պահելով յոյսը եւ միասին աշխատելով յանուն կայուն եւ ներդաշնակ ապագայի՚, եզրափակած է ՀՀ նախագահը: