Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԶՈՒԱՐԹՆՈՑ՚ ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐԸ ԱՆՑՈՒՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

January 15, 2024
in Գաղութային
0
ՙԶՈՒԱՐԹՆՈՑ՚ ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐԸ ԱՆՑՈՒՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

 

Յատուկ խնամքի Կարօտ ՙԶուարթնոց՚ կեդրոնի աշակերտները, նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով ունեցան յիշատակելի օրեր արժանանալով թէ՛ հոգեւոր պետերու, թէ՛ միութիւններու եւ անհատ բարեկամներու գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն սփռող գուրգուրանքին:

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀՕՐ

 

Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց յատուկ խնամքի կարօտ ՙԶուարթնոց՚ կեդրոնի աշակերտները, ընկերակցութեամբ կեդրոնի տնօրէնª նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեանի եւ վարչութեան անդամ Տիկ. Յասմիկ Պզտիկեանի£

Մայրավանք ժամանելովª աշակերտները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հակիրճ աղօթքի պահ ունեցան եւ ստացան Ս. Հաղորդութիւն£ Ապա, Կաթողիկոսարանի պարտէզին մէջ անոնք մտերմիկ հանդիպում ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ, որմէ ետք Հայրապետին ներկայացուցին իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները£

Տնօրէնուհի Վարդինէ Օհանեան երախտիքի խօսքին մէջ վեր առաւ Վեհափառ Հօր հայրական գուրգուրանքը ՙԶուարթնոց՚ կեդրոնին նկատմամբ, շեշտելով որ այս ընդունելութիւնը յիշատակելի պիտի մնայ ոչ միայն աշակերտներուն, այլ նաեւ ծնողներուն մօտ: Աշակերտները ապա բարձրացան Կաթողիկոսարանի սեղանատունը, ուր Վեհափառ Հօր ներկայութեամբ անոնք ունեցան մտերմիկ հանդիպում:

Նորին Սրբութիւնն ու փոքրիկները միասնաբար հատեցին նոր տարուան կարկանդակը, եւ այս առիթով, յանուն ՙԶուարթնոց՚ի մեծ ընտանիքին, տնօրէնուհին Հայրապետին նուիրեց յուշանուէր մը£

Աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ի տես կեդրոնին տարած յոյժ կարեւոր աշխատանքին ու փոքրիկներուն նկատմամբ տածած խնամքին ու հոգատարութեան եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ երկնային օրհնութիւններով լեցնէ կեդրոնը, պահպանէ անոր բնակիչները, տնօրէնութիւնը, բժշկական կազմը, մասնագէտ ուսուցիչները եւ պաշտօնէութիւնը, եւ Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններով յաջողութիւն, ոյժ եւ կորով մաղթեց ՙԶուարթնոց՚ հաստատութեան յառաջիկայ տարուան աշխատանքներուն£

 

 

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՙԶՈՒԱՐԹՆՈՑ՚ ԿԵԴՐՈՆ

 

Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարք օրհնաբեր այցելութիւն տուաւ ՙԶուարթնոց՚ կեդրոն, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով եւ ընդունուեցաւ Կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեանի, ինչպէս նաեւ վարչութեան անդամներ Տիկ. Անի Գալուստի եւ Տիկ. Թամար Տէր Պետրոսեանի կողմէ£

Կեդրոնի տնօրէնը երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան խօսք յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ, մաղթելով քաջառողջութիւն, յաջողութիւն եւ համբերութիւն£ Ան շեշտեց, որ Հոգեւոր Տէրը զանազան առիթներու տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին տեւաբար հետաքրքրուած է ՙԶուարթնոց՚ ի աշխատանքներով եւ իր խորհուրդներով քաջալերած եւ միշտ զօրակցած է կեդրոնի առաքելութեան:

Նկատի ունենալով, որ Հոգեւոր Տէրը առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Կեդրոն, Ան շրջեցաւ ՙԶուարթնոց՚ ի տարբեր բաժանմունքները, այցելեց դասարանները, ապա շրջապատուած աշակերտներով ունեցաւ մտերմիկ զրոյց անոնց հետ: Հոգեւոր Տէրը բարձրօրէն գնահատեց Լիբանանի հայութեան համար յոյժ կարեւոր այս կեդրոնը եւ անոր տնօրէնը, վարչութիւնը եւ պատասխանատուները, միաժամանակ կոչ ուղղելով հաւաքաբար սատարելու անոր գործունէութեան եւ զօրավիգ կանգնելու անոր աշխատանքներու զարգացման:

Հոգեւոր Տէրն ու փոքրիկները միասնաբար հատեցին նոր տարուան կարկանդակը, եւ այս առիթով, յանուն ՙԶուարթնոց՚ի մեծ ընտանիքին, տնօրէնուհին Հոգեւոր Տիրոչ նուիրեց յուշանուէր մը£

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ԴՈԿՏ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՕՍԹԵԱՆ

 

Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2023-ին, ՙԶուարթնոց՚ կեդրոնի աշակերտները, ուսուցիչները, եւ կեդրոնի տնօրէնª Վարդինէ Օհանեան Գէորգեան եւ վարչութեան անդամ Օրդ. Փօլին Սաղըրեան այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան կեդրոնատեղի եւ ՄԱՀԱԵՄ-ի Միութեան տեղապահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանին£

Վեր. Հայտօսթեան գնահատեց Կեդրոնին առաքելութիւնն ու անձնակազմը, եւ մաղթեց անոնց բարեբեր նոր տարի մը£ Իր կարգինª ՙԶուարթնոց՚ կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան խորապէս գնահատեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ եւ Համայնքին նեցուկը ՙԶուարթնոց՚ի սկզբնաւորութենէն մինչեւ օրս£ Յանուն ՙԶուարթնոց՚ի մեծ ընտանիքին, տնօրէնուհին վերապատուելիին նուիրեց յուշանուէր մը£

Իսկ ՙԶուարթնոց՚ի աշակերտները խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելէ ետք իրենց երգերով, տուն վերադարձան յուշանուէրներով£

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ 2 0 2 4

Next Post

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ

Next Post
ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.