Քիմիկոս Սոֆիա Այտինեանը իր մասնագիտութիւնը սկսաւ սիրել ուսանելէ երեք տարի անց միայն: Սկիզբը Բժշկական համալսարանը դիմած էր, երկու տարի շարունակ կը մասնակցէր ընդունելութեան քննութիւններուն, սակայն վճարովի համակարգին մէջ ընդգրկուելով, ստիպուած եղաւ թողել այս երազանքը:
ՙԾնողներս երկար համոզեցին, ժամանակաւոր հրաժարեցայ բժիշկ դառնալու միտքէն, ընդունուեցայ Երեւանի պետական համալսարանի Քիմիագիտութեան բաժանմունք` մտածելով, որ յետոյ կը փոխեմ Բժշկական համալսարան՚, կ՛ըսէ ան:
Բժիշկ դառնալու չիրականացած երազանքը այդպէս ալ թոյլ չէր տար ճանչնալ քիմիագիտութիւնը: Երեւանի պետական համալսարանի 3-րդ տարուան ուսանող Սոֆիային դասախօսը` փրոֆեսոր Սուրէն Խառատեանը, առաջին անգամ տարաւ Քիմիական բնագիտութեան հիմնարկ: Այրման գործընթացներէն առաջին իսկ փորձէն յետոյ վար դրաւ զէնքերն ու բացաւ դուռները, որոնցմէ այն կողմ ամէն օր նոր բան սորվելու եւ ստեղծելու հնարաւորութիւնն էր:
ՙԱրդէն երկար տարիներէ կը զբաղիմ քիմիագիտութեամբ, սկիզբը չէի պատկերացներ, որ այնքան ընելիք պիտի ունենամ, որ այսքան երկար պիտի մնամ: Հիմա չեմ պատկերացներ կեանքս առանց գիտափորձերու: Միշտ ցանկութիւնը կայ աւելին փորձելու, աւելին տեսնելու: Իսկ Բժշկական համալսարան երթալու երազանքս որոշ չափով իրականացուցի` մէկ ամիս դասաւանդելով այնտեղ՚, կ՛ըսէ ան:
Երեքը մէկի մէջ` գիտաշխատող, դասախօս եւ ուսուցիչ
Սոֆիան գիտաշխատող էր Քիմիական բնագիտութեան հիմնարկի ԲԻՀ (Բարձրջերմաստիճանային ինքնատարածուող համադրութիւն) գործընթացներու ծինային աշխատանոցին մէջ եւ Երեւանի պետական համալսարանի Քիմիագիտութեան բաժանմունքի Անօրկանական քիմիայի ամպիոնին մէջ: Երեւանի պետական համալսարանին մէջ դասախօսելէ զատ, Սոֆիան դասաւանդած է նաեւ աշակերտներուն: Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարան կրթահամալիրին մէջ աշխատանքը սկսած է նախ որպէս քիմիագիտութեան ուսուցիչ, ապա որպէս քիմիագիտութեան ամպիոնի վարիչ եւ առարկայական ծրագրերու ղեկավար, միջազգային պսակաւոր գիտութեանց ծրագրին մէջ խորացուած հոսքի քիմիագիտութեան ուսուցիչ եղած է:
ՙՉէ եղած մէկ օր, որ ձանձրանամ կամ չուզեմ աշխատանքի երթալ: Ես այն երջանիկներէն եմ, որ աշխատավայրէն չի փախչիր: Գիտեմ, որ յաջորդ օրը նոր հետաքրքիր բան պիտի ըլլայ, նոր բան պիտի փորձենք: Հիմա, երբ կը նայիմ ուսանողներուս, կ՛ուզեմ յիշել` ե՞ս ալ կը հիասթափուէի, երբ գիտափորձը չէր յաջողեր: Իմ դասախօսը կ՛ըսէր` չյաջողած փորձն ալ արդիւնք է, նոյնիսկ եթէ չէ յաջողած, դուն անկէ սորվելու բան ունիս: Եղած են, ի հարկէ հիասթափութիւններ, բայց ես ինքզինքս յաջողակ կը համարեմ, իմ ձեռնարկներս անպայման յաղթանակով աւարտի համար կ՛ընեմ՚, կ՛ըսէ Սոֆիան:
ՙԿեղծ համաձուլուածքներ՚` այրման գործընթացներով
Քիմիական բնագիտութեան հիմնարկին մէջ Սոֆիան կը զբաղէր, այսպէս կոչուած, ՙկեղծ համաձուլուածքներու՚ ստացմամբ: Անոնք նոր տիպի, բարձր բնագիտամեխանիկական յատկութիւններով նիւթեր են, որոնք անհրաժեշտ բնութագրերով ստանալու պաարգային կրնան կիրառութիւն գտնել միքրոէլեկտրոնիքայի բնագաւառէն մինչեւ միջուկային համադրութեան ռէաքթորներուն մէջ:
ՙԱռօրեային մէջ յայտնի այրման գործընացներուն մէջ մենք ջերմութիւն կը ստանանք, իսկ այրմամբ համադութեան եղանակով կ՛օգտագործենք տարբեր նիւթերու այսպէս կոչուած ներքին ջերմութիւնը: Սկիզբէն գրաւիչ այս գործընթացներու էութիւնն այն է, որ նիւթերու ստացումը կ՛իրականացուի առանց արտաքին ուժանիւթի աղբիւրներու, առանց ուժանիւթի ծախսերու, չափազանց արագ (քանի մը հարիւր կրամ նիւթ վայրկեաններու ընթացքին), բնապահպանականօրէն անվտանգ եւ անթափօն: Որպէս արդիւնքª մանրահատիկ նիւթեր կը ստացուին` նանոփոշիներ: Բացի անկէ, այն կը բնութագրուի բարձր արտադրողականութեամբ՚, կ՛ըսէ գիտաշխատողը:
Կեղծ համաձուլուածքներու ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ գիտական խումբը օգտագործած է մոլիպտեն եւ պղինձ, որոնցմով հարուստ են Հայաստանի հանքավայրերը:
Երեւանի պետական համալսարանին մէջ Սոֆիան լուծոյթներու այրման գործընթացներով կը զբաղէր, որ նոր ուղղութիւն է այրման հոլովոյթներուն մէջ: Այն խիստ որոշակի կառուցուածքով եւ մաքրութեամբ նանոնիւթերու ստացման եղանակ է:
ՙՄինչ օրս մետաղներու օքսիտներ ստացուած են եւ որոշ մետաղներ, բայց տակաւին ոչ-օքսիտային նանոնիւթեր այս եղանակով չեն ստացուած: Մենք այս ուղղութեամբ արդէն յաջողութիւններ ունինք, քանի որ մօտեցումը գտնուած է, սակայն ընելիքներ դեռ շատ կան փորձարկման հարցով: Մոլիպտենի կարբիդը անհրաժեշտ բնութագրերով ստանալու պարագային այն որպէս քաթալիզաթոր կը փորձարկուի, քանի որ յաճախ կը քննարկուի անոր` ազնիւ թանկարժէք մետաղները փոխարինող քաթալիզաթոր ըլլալու հարցը՚, կը պատմէ գիտաշխատողը:
Դպրոցին գրաւչութիւնն ու գիտափորձերու հնարաւորութիւնները
Դպրոցականներու դասաւանդելու մեծ փորձ ունեցող Սոֆիա Այտինեանը կը պնդէ, որ աշակերտները սորվելու մեծ ձգտում ունին եւ սխալ է պնդումը, թէ այս ՙայս սերունդը սորվիլ չ՛ուզեր՚:
ՙՊարզապէս այնպիսի սերունդ կը մեծնայ, որ ուղղակի կ՛ուզէ հասկնալª ինչո՞ւ համար սորվիլ եւ ի՞նչ պիտի ընէ իր գիտելիքը, այդ ժամանակի հրամայականն է: Մենք այսօր պէտք է փաստերով համոզենք կամ ապացուցենք ուսանողը, որ գիտութիւնը արժէք է: Պէտք է ուսանողները մօտեցնել գիտութեան դարպասներուն, ոչ թէ պատմելով, որ արտերկրի համալսարաններուն մէջ թունելային մանրադիտակով կը հետեւին տարրական մասնիկներուն եւ կ՛ուսումնասիրեն անոնց յատկութիւնները, այլ հնարաւորութիւն տալ իրենց այդ ինքնուրոյն փորձելու՚:
Ըստ Սոֆիայի` յաճախ դպրոցին մէջ դասաւանդող ուսուցիչը չի կրնար քաջալերուած երթալ աշխատանքի, քանի որ այդ ոչ բարոյապէս, ոչ նիւթապէս կը գնահատուի:
Ան կը նկատէ, որ դպրոցներուն մէջ հիմնականին մէջ կը բացակաէին ժամանակակից կահաւորուած աշխատանոցները, եւ դպրոցը երիտասարդ մասնագէտներու համար տակաւին գրաւիչ չէ.
ՙՉնայած Teach for Armenia ծրագիրը կը փորձէր նոր շունչ տալ դպրոցին, համալսարան-դպրոց կապը կը փորձենք ապահովել փոխադարձ այցելութիւններով, բայց անոնք համակարգային լուծումներ չէին, այլª դրուագներ՚:
Գիտութիւնն ու կրթութիւնը` պետութեան գերակայ շահ
Գիտնականին, ինչպէս կը նկատէ Սոֆիան, այժմ գիտութեան մէջ պահողը խանդավառութիւնն է: Անոր խօսքով` խնդիրները շատ են, լուծումն ալ պարզ` պետական հոգածութիւն էր հարկաւոր:
ՙՆախ նոր սարքաւորումներու բացակայութիւնը կը սահմանափակէ գիտական միտքը: Բաներ կան, որ կը մտածես որ պիտի կարենաս ընել, մէկ ալ կը տեսնես, որ ձեռքիդ տակ չունիս այդ հնարաւորութիւնը: Օրինակ, շատ հետաքրքրական արհեստագիտութիւններ կան. 3D տպիչներով անօրկանական նիւթերով որեւէ ձեւով իրեր կը ստանան` նպատակ ունենալով օր մըն ալ այդ ճանապարհով կարենալ մարդկային օրկաններ ստանալ: Սա շատ գրաւիչ ուղղութիւն է, կ’ուզէի նաեւ ասով զբաղիլ՚, կ՛ըսէ ան:
Միւս հարցը այն է, որ գիտութիւնը գրաւիչ չէ երիտասարդներուն համար, քանի որ գիտաշխատողներուն աշխատանքի պայմանները եւ աշխատավարձը հեռու են բաւարար ըլլալէ:
Սոֆիայի բնորոշմամբ` մէկ այլ կարեւոր հարց է գիտաշխատողին ստացած արդիւնքին կիրառութիւնը.
ՙՕրինակ` արտերկրի մէջ, նոյնիսկ համալսարաններուն մէջ, դեռ չեմ ըսեր գիտահետազօտական հիմնարկներու մասին, կան յատուկ մասնագէտներ, որոնք կը զբաղին անոր առեւտրայնացմամբ, իսկ մեր մօտ յաճախ արդիւնքը կը մնայ թուղթի վրայ, լաւագոյն պարագային կ՛աւարտի դրամաշնորհու սահմաններուն մէջ կամ միջազգային վարկանիշ ունեցող ամսագրին մէջ տպագրութեամբ: Իսկ գիտութիւնը, ինչպէս նաեւ կրթութիւնը, պետութեան գերակայ շահը պէտք է ըլլան, հակառակ պարագային որեւէ քայլ յառաջ չենք երթար՚:
ՙMediamax՚
(2017)