Լիբանան հասաւ երկրին մէջ ԱՄՆ-ի նոր դեսպան Լիզա Ճոնսընը, ըստ ամերիկեան դեսպանատան յայտարարութեան: Ան նախապէս Նամիպիայի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանն էր ու նաեւ վարած է կարգ մը պաշտօններ Թմրեցուցիչներու միջազգային կազմակերպութեան ու իր երկրի Արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ: Ան ծառայած է Լիբանանի դեսպանատան մէջ 2002 եւ 2004 թուականներուն միջեւ: Դեսպանը յայտարարեց, թէ Լիբանան կու գայ շատ դժուար պայմաններու մէջ, սակայն գիտէ լիբանանցի ժողովուրդին աշխուժութիւնը եւ կարողութիւնըª շրջանցելու համար այս դժուար օրերը: