Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ

January 17, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ

Լիբանանցի պաշտօնատարներ եւ քաղաքական ղեկավարներ կը շարունակեն երկրի ներքին եւ տարածաշրջանային հարցերը արծարծել օտարազգի դիւանագէտներու հետª լիբանանեան ճգնաժամերը լուծելու համար արտաքին առաջարկներ լսելու ակնկալութեամբ:

Արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Լիզա Ճոնսընի հետ եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է միջնորդելուª մեղմելու համար տարածաշրջանային լարուածութիւնը եւ վերականգնելու Լիբանանի հարաւային գօտիին կայունութիւնը: ՙԱմերիկեան կողմին հետ կը հաղորդակցինք դրական միտումովª յանգելու համար երկարատեւ լուծումներու, որոնք կը պաշտպանեն Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը, միաժամանակ երաշխաւորելով լիբանանցիներունª ընդ որում հարաւի բնակչութեան իրաւունքները՚, ըսաւ Պու Հապիպ:

Իր կարգին, Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ տեսակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպանին հետ: Ժողովականները քնարկեցին Կազայի զարգացումներու լոյսին տակ Լիբանանի հարաւային գօտիին զարգացումները, քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւններըª ներառեալ Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան եւ արմատական բարեփոխումներ իրականացնելու հարցերը: Պասիլ վերստին շեշտեց Լիբանանը շրջանային հակամարտութեան հաւանական ընդարձակումէն զերծ պահելու կարեւորութիւնը, ապա դեսպանին ներկայացուց նախագահի ընտրութեան եւ այլ նիւթերով իր գլխաւորած հոսանքին քաղաքական դիրքորոշումները:

Իսկ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ տեսակցեցաւ Հանրապետութեան մուֆթի շէյխ Ապտըլ Լաթիֆ Տարիանի հետª քննարկելու լիբանանեան եւ պաղեստինեան զարգացումները, Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումները եւ այնտեղ տիրող մարդասիրական վիճակը: Սէուտցի դեսպանը վերահաստատեց, որ Ռիատ կը կանգնի լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան հասատութիւններուն կողքին, խոստանալով ջանք չխնայելª լուծելու համար լիբանանցիներուն դիմագրաւած բազմազան խնդիրները: Հանրապետութեան մուֆթին իր կարգին մաղթեց, որ սէուտական ջանքերը արդիւնաւորուին Լիբանանի Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեամբª վերակազմակերպելու համար պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Սամուէլ Ուըրպըրկ իր կարգին յայտնեց, որ իրենք լիբանանցիներուն նման չեն ուզեր տեսնել տարածաշրջանային հակամարտութեան ընդարձակումը: ՙԱմերիկացի պատուիրակ Ամուս Հոքշթայն Լիբանան ժամանեց հաստատելու այդ մասին՚, ըսաւ Ուըրպըրկ եւ դժգոհեցաւ Հըզպալլայի սահմանային գործողութիւններէն: ՙՀարց կու տանք, թէ Հըզպալլային ո՞վ իրաւասութիւն տուած է յարձակումներ գործելու Իսրայէլի դէմ՚, ըսաւ ամերիկացի բանբերը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԶՈՒԱՐԹՆՈՑ՚ ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐԸ ԱՆՑՈՒՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Next Post

ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԳՐԱՒՈՒՄ

Next Post

ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԳՐԱՒՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.