Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԱՋԱԿՑԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏԵՂԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ

January 13, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԱՋԱԿՑԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏԵՂԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ

 

ՀՀ կառավարութիւնը հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու մասնագիտական ուսուցման կազմակերպման եւ աշխատանքային փորձ ձեռք բերելու համար աջակցութեան տրամադրման ծրագիրը£ Համապատասխան նախագիծը ներկայացուց աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանը£

Նախարարին խօսքովª ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչ. առաջին բաղադրիչը մասնագիտական ուսուցումն է` անկէ յետոյ առնուազն երեք ամիս պարտադիր աշխատանքի պայմանով, երկրորդ բաղադրիչը վճարովի փորձառական շրջանն էª անկէ յետոյ պարտադիր աշխատանքի տեղաւորում առնուազն երեք ամիսով, եւ երրորդ բաղադրիչըª մասնագիտական ուսուցումն էª անկէ յետոյ վճարովի փորձառական շրջան եւ աշխատանքի տեղաւորում£

Մկրտչեանը ներկայացուց երեք բաղադրիչներու մանրամասնութիւնները.

ՙԱռաջին բաղադրիչի պարագային Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն կ՛առաջարկենք մինչեւ հինգ ամիս տեւողութեամբ մասնագիտական ուսուցում£ Այդ ընթացքին գործատուն պէտք է որոշէ, թէ որ ուսումնական հաստատութեան եւ կրթական կեդրոնին մէջ այդ վերապատրաստումը պէտք է կայացուի£ Մենք այդ ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցին կը տրամադրենք 50 հազար դրամ կրթաթոշակ եւ եւս 50 հազար դրամª ուսման վարձը վճարելու համար£ Այնուհետեւ, երբ կը ներկայացնէ վկայականը, որ ինք անցած է կրթաշրջանը, առնուազն 3 ամիս ժամկէտով պիտի կնքուի աշխատանքային պայմանագիր գործատուի հետ եւ երեք ամսուայ ընթացքին 50 հազար դրամի չափով պիտի փոխհատուցուին գործատուին հարկերը£ Ընդ որում, ե՛ւ ուսման վարձը, ե՛ւ կրթաթոշակը պիտի տրամադրենք մասնակցած օրերուն համար£ Եւ այստեղ մաղ կայ դրուած. եթէ գործատուն աշխատանքային պայմանագիրը չի կնքեր կամ մինչեւ երեք ամիս լրանալը կը չեղարկէ պայմանագիրը, ապա Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցին կը փոխհատուցէ կրթաթոշակի եւ ուսման վարձին գումարը£

Երկրորդ բաղադրիչը կը վերաբերի վճարովի աշխատանքային փորձի ձեռքբերման եւ փորձառական շրջանին£

Գործատուին եւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցին միջեւ կը կնքուի վեց ամիս տեւողութեամբ պայմանագիր, որմէ երեք ամիսը պարտադիր կը դիտարկուի որպէս վճարովի աշխատանքային փորձառութիւն£ Այսինքնª գործատուին ամսական պիտի տրամադրենք 165 հազար դրամª շահառուին աշխատավարձի եւ համապատասխան հարկերը վճարելու համար£ Ընդ որում, հարկերը հանած 120 հազար աշխատավարձ կը մնայ£ Փորձառական շրջանէն յետոյ գործատուն կը պարտաւորուի եւս երեք ամիս շահառուին ապահովել աշխատանքով, որուն դիմաց գործատուին երեք ամիս շարունակ կը վճարուի ամսական առաւելագոյնը 50 հազար դրամ պարտադիր հարկերը վճարելու համար£ Գործատուին եւ շահառուին միջեւ կնքուած աշխատանքային պայմանագիրը մինչեւ վեց ամիսը լրանալը լուծելու պարագային գործատուն կը պարտաւորուի ամբողջութեամբ վերադարձնել աշխատանքային փորձառական շրջանին ընթացքում իրեն տրամադրուած գումարէն շահառուին որպէս աշխատավարձ վճարուած գումարը£

Երրորդ բաղադրիչը կը միաւորէ բոլոր բաղադրիչները£ Այսինքնª մասնագիտական կրթութիւն, վճարովի աշխատանքային փորձառական շրջան եւ աշխատանքի ընդունելու պարտադիր պայման՚, ըսաւ Մկրտչեան£

Նախարարին խօսքովª այս ծրագիրը արդէն իսկ փորձարկուած է. 2016-2020 թուականներու ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած զինուորներուն համար այն արդէն իրականացուած է£

ՙՕրինակª հետեւած ենք աւելի քան մէկ տարի եւ տեսած ենք, որ մեր ծրագրի շահառուներուն 70 տոկոսէն աւելին կը շարունակեն մնալ աշխատաշուկային մէջ, որոնք ե՛ւ կրթութիւն ստացած են, ե՛ւ վերապատրաստուած են նմանատիպ ծրագրերու միջոցով՚, եզրափակեց Մկրտչեան£

Share61Tweet38
Previous Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. ՙՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ԱՄԵՆԱԱՆՎՏԱՆԳ ԵՐԿԻՐ ԸԼԼԱԼԸ՚

Next Post

ՙԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂª ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ՚ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԷ ՄԻՆՉԵՒ 15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

Next Post
ՙԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂª ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ՚ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԷ ՄԻՆՉԵՒ 15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

ՙԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂª ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ՚ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԷ ՄԻՆՉԵՒ 15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.