Համաձայն միջազգային հեղինակաւոր ՆԱՄՊԷՕ (NUMBEO) վերլուծական-տեղեկատուական փորթալի 2023-ին ներկայացուցած ՙյանցաւորութեան եւ անվտանգութեան ցուցակի՚ ամփոփ տուեալներունª Հայաստանը ուսումնասիրուած 142 երկիրներու շարքին կը զբաղեցնէ 7-րդ տեղը (2022-ինª 8, 2018-ինª 18): Երեւան քաղաքը, իր հերթին, 416 քաղաքներէն ընդգրկուած է 20 ամենաանվտանգ քաղաքներու շարքին, իսկ տարածաշրջանին մէջ առաջինն է:
Այս մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին զեկուցած են Ներքին գործերու նախարարութեան մէջ, ներկայացնելով նախարարութեան 2023 թուականի գործունէութեան հաշուետուութիւնը£
Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է արձանագրուած արդիւնքներէն եւ նշած է. ՙԻ հարկէ, այս տուեալները շատ լաւ են, այս փուլին համար մենք գոհ ենք, բայց յոյս ունիմ, որ միջազգային պատկերի առումով շատ աւելի լուրջ խնդիրներ կը դնենք մեր առջեւ£ Այսինքն` եթէ մենք այսօր, ցաւօք, առայժմ միայն ներքին անվտանգութեան իմաստով այս կազմակերպութեան տեսակէտէն 7-րդն ենք, այդ կը նշանակէ, որ խնդիր պէտք է դնենք աւելի յառաջ երթալ, եւ մեր նպատակը պէտք է ըլլայ ամենաանվտանգ երկիր ըլլալը: Եւ նոյնն ալ մայրաքաղաք Երեւանը:
Զբօսաշրջային կազմակերպութիւնները իրենց փաթեթները ձեւաւորելու ատեն այսպիսի բաներուն շատ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն: Պէտք է միշտ մատը զարկերակին վրայ պահել, ուր յետընթաց ունենանք կամ յառաջընթաց չենք ունենարª խորանանք, հասկնանքª ի՞նչն է պատճառը: Ի հարկէ, առաջին հերթին այս գործընթացը կապուած է Ոստիկանութեան եւ Փրկարար ծառայութեան աշխատանքին հետ: Այսինքնª սա ամենակարեւորն է: Մենք ամէն տարի այս ուղենիշը պէտք է ունենանք մեր Փրկարար ծառայութեան եւ Ոստիկանութեան աշխատանքը գնահատելու ատեն՚, ըսած է Փաշինեան: