Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂª ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ՚ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԷ ՄԻՆՉԵՒ 15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

January 13, 2024
in Հայաստան
0
ՙԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂª ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ՚ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԷ ՄԻՆՉԵՒ 15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

 

ՙԼեռնային Ղարաբաղª վտանգուած հայկական ժառանգութիւն՚ խորագրով բացօթեայ ցուցահանդէսի առանցքին Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող 30 բացառիկ լուսանկար ընդգրկուած է£

Ցուցահանդէսը, որ բացուած է 14 Դեկտեմբերին Փարիզի նշանաւոր Պասթիլի հրապարակին վրայ եւ պիտի գործէ մինչեւ 15 Յունուար, կազմակերպած են Փարիզի քաղաքապետարանն ու ՙL’ouvre d’Orient՚ կաթոլիկ կազմակերպութիւնը: Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման ընթացքին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի քաղաքապետարանին եւ ՙL’ouvre d’Orient՚ կաթոլիկ կազմակերպութեան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին մշտապէս ըլլալու համար եւ նշած է, որ ցուցահանդէսին կազմակերպումը այդ համերաշխութեան հերթական դրսեւորումն է£

Հայաստանի դեսպանը շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտում իրականացնելէ յետոյ այժմ Ատրպէյճանը քայլեր կը ձեռնարկէ վերացնելու այնտեղ հայկական բամահազարամեայ ներկայութեան հետքերը, որոնց խօսուն ապացոյցներն են ցուցադրուող լուսանկարներուն մէջ պատկերուած եկեղեցիները, կոթողներն ու յուշարձանները£ Այս ծիրին մէջ ան առանձնայատուկ կարեւորած է Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հանրահռչակման եւ պահպանման ուղղութեամբ միջազգային ջանքերուն գործադրումը£

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են եւ խօսքով հանդէս եկած են նաեւ Փարիզի փոխքաղաքապետներ Առնօ Նկաչան եւ Գարին Ռոլանը, ՙL’ouvre d’Orient՚ կաթոլիկ կազմակերպութեան նախագահ Ժան-Իվ Թոլօն, նոյն կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն, գերաշնորհ Փասքալ Կոլնիշը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը£

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԱՋԱԿՑԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏԵՂԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ

Next Post

ՓԱՐԻԶ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԳՈՐԾԱՐԱՐԻՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Next Post
ՓԱՐԻԶ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԳՈՐԾԱՐԱՐԻՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

ՓԱՐԻԶ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԳՈՐԾԱՐԱՐԻՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.